Isaiah 17
Song of Solomon « Isaiah 16 ‹ Isaiah 17 › Isaiah 18 » Jeremiah
ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ՍՈՒՐԻԱՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
1Դամասկոսի պատգամը.— «Ահա՛ Դամասկոսը քաղաք ըլլալէ պիտի դադրի, Եւ աւերակի շեղջ մը պիտի ըլլայ։
2Արոէրի քաղաքները պիտի լքուին, Հօտերու փարախ պիտի ըլլան, Որպէսզի անոնք պառկին, եւ ո՛չ մէկ դողացնող ըլլայ։
3Եփրեմի մէջ 1ա՛լ ամրոց պիտի չըլլայ՝՝, Ո՛չ ալ թագաւորութիւն՝ Դամասկոսի մէջ. Սուրիայի մնացորդը՝ Իսրայէլի որդիներուն փառքին պէս պիտի ըլլայ», Կը պատգամէ զօրքերու Տէրը։
4«Այդ օրը Յակոբի փառքը պիտի նուազի, Եւ անոր մարմինին 2գիրութիւնը պիտի նիհարնայ։
5Այնպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս երբ հնձողը ցորեն կը ժողվէ, Եւ իր թեւով հասկերը կը հնձէ. Այնպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս երբ հասկեր կը քաղուին Ռափայիններու հովիտին մէջ։
6Ինչպէս երբ ձիթենին թօթուեն՝ Բարձրագոյն ոստին գագաթը երկու-երեք 3ձիթապտուղ կը մնայ, Եւ պտղատու ճիւղերուն վրայ՝ չորս-հինգ հատ, Անոր վրայ ալ միայն ճիռեր պիտի մնան», Կը պատգամէ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը։
7Այդ օրը մարդը իր Արարիչին պիտի դարձնէ նայուածքը, Եւ իր աչքերը Իսրայէլի Սուրբը պիտի տեսնեն.
8Իր ձեռքերուն գործը եղող զոհասեղաններուն պիտի չնայի, Եւ իր մատներուն շինածը — Թէ՛ աստարովթները, Թէ՛ արեւի սիւնարձանները — պիտի չտեսնէ։
9Այդ օրը անոր ամրացած քաղաքները՝ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ լքուած 4Անպէտ թուփերու՝՝ եւ բարձրագոյն ոստերու պիտի նմանին, Ու ամայի պիտի ըլլան։
10Քանի դուն փրկութեանդ Աստուածը մոռցար Եւ 5զօրութեանդ Վէմը չյիշեցիր, Հաճելի տունկեր պիտի 6բուսցնես, Օտար երկրէ բերուած բարունակներ պիտի սերմանես,
11Տնկածդ ցերեկը պիտի աճեցնես Ու սերմանածդ առտուն պիտի 7բուսցնես, Բայց բերքին օրը հունձքը 8պիտի պակսի՝՝, Եւ կոտտանքը 9սաստիկ պիտի ըլլայ։
ԹՇՆԱՄԻ ԱԶԳԵՐ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻՆ
12Վա՜յ շատ ժողովուրդներու բազմութեան՝ Որոնք ծովու գոռումին պէս կը գոռան, Ու վա՜յ 10ազգերու ժխորին՝ Որոնք հզօր ջուրերու ժխորին պէս կ’աղմկեն։
13Ազգերը յորդառատ ջուրերու ժխորին պէս կ’աղմկեն, Բայց Աստուած զանոնք պիտի սաստէ։ Ուստի հեռուն պիտի փախչին. Պիտի հալածուին լեռներուն վրայի մղեղին պէս՝ հովին առջեւէն, Ու փոթորիկին առջեւէն գլորուող խոզանին պէս։
14Իրիկուան դէմ՝ ահա՛ արհաւիրք պիտի գայ, Եւ առտուընէ առաջ պիտի չքանան։ Ա՛յս է մեզ յափշտակողներուն բաժինը, Ու մեզ կողոպտողներուն վիճակը։