Isaiah 12
Song of Solomon « Isaiah 11 ‹ Isaiah 12 › Isaiah 13 » Jeremiah
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԸ
1Այդ օրը պիտի ըսես. «Ո՛վ Տէր, քեզ պիտի ներբողեմ, Քանի որ ինծի դէմ բարկացած էիր՝ Սակայն բարկութիւնդ կասեցաւ, Ու զիս մխիթարեցիր։
2Ահա՛ Աստուա՛ծ է իմ փրկութիւնս. Ես անոր պիտի վստահիմ եւ պիտի չվախնամ, Քանի իմ զօրութիւնս ու սաղմոսս Տէ՛րն է՝ 1Եհովան, Եւ ի՛նք եղաւ իմ փրկութիւնս»։
3Բերկրանքով ջուր պիտի քաշէք Փրկութեան աղբիւրներէն,
4Եւ այդ օրը պիտի ըսէք. «Ներբողեցէ՛ք Տէրը, կանչեցէ՛ք անոր անո՛ւնը, Գիտցուցէ՛ք անոր արարքները ազգերուն մէջ, Յիշեցուցէ՛ք թէ անոր անունը բարձրացած է։
5Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջ, Որովհետեւ ան 2փառաւոր բաներ ըրաւ՝՝. Ասիկա թող գիտցուի ամբողջ երկրին մէջ։
6Ո՛վ Սիոնի բնակիչներ, ցնծութեա՛մբ աղաղակեցէք եւ օրհներգեցէ՛ք, Քանի որ մեծ է ձեր մէջ Իսրայէլի Սուրբը»։