Isaiah 16
Song of Solomon « Isaiah 15 ‹ Isaiah 16 › Isaiah 17 » Jeremiah
ՄՈՎԱԲԻ ԱՆՅՈՅՍ ՎԻՃԱԿԸ
1Ղրկեցէ՛ք պարարտ գառը երկրին կառավարիչին, Վէմէն՝ անապատին ճամբայով՝ Սիոնի աղջիկին լեռը։
2Մովաբի աղջիկները Առնոնի անցքերուն քով՝ Բոյնէն վռնտուած թափառական թռչունի պէս պիտի ըլլան՝ ըսելով.
3«1Խորհրդակցեցէ՛ք, 2դատաստա՛ն կիրարկեցէք՝՝. Քու հովանիդ գիշերի՛ պէս ըրէ 3կէսօրին, Աքսորականները պահէ՛, 4փախստականները մի՛ 5յանձներ։
46Մովաբի աքսորականները քու քովդ թող պանդխտանան՝՝. Անոնց ծածկո՛յթ եղիր կործանողին դէմ։ Արդարեւ աւերումը պիտի դադրի, կործանումը պիտի աւարտի, Ու կոխկռտողները երկրէն պիտի 7անհետանան։
5Գահը կարեկցութեամբ պիտի հաստատուի, Եւ անոր վրայ՝ Դաւիթի վրանին մէջ՝ Դատաւոր մը պիտի բազմի ճշմարտութեամբ. Ան իրաւունքը պիտի փնտռէ Եւ արդարութիւնը շտապեցնէ»։
6Մովաբի ամբարտաւանութիւնը լսեցինք. Ան շատ ամբարտաւան է։ Անոր յոխորտանքը, ամբարտաւանութիւնն ու ցասումը լսեցինք. Անոր զրաբանութիւնները ոչինչ են։
7Այս պատճառով Մովաբ պիտի գոռայ Մովաբի համար, Բոլորն ալ պիտի գոռան. Կիր-Հարեսէթի հիմերուն վրայ պիտի հառաչէք, Անոնք իրապէս 8կործանուած են։
8Արդարեւ Եսեբոնի դաշտերը թօշնեցան. 9Հեթանոսներուն տէրերը Սեբամայի որթատունկին պերճագոյն ճիւղերը կոտրեցին, Որոնք մինչեւ Յազեր հասած էին եւ անապատին մէջ կը դեգերէին. Անոր շառաւիղները տարածուելով՝ ծովէն անդին անցած էին։
9Հետեւաբար Սեբամայի որթատունկին վրայ Յազերի լացով պիտի լամ. Ձեզ արցունքներովս պիտի ոռոգեմ, ո՛վ Եսեբոն ու Եղէաղէ, Որովհետեւ ձեր ամառնային պտուղին եւ հունձքին համար եղած ցնծութեան ճիչը 10դադրեցաւ։
10Բարեբեր արտերէն ուրախութիւնն ու խայտանքը պիտի 11անհետանան, Այգիներուն մէջ ցնծերգ եւ գոչիւն պիտի չըլլան։ Հնձանի մէջ ա՛լ 12խաղող պիտի չկոխեն՝՝. Անոնց ցնծութեան ճիչը դադրեցուցի։
11Այս պատճառով իմ ընդերքս քնարի պէս պիտի հնչէ Մովաբի համար, Եւ 13սիրտս՝ Կիր-Հարեսէթի համար։
12Այն ատեն պիտի տեսնուի Թէ ինչպէս Մովաբ պիտի հիւծի իր բարձր տեղին վրայ. Իր սրբարանը պիտի մտնէ աղօթելու համար, Բայց 14օգուտ մը պիտի չունենայ՝՝։
13Ա՛յս է այն խօսքը՝ որ Տէրը 15շատոնց Մովաբի մասին ըսեր էր։
14Բայց հիմա Տէրը խօսեցաւ՝ ըսելով. «Երեք տարուան մէջ — վարձկանի մը տարիներուն պէս — Մովաբի փառքը պիտի անարգուի՝ Այդ ամբողջ մեծ բազմութեամբ. Իսկ մնացորդը փոքրաթիւ եւ անզօր պիտի ըլլայ»։