Isaiah 10
Song of Solomon « Isaiah 9 ‹ Isaiah 10 › Isaiah 11 » Jeremiah
1
Վա՜յ անոնց՝ որ անօրէն կանոններ կը դնեն, Եւ 1անիրաւ որոշումներ կու տան՝՝,
2Որպէսզի չքաւորներուն դատը ծռեն, Եւ իմ ժողովուրդիս դժբախտներուն իրաւունքը յափշտակեն. Որպէսզի այրիները իրենց աւար ըլլան, Ու որբերը կողոպտեն։
3Ուրեմն ի՞նչ պիտի ընէք 2պատիժի օրը, Եւ հեռուէն գալիք աւերումին ատենը. Օգնութեան համար որո՞ւ պիտի դիմէք, Ու ձեր փառքը ո՞ւր պիտի թողուք։
4Առանց ինծի՝ բանտարկեալներուն 3մէջ պիտի ծռին, Եւ ջարդուածներուն մէջ պիտի իյնան։ Հակառակ այս բոլորին՝ անոր բարկութիւնը չկասեցաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկարած է։
ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՐԾԻՔ
5Վա՜յ Ասորեստանի թագաւորին՝ որ իմ բարկութեանս ցուպը եղաւ, Եւ որուն ձեռքի գաւազանը իմ սրտմտութիւնս է։
64Կեղծաւոր ազգի մը դէմ պիտի ղրկեմ զայն, Ու 5զիս զայրացնող՝՝ ժողովուրդին դէմ պատուէր պիտի տամ անոր՝ Որ աւարը յափշտակէ եւ կողոպուտը գրաւէ, Ու զանոնք փողոցներուն 6ցեխին պէս կոխկռտէ։
7Բայց ինք այդպէս չի 7խորհիր, Իր սիրտով այդպէս չի մտածեր. Հապա 8կը մտադրէ՝՝ որ բնաջնջէ, Եւ շատ ազգեր կոտորէ,
8Որովհետեւ կ’ըսէ. «Միթէ իմ իշխանաւորներս բոլորն ալ թագաւորներ չե՞ն.
9Քաղանէ Քարքամիսի պէս չէ՞. Եմաթ Արփաթի պէս չէ՞. Սամարիա Դամասկոսի պէս չէ՞։
10Քանի իմ ձեռքս 9տիրեց կռապաշտ թագաւորութիւններուն՝՝, Որոնց 10կուռքերը Երուսաղէմի ու Սամարիայի կուռքերէն աւելի շատ էին,
11Միթէ Երուսաղէմի եւ անոր կուռքերուն ալ պիտի չընե՞մ Ինչ որ Սամարիայի ու անոր չաստուածներուն ըրի»։
12Երբ Տէրը Սիոն լերան վրայ Ու Երուսաղէմի մէջ իր ամբողջ գործը լրացնէ, Ես պիտի 11պատժեմ Ասորեստանի թագաւորին մեծամիտ սիրտին պտուղը, Եւ անոր գոռոզ աչքերուն պարծանքը.
13Արդարեւ ան կ’ըսէ. «Ես ի՛մ ձեռքիս ոյժով Եւ ի՛մ իմաստութեամբս ըրի ասիկա, Որովհետեւ ես խելացի եմ։ Ժողովուրդներուն սահմանները վերցուցի, Անոնց գանձերը կողոպտեցի, Ու հզօրի պէս բնակիչները նուաճեցի։
14Ի՛մ ձեռքս ժողովուրդներուն 12հարստութիւնը բոյնի պէս գտաւ. Ամբողջ 13երկրագունդը ժողվեցի, Ինչպէս մէկը կը ժողվէ լքուած հաւկիթները, Եւ ո՛չ մէկը թեւը շարժեց, Կամ կտուցը բացաւ, կամ ճըւճըւաց»։
15Միթէ տապարը իրմով տաշող մարդուն դէմ կը 14պարծենա՞յ՝՝, Կամ սղոցը զինք գործածողին դէմ 15կը հպարտանա՞յ՝՝. Որպէս թէ ցուպը զինք վերցնողները 16շարժէր, Կամ թէ գաւազանը բարձրացնէր ա՛ն՝ որ փայտ չէ։
16Հետեւաբար Տէրը՝ զօրքերու Տէրը՝ 17Գէր մարդոց նիհարութիւն պիտի ղրկէ, Ու անոր փառքին տակ հրդեհ մը պիտի վառէ՝ Բորբոքած հրդեհի պէս։
17Իսրայէլի Լոյսը կրակ պիտի ըլլայ, Եւ անոր Սուրբը՝ բոց։ Մէկ օրուան մէջ անոր փուշերն ու ցախերը Այրելով պիտի սպառէ։
18Անոր անտառին ու բարեբեր արտին փառքը, Անձն ու մարմինը, պիտի 18հատցնէ, Եւ ան 19ծիւրող հիւանդի՝՝ պէս պիտի ըլլայ։
19Անոր անտառին մէջ մնացած ծառերը քիչ պիտի ըլլան, Այնպէս որ 20մանուկ մը պիտի կարենայ զանոնք արձանագրել։
ՈՄԱՆՔ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ
20Այդ օրը՝ Իսրայէլի մնացորդը Ու Յակոբի տան ազատուածները Անգա՛մ մըն ալ պիտի 21չապաւինին զիրենք զարնողին, Հապա ճշմարտութեամբ պիտի ապաւինին Տէրոջ՝ Իսրայէլի Սուրբին.
21Մնացորդը՝ Յակոբի մնացորդը՝ Հզօր Աստուծոյն պիտի վերադառնայ։
22Արդարեւ քու ժողովուրդդ, ո՛վ Իսրայէլ, թէեւ ծովու աւազին չափ ըլլայ, Միայն անոնցմէ մնացորդ մը պիտի վերադառնայ։ Վճռուած 22բնաջնջումը արդարութեամբ պիտի յորդի,
23Որովհետեւ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան՝ ամբողջ երկրին մէջ Վճռուած բնաջնջում մը պիտի իրագործէ։
ՏԷՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ
24Հետեւաբար զօրքերու Տէրը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. «Ո՛վ Սիոնի մէջ բնակող ժողովուրդս, Մի՛ վախնար Ասորեստանցիէն. Ան քեզ ցուպով պիտի զարնէ, Եւ իր գաւազանը քու վրադ պիտի վերցնէ՝ 23Եգիպտացիներուն նման՝՝։
25Բայց շատ քիչ ժամանակի մէջ իմ սրտմտութիւնս պիտի 24դադրի, Ու բարկութիւնս զանոնք պիտի կործանէ։
26Զօրքերու Տէրը անոր վրայ խարազան մը պիտի 25վերցնէ՝ Մադիամի հարուածին պէս՝ Օրէբի վէմին քով. Իր գաւազանը ծովուն վրայ պիտի վերցնէ, Ինչպէս ըրաւ Եգիպտոսի 26մէջ։
27Այդ օրը՝ անոր բեռը քու ուսէդ պիտի վերցուի, Եւ անոր լուծը՝ քու վիզէդ. Լուծը պիտի 27կոտրի 28օծումին պատճառով՝՝»։
ԱՍՊԱՏԱԿՈՂԸ ԿԸ ՅԱՐՁԱԿԻ
28Անգէ քաղաքը հասաւ, Մագրոն անցաւ, Եւ իր գոյքերը Մաքմասի մէջ տեղաւորեց։
29Անցքէն անցան, Գաբայի մէջ 29իջեւանեցան. Ռամա սարսռաց, Սաւուղի Գաբաան փախաւ։
3030Ձայնդ բարձրացո՛ւր՝՝, ո՛վ Գաղղիմի աղջիկ. Ուշադի՛ր եղիր, ո՛վ Լայիս. 31ո՛վ դժբախտ Անաթովթ՝՝։
31Մադմենա 32հեռացաւ, Գեբեմի բնակիչները փախան։
32Տակաւին 33օր մը՝՝ Նոբի մէջ պիտի կենայ, Ձեռքը պիտի 34շարժէ Դէպի Սիոնի աղջիկին լեռը, Երուսաղէմի բլուրը։
33Ահա՛ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան 35Սաստկութեամբ պիտի կոտրէ գեղեցիկ շառաւիղները. Բարձրահասակները պիտի կտրուին, Եւ խրոխտները պիտի նուաստանան։
34Ան անտառին թաւուտները երկաթով պիտի 36կտրէ, Ու Լիբանան 37Հզօրին ձեռքով պիտի իյնայ։