Isaiah 11
Song of Solomon « Isaiah 10 ‹ Isaiah 11 › Isaiah 12 » Jeremiah
ԽԱՂԱՂ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
1Յեսսէի բունէն շառաւիղ մը պիտի ելլէ, Եւ անոր արմատէն ընձիւղ մը պիտի բուսնի.
2Անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջ Հոգին, Իմաստութեան ու խելացութեան Հոգին, Խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին, 1Աստուծոյ ճանաչումին եւ վախին՝՝ Հոգին։
3Ան Տէրոջ վախով պիտի 2ներշնչուի. Իր աչքերուն տեսածին համաձայն պիտի չդատէ, Եւ ականջներուն լսածին համաձայն պիտի չյանդիմանէ.
4Հապա չքաւորը արդարութեամբ պիտի դատէ, Ու երկրի հեզերը ուղղամտութեամբ պիտի յանդիմանէ։ Իր բերանին գաւազանով երկիրը պիտի զարնէ, Ու շրթունքին շունչով ամբարիշտը պիտի մեռցնէ։
5Արդարութիւնը պիտի ըլլայ իր մէջքի գօտին, Ու հաւատարմութիւնը՝ իր կողերուն գօտին։
6Գայլը գառին հետ պիտի բնակի, Եւ ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթը, առիւծի կորիւնն ու պարարտ զուարակը միասին պիտի արածին, Եւ պզտիկ 3մանուկ մը զանոնք պիտի առաջնորդէ։
7Կովը արջին հետ պիտի արածի, Անոնց ձագերը միասին պիտի պառկին։ Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ,
8Ծծկերը քարբին ծակին վրայ պիտի խաղայ, Ու կաթէն կտրուածը ձեռքը իժին քարայրին վրայ պիտի դնէ։
9Անոնք պիտի 4չվնասեն եւ չփճացնեն իմ ամբողջ սուրբ լերանս վրայ. Արդարեւ երկիրը Տէրոջ գիտութեամբ պիտի լեցուի, Ինչպէս ջուրերը ծովուն յատակը կը ծածկեն։
ԱՔՍՈՐՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈԻՐԴԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ
10Այդ օրը Յեսսէի արմատը Պիտի կայնի ժողովուրդներուն դրօշակ ըլլալու համար. 5Ազգերը զայն պիտի փնտռեն, Եւ անոր հանգստավայրը փառաւոր պիտի ըլլայ։
11Այդ օրը՝ Տէրը երկրորդ անգամ իր ձեռքը պիտի երկարէ, Որպէսզի իր ժողովուրդին մնացորդը — ճողոպրածները — Վերստանայ Ասորեստանէն, Եգիպտոսէն, Պաթուրէսէն, Եթովպիայէն, Եղամէն, Սենաարէն, Եմաթէն Ու ծովուն կղզիներէն։
12Ազգերուն դրօշակ պիտի բարձրացնէ Եւ Իսրայէլի աքսորականները պիտի հաւաքէ. Երկրի չորս անկիւններէն Յուդայի ցրուածները պիտի հաւաքէ։
13Եփրեմի նախանձը պիտի հեռանայ, Ու Յուդայի հակառակորդները պիտի բնաջնջուին. Եփրեմ պիտի չնախանձի Յուդայի, Եւ Յուդա պիտի չճնշէ Եփրեմը.
14Հապա անոնք դէպի արեւմուտք պիտի թռչին՝ Փղշտացիներուն 6ուսերուն վրայ, Ու միասին արեւելքցիները պիտի կողոպտեն։ Եդովմի եւ Մովաբի վրայ իրենց ձեռքերը պիտի երկարեն, Ու Ամմոնի որդիները իրենց պիտի հնազանդին։
15Տէրը Եգիպտոսի ծովուն 7լեզուն պիտի 8աւերէ, Եւ իր հովին սաստիկ զօրութեամբ ձեռքը Գետին վրայ պիտի 9շարժէ. Զայն եօթը վտակի բաժնելով պիտի զարնէ, Այնպէս որ մարդ անոր մէջէն կօշիկներով պիտի 10անցնի։
16Իր ժողովուրդին մնացորդին — ճողոպրածներուն — համար Պողոտայ մը պիտի ըլլայ Ասորեստանէն, Ինչպէս եղաւ Իսրայէլի Այն օրը՝ երբ Եգիպտոսէն բարձրացաւ։