Isaiah 9
Song of Solomon « Isaiah 8 ‹ Isaiah 9 › Isaiah 10 » Jeremiah
ԱՊԱԳԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1Բայց այնպէս մէգ պիտի չըլլայ՝ ինչպէս տուայտանքի ժամանակը, Երբ նախապէս անարգեց Զաբուղոնի երկիրն ու Նեփթաղիմի երկիրը. Հապա յետագային պիտի փառաւորէ ծովուն ճամբան, Յորդանանի միւս կողմը, հեթանոսներու Գալիլեան։
2Խաւարի մէջ քալող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, Մահուան շուքին երկիրը բնակողներուն վրայ լոյս ծագեցաւ։
3Ազգը բազմացուցիր, անոր ուրախութիւնը մեծցուցիր. Անոնք քու առջեւդ կ’ուրախանան՝ հունձքի ատենի ուրախութեան պէս, Ինչպէս կը խայտան երբ աւար կը բաժնեն.
4Քանի որ անոր ծանր լուծը, Ուսին գաւազանը, Ու զայն ճնշողին ցուպը Կոտրեցիր՝ Մադիամի օրուան պէս։
5Արդարեւ 1շաչիւնով պատերազմողներուն բոլոր 2զէնքերը Եւ 3արիւնաթաթախ հանդերձները Պիտի այրին ու կրակի ճարակ ըլլան։
6Որովհետեւ մեզի զաւակ մը ծնաւ, Մեզի որդի մը տրուեցաւ, Եւ գերիշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ. Անոր անունը պիտի կոչուի. “Սքանչելի խորհրդական, Հզօր Աստուած, Յաւերժութեան հայր, Խաղաղութեան 4իշխան”։
7Անոր գերիշխանութեան մեծնալուն ու խաղաղութեան 5սահման պիտի չըլլայ՝ Դաւիթի գահին վրայ եւ անոր թագաւորութեան վրայ, Որպէսզի զայն իրաւունքով ու արդարութեամբ հաստատէ եւ ամրապնդէ՝ Հիմա եւ յաւիտեան։ Զօրքերու Տէրոջ նախանձախնդրութիւնը պիտի կատարէ ասիկա։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
8Տէրը Յակոբի պատգամ ղրկեց, Եւ ան Իսրայէլի վրայ իջաւ։
9Ամբողջ ժողովուրդը պիտի տեղեկանայ, Այսինքն՝ Եփրեմ ու Սամարիայի բնակիչները, Որոնք յոխորտանքով եւ սիրտի մեծամտութեամբ կ’ըսեն.
10«Աղիւսները ինկան, Բայց մենք տաշուած քարերով պիտի կառուցանենք. Ժանտաթզենիները կտրուեցան, Բայց մենք զանոնք մայրիներով պիտի փոխարինենք»։
11Սակայն Տէրը անոր դէմ Ռասինի հակառակորդները պիտի հանէ, Եւ անոր թշնամիները պիտի 6գրգռէ.—
127Ասորիները՝ 8արեւելքէն, Փղշտացիները՝ 9արեւմուտքէն. Անոնք լեցուն բերանով Իսրայէլը պիտի ուտեն։ Հակառակ այս բոլորին՝ անոր բարկութիւնը չկասեցաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկարած է։
13Արդարեւ ժողովուրդը զինք զարնողին չի դառնար, Եւ զօրքերու Տէրը չի փնտռեր։
14Տէրն ալ Իսրայէլի գլուխն ու պոչը, Արմաւենիի ճիւղն ու կնիւնը Մէկ օրուան մէջ պիտի կտրէ։
15(Երէցն ու պատուաւոր մարդը գլուխն է, Իսկ ստութիւն սորվեցնող մարգարէն պոչն է։)
16Այս ժողովուրդին առաջնորդները զինք կը մոլորեցնեն, Եւ անոնցմէ առաջնորդուածները կը կլլուին։
17Այս պատճառով Տէրը անոր երիտասարդներով պիտի չուրախանայ, Ու անոր որբերուն եւ այրիներուն պիտի չգթայ. Արդարեւ բոլորն ալ կեղծաւոր ու չարագործ են, Եւ ամէն բերան անզգամութիւն կը խօսի։ Հակառակ այս բոլորին՝ անոր բարկութիւնը չկասեցաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկարած է։
18Արդարեւ ամբարշտութիւնը կրակի պէս կ’այրէ, Ցախերն ու փուշերը կը սպառէ, Անտառին թաւուտները կ’այրէ, Եւ անոնք կը ցնդին վեր ելլող մուխի պէս։
19Զօրքերու Տէրոջ ցասումէն երկիրը պիտի 10այրի, Ու ժողովուրդը կրակի ճարակ եղած պիտի թուի. Ո՛չ մէկը իր եղբօր պիտի խնայէ։
20Աջ կողմը եղածը պիտի 11յափշտակէ եւ անօթի մնայ. Ձախ կողմինն ալ պիտի ուտէ ու չկշտանայ. Ամէն մարդ իր բազուկներուն միսը պիտի ուտէ։
21Մանասէ Եփրեմը պիտի ուտէ, ու Եփրեմ՝ Մանասէն. Անոնք միասին Յուդայի վրայ պիտի յարձակին։ Հակառակ այս բոլորին՝ անոր բարկութիւնը չկասեցաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկարած է։