Ezekiel 48
Lamentations « Ezekiel 47 ‹ Ezekiel 48 › Daniel 1 » Daniel
ԵՐԿՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ ՏՈՀՄԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ
1«Ահա՛ւասիկ տոհմերուն անունները.— հիւսիսի ծայրէն՝ Եթլոնի ճամբային քովէն դէպի Եմաթ երթալով՝ մինչեւ Ասար-Ենան, Դամասկոսի հողամասը դէպի հիւսիս ըլլալով՝ Եմաթի քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմուտք, մէկ բաժին՝ Դանի.
2Դանի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, մէկ բաժին՝ Ասերի.
3Ասերի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, մէկ բաժին՝ Նեփթաղիմի.
4Նեփթաղիմի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, մէկ բաժին՝ Մանասէի.
5Մանասէի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, մէկ բաժին՝ Եփրեմի.
6Եփրեմի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, մէկ բաժին՝ Ռուբէնի.
7Ռուբէնի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, մէկ բաժին՝ Յուդայի։
8«Յուդայի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը պիտի ըլլայ այն բարձրացնելիք ընծան՝ որ պիտի մատուցանէք. ան քսանհինգ հազար եղէգ լայնք պիտի ունենայ, եւ միւս բաժիններէն մէկուն չափ երկայնք, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը. սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։
9Այն բարձրացնելիք ընծան՝ որ Տէրոջ պիտի մատուցանէք, քսանհինգ հազար եղէգ երկայն ու տասը հազար եղէգ լայն պիտի ըլլայ։
10Այս սրբացուած բարձրացնելիք ընծան ասոնց պիտի ըլլայ, այսինքն՝ քահանաներուն. հիւսիսէն՝ երկայնքը քսանհինգ հազար եղէգ, արեւմուտքէն՝ լայնքը տասը հազար, արեւելքէն՝ լայնքը տասը հազար, հարաւէն՝ երկայնքը քսանհինգ հազար. Տէրոջ սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։
11Այս բաժինը Սադովկի որդիներէն սրբացած քահանաներուն պիտի ըլլայ, որ իմ պաշտօնս կատարեցին. երբ Իսրայէլի որդիները մոլորեցան, անոնք չմոլորեցան, ինչպէս Ղեւտացիները մոլորեցան։
12Երկրին բարձրացնելիք ընծայէն՝ այս բարձրացնելիք ընծան անոնց համար ամենասուրբ պիտի ըլլայ՝ Ղեւտացիներու հողամասին քով։
13Քահանաներուն հողամասին քով՝ Ղեւտացիներուն բաժինը քսանհինգ հազար եղէգ երկայնք ու տասը հազար լայնք պիտի ունենայ. ամբողջ երկայնքը քսանհինգ հազար պիտի ըլլայ, եւ լայնքը՝ տասը հազար։
14Անկէ պիտի չծախեն, ո՛չ ալ փոխանակեն. երկրին 1երախայրիքը ուրիշի պիտի չփոխանցեն, որովհետեւ ան Տէրոջ 2վերապահուած է։
15«Քսանհինգ հազարին քով լայնքէն մնացած հինգ հազարը անսուրբ տեղ պիտի ըլլայ՝ քաղաքին համար, բնակութեան համար եւ արուարձաններուն համար. քաղաքը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։
16Ահա՛ւասիկ անոր չափերը.— հիւսիսային կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եղէգ, հարաւային կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր, արեւելեան կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր, եւ արեւմտեան կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր։
17Քաղաքին արուարձանին չափը դէպի հիւսիս՝ երկու հարիւր յիսուն եղէգ պիտի ըլլայ, դէպի հարաւ՝ երկու հարիւր յիսուն, դէպի արեւելք՝ երկու հարիւր յիսուն, ու դէպի արեւմուտք՝ երկու հարիւր յիսուն։
18Սրբացուած բարձրացնելիք ընծային քով՝ երկայնքէն մնացածը դէպի արեւելք տասը հազար եղէգ է, ու դէպի արեւմուտք՝ տասը հազար. ան սրբացուած բարձրացնելիք ընծային քով է, եւ անոր բերքը քաղաքին ծառայողներուն 3կերակուր պիտի ըլլայ։
19Զայն պիտի մշակեն Իսրայէլի բոլոր տոհմերէն եկած քաղաքին ծառայողները։
20«Ամբողջ բարձրացնելիք ընծան քսանհինգ հազարով քսանհինգ հազար պիտի ըլլայ. սրբացուած բարձրացնելիք ընծան — քառակուսի մը — պիտի մատուցանէք քաղաքին կալուածին հետ։
21«Մնացածը իշխանին պիտի ըլլայ, սրբացուած բարձրացնելիք ընծային ու քաղաքին կալուածին մէկ կողմը եւ միւս կողմը. բարձրացնելիք ընծային քսանհինգ հազարին դիմաց՝ մինչեւ արեւելեան սահմանը, ու դէպի արեւմուտք քսանհինգ հազարին դիմաց՝ մինչեւ արեւմտեան սահմանը, տոհմերուն բաժիններուն քով՝ իշխանին պիտի ըլլայ։ Ասիկա պիտի ըլլայ սրբացուած բարձրացնելիք ընծան, ու 4տաճարին սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։
22Իշխանին բաժինին մէջտեղը եղող Ղեւտացիներուն կալուածէն ու քաղաքին կալուածէն դուրս՝ Յուդայի սահմանին ու Բենիամինի սահմանին միջեւ ինչ որ կայ՝ իշխանին պիտի ըլլայ»։
ՈՒՐԻՇ ՏՈՀՄԵՐՈՒ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐԸ
23«Մնացած տոհմերուն անունները.— արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, մէկ բաժին՝ Բենիամինի.
24Բենիամինի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, մէկ բաժին՝ Շմաւոնի.
25Շմաւոնի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, մէկ բաժին՝ Իսաքարի.
26Իսաքարի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, մէկ բաժին՝ Զաբուղոնի.
27Զաբուղոնի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, մէկ բաժին՝ Գադի.
28Գադի սահմանին քով, հարաւային կողմը՝ դէպի հարաւ երկրին սահմանը 5կ’երկարի Թամարէն մինչեւ Վիճաբանութեան ջուրերը՝ Կադէսի մէջ, ու կը հասնի մինչեւ մեծ ծովը թափուող վտակը։
29Ա՛յս է այն երկիրը, որ Իսրայէլի տոհմերուն վիճակով պիտի բաժնէք իբր ժառանգութիւն. ասո՛նք են անոնց բաժինները», կը պատգամէ Տէրը՝ Եհովան։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԴՌՆԵՐԸ
30«Ահա՛ւասիկ քաղաքին ելքերը.— հիւսիսային կողմին չափը չորս հազար հինգ հարիւր եղէգ ըլլալով,
31(քաղաքին դռները Իսրայէլի տոհմերուն անուններուն համեմատ պիտի ըլլան,) երեք դուռ պիտի ունենայ դէպի հիւսիս. մէկ դուռ՝ Ռուբէնի, մէկ դուռ՝ Յուդայի, ու մէկ դուռ՝ Ղեւիի անունով։
32Արեւելեան կողմը չորս հազար հինգ հարիւր եղէգ ըլլալով՝ երեք դուռ պիտի ունենայ.— մէկ դուռ՝ Յովսէփի, մէկ դուռ՝ Բենիամինի, ու մէկ դուռ՝ Դանի անունով։
33Հարաւային կողմին չափը չորս հազար հինգ հարիւր եղէգ ըլլալով, երեք դուռ պիտի ունենայ.— մէկ դուռ՝ Շմաւոնի, մէկ դուռ՝ Իսաքարի, ու մէկ դուռ՝ Զաբուղոնի անունով։
34Արեւմտեան կողմն ալ չորս հազար հինգ հարիւր եղէգ ըլլալով՝ երեք դուռ պիտի ունենայ.— մէկ դուռ՝ Գադի, մէկ դուռ՝ Ասերի, ու մէկ դուռ՝ Նեփթաղիմի անունով։
35Շրջագիծը տասնութ հազար եղէգ է, եւ այդ օրէն քաղաքին անունը 6Եհովա- Շամա պիտի ըլլայ»։