Isaiah 7
Song of Solomon « Isaiah 6 ‹ Isaiah 7 › Isaiah 8 » Jeremiah
ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ
1Յուդայի թագաւորին՝ Ոզիայի որդիին՝ Յովաթամի որդիին՝ Աքազի օրերը, Սուրիայի Ռասին թագաւորն ու Իսրայէլի թագաւորը — Ռովմելայի որդին՝ Փակէէ — Երուսաղէմ բարձրացան՝ անոր դէմ պատերազմելու. բայց չկրցան անոր դէմ պայքարիլ։
2Երբ Դաւիթի տան հաղորդուեցաւ թէ Սուրիա 1Եփրեմի հետ դաշնակցեցաւ՝՝, անոր սիրտը եւ անոր ժողովուրդին սիրտը ցնցուեցաւ, ինչպէս անտառին ծառերը հովէն կը ցնցուին։
3Ուստի Տէրը Եսայիի ըսաւ. «Հիմա դո՛ւրս ելիր Աքազը դիմաւորելու, դուն ու որդիդ՝ 2Սէար- Յասուբ, վերի աւազանին ջրմուղին եզերքը՝ 3Թափիչին արտին պողոտային վրայ,
4եւ ըսէ՛ անոր. “Զգուշացի՛ր որ հանդարտ 4մնաս. Մի՛ վախնար ու թուլասիրտ մի՛ ըլլար Այս երկու մխացող 5խանձողի 6ծայրերէն, Այսինքն՝ Ռասինի ու Սուրիայի Եւ Ռովմելայի որդիին բորբոքած բարկութենէն։
5Քանի Սուրիա, Եփրեմ ու Ռովմելայի որդին Քու մասիդ չար ծրագիր ունեցան եւ ըսին.
6"Յուդայի դէմ բարձրանա՛նք ու զայն ահաբեկե՛նք Զայն մեզի 7հպատակեցնենք՝՝, Յետոյ անոր մէջ Տաբէէլի որդին թագաւո՛ր նշանակենք",
7Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. "8Այս ծրագիրը՝՝ պիտի չհաստատուի ու 9չկատարուի։
8Արդարեւ Սուրիայի գլուխը Դամասկոս է, Եւ Դամասկոսի գլուխը Ռասին է. Վաթսունհինգ տարուան մէջ Եփրեմ պիտի կոտորուի, ա՛լ ժողովուրդ պիտի չըլլայ.
9Եփրեմի գլուխը Սամարիա է, Ու Սամարիայի գլուխը Ռովմելայի որդին է. Եթէ չհաւատաք, 10հաստատուն պիտի չըլլաք"”»։
ԷՄՄԱՆՈՒԷԼԻՆ ՆՇԱՆԸ
10Տէրը դարձեալ խօսեցաւ Աքազի եւ ըսաւ.
11«Տէրոջմէն՝ քու Աստուծմէդ նշա՛ն մը խնդրէ քեզի համար. Խորութեա՛ն մէջ խնդրէ, կամ վերի բարձրութեան մէջ»։
12Բայց Աքազ ըսաւ. «Չեմ խնդրեր, ու Տէրը չեմ փորձեր»։
13Այն ատեն ան ըսաւ. «Ուրեմն լսեցէ՛ք, ո՛վ Դաւիթի տունը. Քի՞չ բան 11կը թուի՝՝ ձեզի մարդիկ ձանձրացնել, Որ իմ Աստուածս ալ պիտի ձանձրացնէք։
14Ուստի Տէրը ի՛նք նշան մը պիտի տայ ձեզի. Ահա՛ 12կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, Եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչէ։
15Ան կոգի ու մեղր պիտի ուտէ, Մինչեւ որ գիտնայ չարը մերժել եւ բարին ընտրել։
16Արդարեւ տղան չարը մերժելն ու բարին ընտրելը գիտնալէն առաջ՝ Պիտի լքուի այն 13երկիրը՝ Որուն երկու թագաւորներէն դուն կ’ահաբեկիս։
17Տէրը քու վրադ, քու ժողովուրդիդ վրայ Եւ քու հօրդ տան վրայ այնպիսի օրեր պիտի բերէ, Որ Եփրեմի Յուդայէն հեռացած օրէն ի վեր եկած չեն, Այսինքն՝ Ասորեստանի թագաւորը»։
18Այդ օրը Տէրը պիտի սուլէ Եգիպտոսի գետերուն ծայրը եղած ճանճերուն Եւ Ասորեստանի երկրին մէջ եղած մեղուներուն,
19Բոլորն ալ պիտի գան ու 14բանակին Ամայի ձորերուն եւ ժայռերու ծակերուն մէջ, Բոլոր թուփերուն ու բոլոր մարգագետիններուն վրայ։
20Այդ օրը Տէրը՝ վարձուած ածելիով, Այսինքն՝ Եփրատ գետին միւս կողմը եղող Ասորեստանի թագաւորով, Գլուխն ու ոտքերուն մազը պիտի ածիլէ. Մօրուքն ալ բոլորովին 15պիտի սափրէ՝՝։
21Այդ օրը՝ մարդ մը, Մէկ երինջ ու երկու ոչխար պահելով,
22Անոնց տուած կաթին առատութենէն կոգի պիտի ուտէ, Որովհետեւ երկրին մէջ բոլոր մնացողները Կոգի ու մեղր պիտի ուտեն։
23Եւ այդ օրը, Ամէն տեղ ուր հազար որթատունկ կար՝ հազար սիկղ արծաթի արժէքով, Ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի։
24Նետերով եւ աղեղներով հոն պիտի գան, Որովհետեւ ամբողջ երկիրը ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի.
25Եւ այն բոլոր լեռները՝ որ բրիչով կը բրուէին, 16Ցախի ու փուշի վախը հոն պիտի չերթայ. Արջառներու 17արօտ եւ ոչխարներու կոխան պիտի ըլլան։