Loading...

Isaiah 14

Song of Solomon  «  Isaiah 13  ‹  Isaiah 14  ›  Isaiah 15  »  Jeremiah


ԱՔՍՈՐԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

1

Արդարեւ Տէրը պիտի գթայ Յակոբի, Իսրայէլը դարձեալ պիտի ընտրէ, Եւ զանոնք իրենց հողին վրայ պիտի հանգստացնէ. 1Օտարազգիներ պիտի միանան իրենց, Ու Յակոբի տան պիտի յարին։

2

Ժողովուրդները զիրենք պիտի առնեն եւ իրենց տեղը պիտի տանին. Իսրայէլի տունը պիտի ժառանգէ զանոնք Տէրոջ հողին վրայ՝ Իբր ստրուկներ եւ ստրկուհիներ. 2Անոնք զիրենք գերի տանողները պիտի գերեվարեն, Ու զիրենք ճնշողներուն վրայ պիտի տիրապետեն։


ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՄԵՌԵԼՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ

3

Այն օրը երբ Տէրը քեզ հանգստացնէ քու ցաւէդ, վրդովումէդ, ու տաժանելի ստրկութենէն՝ 3որ քեզի պարտադրուած էր՝՝,

4

սա՛ առակը 4խօսէ՛ Բաբելոնի թագաւորին մասին. «Ի՜նչպէս 5վերջացաւ ճնշողը, Ի՜նչպէս վերջացաւ 6հարկապահանջ քաղաքը.

5

Տէ՛րը կոտրեց ամբարիշտներուն գաւազանը Ու կառավարիչներուն մականը։

6

Ցասումով եւ անընդհատ հարուածով ազգերը զարնողը, Բարկութեամբ ժողովուրդներուն վրայ տիրապետողը՝ Հիմա անխնայ կը հալածուի։

7

Ամբողջ երկիրը հանգստացաւ ու հանդարտեցաւ. 7Ան ցնծութեամբ կը պոռթկայ։

8

Նաեւ եղեւիններն ու Լիբանանի մայրիները Քեզի համար կ’ուրախանան եւ կ’ըսեն. “Քու 8տապալումէդ ի վեր՝ Մեր վրայ փայտ կտրող չելաւ”։

9

9Դժոխքը վարէն քեզի համար սարսեցաւ, Որպէսզի գալուստդ դիմաւորէ. Քեզի համար արթնցուց ուրուականները, Երկրի բոլոր 10իշխանաւորները, Եւ իրենց գահերէն կանգնեցուց Բոլոր ազգերուն թագաւորները։

10

Անոնք բոլորն ալ պիտի խօսին ու քեզի ըսեն. “Միթէ դո՞ւն ալ մեզի պէս տկարացար Եւ մեզի նմանեցար”։

11

Քու մեծափառութիւնդ ու տաւիղներուդ 11ձայնը դժոխքը իջան. Տակդ որդեր տարածուեցան Եւ ճճիները քեզ կը ծածկեն։

12

Ի՜նչպէս երկինքէն ինկար, Ո՛վ 12առտուն ծագող Արուսեակ՝՝. Մինչեւ գետին կործանեցար, Դո՛ւն որ ազգերը կը յաղթահարէիր։

13

Դուն սիրտիդ մէջ ըսած էիր. “Երկինք պիտի ելլեմ, Իմ գահս Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ, Ու համայնքի լեռը պիտի բազմիմ՝ հիւսիսին 13ծայրերը.

14

Թանձր ամպերու բարձունքներուն վրայ պիտի ելլեմ, Ամենաբարձրին պիտի նմանիմ”։

15

Բայց ահա՛ դժոխքը կ’իջնես, գուբին 14խորերը։

16

Քեզ տեսնողները քու վրադ պիտի 15զարմանան, Ու քեզ նկատելով պիտի ըսեն. “Ա՞յս է այն մարդը՝ որ 16երկրագունդը կը սարսէր, Թագաւորութիւնները կը ցնցէր,

17

Երկրագունդը անապատի 17կը վերածէր՝՝, Անոր քաղաքները կը փլցնէր, Եւ իր բանտարկեալները տուն չէր 18ղրկեր”։

18

Ազգերուն բոլոր թագաւորները — անոնք բոլորը — Պատիւով կը ննջեն, իւրաքանչիւրը իր 19գերեզմանին մէջ։

19

Բայց դուն քու գերեզմանէդ դուրս նետուեցար՝ Գարշելի ընձիւղի մը պէս, Սուրով խոցուած սպաննուածներուն հանդերձին պէս՝ Որոնք մինչեւ գուբի քարերը կ’իջնեն, Կոխկռտուած դիակի պէս։

20

Դուն անոնց պիտի չմիանաս գերեզմանին մէջ, Քանի քու երկիրդ կործանեցիր Եւ ժողովուրդդ սպաննեցիր. Չարագործներուն զարմը երբեք պիտի 20չյիշուի։

21

Սպա՛նդ պատրաստեցէք անոր 21զաւակներուն՝ Իրենց հայրերուն անօրէնութեան համար. Որպէսզի չկանգնին, հողին չտիրանան, Ու երկրագունդին մակերեսը 22թշնամիներով չլեցնեն»։


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԷ ԲԱԲԵԼՈՆԸ

22

Արդարեւ զօրքերու Տէրը սա՛ կը պատգամէ. «Անոնց դէմ պիտի կանգնիմ, Եւ Բաբելոնի անունն ու մնացորդը, Զաւակներն ու թոռները պիտի բնաջնջեմ,— կը պատգամէ Տէրը։—

23

Զայն ոզնիներու ստացուածքի Եւ ջուրի լիճերու պիտի վերածեմ. Զայն բնաջնջումի աւելով պիտի աւլեմ», Կը պատգամէ զօրքերու Տէրը։


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԷ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԸ

24

Զօրքերու Տէրը երդում ըրաւ՝ ըսելով. «Ինչպէս մտածեցի, անշուշտ այդպէս պիտի ըլլայ. Ինչ որ 23որոշեցի, ան պիտի իրագործուի.

25

Ասորեստանցին իմ երկրիս մէջ պիտի ջախջախեմ, Զայն լեռներուս վրայ պիտի կոխկռտեմ, Եւ անոր լուծը անոնց վրայէն պիտի 24վերցուի, Անոր բեռը անոնց ուսէն պիտի վերցուի»։

26

Ա՛յս է ամբողջ երկրին համար 25տրուած որոշումը. Ա՛յս է բոլոր ազգերուն վրայ երկարած ձեռքը։

27

Քանի զօրքերու Տէրը որոշեց, Ո՞վ կրնայ զայն ձախողեցնել. Անոր ձեռքը երկարած է, Ո՞վ կրնայ զայն ետ քաշել։


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԷ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐԸ

28

Աքազ թագաւորին մահուան տարին՝ սա՛ պատգամը տրուեցաւ.

29

«Ո՛վ ամբողջ 26Փղշտացիներու երկիր՝՝, Մի՛ ուրախանար քանի որ քեզ զարնողին գաւազանը կոտրուեցաւ. Արդարեւ օձին արմատէն իժ պիտի ելլէ, Եւ անոր պտուղը կիզող 27թեւաւոր օձ պիտի ըլլայ։

30

Չքաւորներուն անդրանիկները պիտի սնուցանուին, Եւ աղքատները ապահովութեամբ պիտի պառկին։ Քու արմատդ սովով պիտի մեռցնեմ, Ու մնացորդդ պիտի սպաննուի։

31

Գոռա՛, ո՛վ դուռ. աղաղակէ՛, ո՛վ քաղաք. Դո՛ւն, ո՛վ Փղշտացիներու երկիր, պիտի 28կործանիս, Քանի որ հիւսիսէն ծուխ մը կու գայ, Եւ անոր 29զօրքերէն ո՛չ մէկը մինակ պիտի ըլլայ»։

32

Ազգերու պատգամաւորներուն ի՞նչ պիտի պատասխանուի. «Տէ՛րը հիմներ է Սիոնը, Եւ իր ժողովուրդին դժբախտները հոն 30կը պատսպարուին՝՝»։



1 Եբր.՝ Գաղթականներ
2 Այսինքն՝ Իսրայելացիները
3 Եբր.՝ որուն քեզ հպատակեցուցած էին
4 Եբր.՝ ա՛ռ
5 Եբր.՝ դադրեցաւ
6 Եբր.՝ ոսկիի կեղեքիչ
7 Եբր.՝ Անոնք
8 Եբր.՝ փռուելէդ
9 Այսինքն՝ Մեռած անձերու կայանը
10 Եբր.՝ նոխազները
11 Եբր.՝ դղրդիւնը
12 Եբր.՝ արշալոյսի որդի Լուսաբեր
13 Եբր.՝ ներսի կողմերը
14 Եբր.՝ ներսի կողմերը
15 Եբր.՝ նային
16 Եբր.՝ երկիրը
17 Եբր.՝ կ’ընէր
18 Եբր.՝ բանար
19 Եբր.՝ տան
20 Եբր.՝ չկոչուի
21 Եբր.՝ որդիներուն
22 Եբր.՝ քաղաքներով
23 Եբր.՝ խորհեցայ
24 Եբր.՝ հեռանայ
25 Եբր.՝ որոշուած
26 Եբր.՝ Պաղեստին
27 Եբր.՝ թռչող
28 Եբր.՝ հալիս
29 Եբր.՝ սահմանուած ատենէն
30 Եբր.՝ կ’ապաւինին