Loading...

Isaiah 15

Song of Solomon  «  Isaiah 14  ‹  Isaiah 15  ›  Isaiah 16  »  Jeremiah


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԷ ՄՈՎԱԲԸ

1

Մովաբի պատգամը.— Ի՛րապէս Մովաբի Ար քաղաքը գիշերուան մէջ կործանեցաւ եւ անէացաւ. Ի՛րապէս Մովաբի Կիր քաղաքը գիշերուան մէջ կործանեցաւ եւ անէացաւ։

2

Ան տաճարը եւ Դեբոն բարձրացաւ, Բարձր տեղերը՝ լալու համար։ Մովաբ Նաբաւի ու Մեդաբայի համար պիտի գոռայ. Անոր բոլոր գլուխները պիտի կնտուին, Ամէն մօրուք պիտի կտրուի։

3

Անոր փողոցներուն մէջ 1քո՛ւրձ պիտի հագնին՝՝, Անոր տանիքներուն վրայ ու հրապարակներուն մէջ՝ Բոլորը պիտի գոռան եւ 2լան։

4

Եսեբոն ու Եղէաղէ պիտի աղաղակեն, Անոնց ձայնը մինչեւ Յասսա պիտի լսուի. Հետեւաբար Մովաբի զինեալները պիտի գոչեն, Իրենց անձը պիտի 3սարսռայ։

5

Իմ սիրտս Մովաբի համար պիտի աղաղակէ. Անոր փախստականները պիտի փախչին մինչեւ Սեգովր, 4Եգղա-Սելիսիա՝՝, Քանի որ Ղուիթի զառիվերէն լալով պիտի ելլեն, Ու Որոնայիմի ճամբան փլուզումի աղաղակ պիտի բարձրացնեն։

6

Արդարեւ Նեմերիմի ջուրերը պիտի ամայանան, Որովհետեւ խոտը կը չորնայ, դալարը կը հատնի, Ու կանաչութիւն չի մնար։

7

Հետեւաբար իրենց վաստկած 5հարստութիւնը Եւ իրենց պահեստը Ուռիներուն ձորը պիտի տանին,

8

Քանի որ աղաղակը շրջապատեց Մովաբի հողամասը. Անոր գոռումը մինչեւ Եգլայիմ, Անոր գոռումը մինչեւ Բերելիմ հասաւ։

9

Արդարեւ Դեմոնի ջուրերը արիւնով պիտի լեցուին, Քանի որ Դեմոնի վրայ աւելի չարիք պիտի ղրկեմ, Առիւծներ՝ Մովաբէն ազատուածներուն Ու 6երկրին մնացորդին վրայ։



1 Եբր.՝ քուրձով պիտի գօտեւորուին
2 Եբր.՝ լալով իջնեն
3 Եբր.՝ գէշ ըլլայ
4 Կամ՝ երեք տարեկան երինջի պէս
5 Եբր.՝ օգուտը
6 Եբր.՝ գետինին