Isaiah 13
Song of Solomon « Isaiah 12 ‹ Isaiah 13 › Isaiah 14 » Jeremiah
ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ԲԱԲԵԼՈՆԸ
1Բաբելոնի պատգամը, որ Ամովսի 1որդիին՝ Եսայիի յայտնուեցաւ՝՝.—
22Լերկ լերան վրայ դրօշա՛կ 3պարզեցէք, Ձա՛յն բարձրացուցէք անոնց, 4Ձեռքով նշա՛ն ըրէք՝՝, որպէսզի ազնուականներուն դռներէն մտնեն։
3Իմ 5որոշածներուս հրամայեցի, Իմ զօրաւորներս, իմ մեծափառութեամբս հրճուողներն ալ կանչեցի՝ Իմ բարկութիւնս իրագործելու։
4Լեռներուն վրայ բազմութեան ձայն մը կայ՝ Մեծ ժողովուրդի մը ձայնին նման, Հաւաքուած ազգերու թագաւորութիւններուն ժխորին ձայնը կայ. Զօրքերու Տէրը աչքէ կ’անցընէ զօրքերը որ պիտի պատերազմին։
5Հեռաւոր երկրէ մը, երկինքի ծայրէն կու գան — Տէրը եւ անոր սրտմտութեան գործիքները — Ամբողջ երկիրը կործանելու։
6Գոռացէ՛ք, որովհետեւ Տէրոջ օրը մօտ է. Ան պիտի գայ որպէս Ամենակարողէն ղրկուած կործանում։
7Հետեւաբար բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնան, Եւ ամէն մարդու սիրտ պիտի հալի։
8Անոնք պիտի շփոթին. Տագնապ ու անձկութիւն պիտի համակեն զանոնք, Ծննդաբերող կնոջ պէս երկունքի ցաւ պիտի քաշեն։ Իրարու նայելով պիտի զարմանան. Անոնց երեսները 6բոցագոյն պիտի ըլլան։
9Ահա՛ Տէրոջ օրը կու գայ՝ Անգթութեամբ, ցասումով ու բորբոքած բարկութեամբ, Որպէսզի երկիրը ամայի 7դարձնէ, Եւ մեղաւորները անկէ բնաջնջէ։
10Արդարեւ երկինքի աստղերն ու անոնց համաստեղութիւնները Իրենց լոյսը պիտի չտան. Արեւը իր 8ծագած ատենը պիտի խաւարի, Ու լուսինը իր լոյսով պիտի չճառագայթէ։
11Ես պիտի 9պատժեմ երկրագունդը իր չարութեան համար, Եւ ամբարիշտները՝ իրենց անօրէնութեան համար։ Հպարտներուն ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ, Եւ բռնակալներուն յոխորտանքը պիտի նուաստացնեմ։
12Մարդը զուտ ոսկիէն աւելի հազուագիւտ պիտի ընեմ, 10Աւելի՝ քան Ոփիրի մաքուր ոսկին։
13Ուստի երկինքը պիտի սարսեմ, Ու երկիրը իր տեղէն պիտի շարժի Զօրքերու Տէրոջ ցասումով՝ Անոր բորբոքած բարկութեան օրը։
14Բաբելոնի բնակիչները 11հալածուած այծեամի պէս պիտի ըլլան, Ցրուած հօտի պէս՝ որ ո՛չ մէկը կը հաւաքէ. Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ժողովուրդին պիտի դառնայ, Իւրաքանչիւրը իր երկիրը պիտի փախչի։
15Ո՛վ որ գտնուի՝ պիտի խոցուի, Ո՛վ որ 12բռնուի՝ սուրով պիտի իյնայ։
16Անոնց երախաները իրենց աչքերուն առջեւ գետին պիտի զարնուին, Անոնց տուները պիտի կողոպտուին, Եւ անոնց կիները պիտի 13բռնաբարուին։
17Ահա՛ անոնց դէմ Մարերը պիտի գրգռեմ, Որոնք արծաթը չեն 14գնահատեր, Ու ոսկիէն չեն ախորժիր։
18Անոնց աղեղները երիտասարդները 15պիտի խոցեն՝՝, Եւ անոնք 16որովայնի պտուղին պիտի չգթան. Անոնց աչքը պիտի չխղճայ 17զաւակներուն վրայ։
19Թագաւորութիւններուն փառքը, Քաղդէացիներուն մեծափառութեան պարծանքը եղող Բաբելոն՝ Տակնուվրայ պիտի ըլլայ, Ինչպէս Աստուած Սոդոմն ու Գոմորը կործանեց։
20Ան ամենեւին պիտի չբնակուի. Սերունդէ սերունդ անբնակ պիտի ըլլայ։ Հոն Արաբները վրան պիտի չլարեն, Ու հովիւները իրենց հօտը հոն պիտի չպառկեցնեն.
21Հապա 18վայրենի կատուներ՝՝ հոն պիտի պառկին, Եւ անոնց տուները ոռնացող անասուններով պիտի լեցուին. Հոն ջայլամներ պիտի բնակին, Եւ այծամարդեր հոն պիտի ցատկռտեն։
22Անոր դղեակներուն մէջ բորենիներ պիտի կանչուըռտեն, Ու վայելքի պալատներուն մէջ՝ շնագայլեր։ Անոր ժամանակը հասնելու մօտ է, Եւ անոր օրերը ա՛լ պիտի չերկարաձգուին։