Loading...

Hosea 1

Daniel  «  Daniel 12  ‹  Hosea 1  ›  Hosea 2  »  Joel


1

Տէրոջ խօսքը, որ Բէերիի որդիին՝ Ովսէէի 1ուղղուեցաւ, Յուդայի թագաւորներուն՝ Ոզիայի, Յովաթամի, Աքազի ու Եզեկիայի օրերը, եւ Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովասի որդիին Յերոբովամի օրերը.—


ՈՎՍԷԷԻ ԿԻՆՆ ՈՒ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ

2

Ովսէէի միջոցով ուղղուած Տէրոջ խօսքին սկիզբը.— Տէրը Ովսէէի ըսաւ. «Գնա՛, քեզի 2պոռնկո՛ղ կին մը ու պոռնկութեա՛ն զաւակներ առ, քանի որ երկիրը Տէրոջմէն հեռանալով՝ չափազանց պոռնկեցաւ»։

3

Ուստի գնաց ու Դաբելայիմի աղջիկը՝ Գոմերը առաւ. ան ալ յղացաւ եւ իրեն որդի մը ծնաւ։

4

Տէրը իրեն ըսաւ. «Անոր անունը Յեզրայէ՛լ կոչէ, որովհետեւ քիչ ատենէն Յեզրայէլի մէջ թափուած արիւնին համար Յէուի տունը պիտի 3պատժեմ, եւ Իսրայէլի տան թագաւորութիւնը պիտի դադրեցնեմ։

5

Այդ օրը Յեզրայէլի հովիտին մէջ Իսրայէլի աղեղը պիտի կոտրեմ»։

6

Գոմեր դարձեալ յղացաւ եւ աղջիկ մը ծնաւ։ Տէրը իրեն ըսաւ. «Անոր անունը 4Լօ- Րուհամա՛ կոչէ, քանի որ ա՛լ պիտի չգթամ Իսրայէլի տան, 5հապա զայն բոլորովին պիտի վերցնեմ՝՝։

7

Բայց Յուդայի տան պիտի գթամ, ու զանոնք պիտի փրկեմ Տէրոջմով՝ իրենց Աստուծմով. զանոնք աղեղով, կամ սուրով, կամ պատերազմով, ձիերով կամ ձիաւորներով պիտի չփրկեմ»։

8

Երբ Լօ-Րուհաման կաթէն կտրեց, դարձեալ յղացաւ եւ որդի մը ծնաւ։

9

Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Անոր անունը 6Լօ-Ամմի՛ կոչէ, որովհետեւ դուք իմ ժողովուրդս չէք, ու ես ձեր Աստուածը պիտի չըլլամ»։


ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻ

10

«Սակայն Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազին պէս պիտի ըլլայ, որ չի չափուիր ու չի հաշուուիր։ Այն տեղը՝ ուր անոնց ըսուեցաւ. “Դուք իմ ժողովուրդս չէք”, հոն անոնք պիտի կոչուին. “Ապրող Աստուծոյ որդիները”։

11

Յուդայի որդիներն ու Իսրայէլի որդիները պիտի հաւաքուին, իրենց վրայ 7գլխաւոր մը պիտի նշանակեն, ու երկրէն պիտի բարձրանան, քանի որ Յեզրայէլի օրը մեծ պիտի ըլլայ»։



1 Եբր.՝ եղաւ
2 Եբր.՝ պոռնկութեա՛ն
3 Եբր.՝ հատուցանեմ
4 Այսինքն՝ Գթութիւն չգտած
5 Կամ՝ որ անոնց տակաւին ներեմ
6 Այսինքն՝ Ոչ իմ ժողովուրդս
7 Եբր.՝ միակ գլխաւոր