Loading...

Isaiah 18

Song of Solomon  «  Isaiah 17  ‹  Isaiah 18  ›  Isaiah 19  »  Jeremiah


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ԵԹՈՎՊԻԱՆ

1

Վա՜յ Եթովպիայի գետերուն միւս կողմը եղող՝ Թեւերով 1ստուերող երկրին,

2

Որ ծովէն՝ ջուրի մակերեսին վրայէն՝ Դեսպաններ կը ղրկէ պրտուէ նաւակներով, ըսելով. «Գացէ՛ք, ո՛վ արագընթաց պատգամաւորներ, 2Երկայնահասակ ու լերկ՝՝ ազգին, Սկիզբէն մինչեւ հիմա ահարկու ժողովուրդին, Յոյժ զօրաւոր ու բոլորը կոխկռտող ազգին, Որուն երկիրը գետերը կը 3կտրեն»։

3

Ո՛վ երկրագունդի բոլոր բնակիչներ՝ Որ երկրի վրայ 4կ’ապրիք, Երբ լեռներուն վրայ դրօշակ բարձրացուի՝ նայեցէ՛ք, Ու երբ շեփոր հնչուի՝ լսեցէ՛ք։

4

Արդարեւ Տէրը ինծի սա՛ ըսաւ. «Ես հանդարտ պիտի ըլլամ, եւ իմ բնակարանէս պիտի նայիմ՝ 5Խոտի վրայի՝՝ պայծառ տաքութեան պէս, Ու հունձքերու տաքութեան մէջ ցօղաբեր թանձր ամպի պէս»։

5

Արդարեւ հունձքի ժամանակէն առաջ, Երբ բողբոջումը վերջանայ Ու ծաղիկը հասունցող ազոխ ըլլայ, Ան բարունակները յօտոցով պիտի կտրէ, Եւ ուռերը փրցնելով պիտի նետէ։

6

Անոնք միասին լեռներու գիշատիչ թռչուններուն Ու երկրի գազաններուն պիտի լքուին։ Գիշատիչ թռչունները ամառը անոնց վրայ պիտի անցընեն, Ու երկրի բոլոր գազանները ձմեռը անոնց վրայ պիտի անցընեն։

7

Այդ ատեն զօրքերու Տէրոջ ընծայ պիտի բերուի՝ Երկայնահասակ ու լերկ ժողովուրդէն, Սկիզբէն մինչեւ հիմա ահարկու ժողովուրդէն, Յոյժ զօրաւոր ու բոլորը կոխկռտող ազգէն, Որուն երկիրը գետերը կը կտրեն, Զօրքերու Տէրոջ անունին տեղը՝ Սիոն լեռը։



1 Կամ՝ շառաչիւն հանող
2 Կամ՝ Տարածուած ու խիստ
3 Եբր.՝ կողոպտեն
4 Եբր.՝ կը կենաք, կամ՝ կը բնակիք
5 Կամ՝ Կէսօրուան