Loading...

Isaiah 19

Song of Solomon  «  Isaiah 18  ‹  Isaiah 19  ›  Isaiah 20  »  Jeremiah


ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ԵԳԻՊՏՈՍԸ

1

Եգիպտոսի պատգամը.— Ահա՛ Տէրը արագընթաց թանձր ամպի վրայ հեծեր է, Ու Եգիպտոս կը մտնէ։ Անոր ներկայութենէն Եգիպտոսի չաստուածները պիտի ցնցուին, Ու Եգիպտոսի սիրտը իր ներսը պիտի հալի։

2

«Եգիպտացիները պիտի 1գրգռեմ Եգիպտացիներուն դէմ. Իւրաքանչիւրը իր եղբօր դէմ եւ իւրաքանչիւրը իր ընկերին դէմ պիտի պայքարի, Քաղաք քաղաքի դէմ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան դէմ։

3

Եգիպտոսի ոգին իր մէջէն պիտի պարպուի, Ու ես անոր 2ծրագիրները պիտի 3ցրուեմ. Անոնք չաստուածներու, կախարդներու, Վհուկներու եւ նշանագէտներու պիտի հարցնեն։

4

Եգիպտացիները դաժան տիրոջ մը ձեռքը պիտի մատնեմ. Անոնց վրայ կարծրասիրտ թագաւոր մը պիտի տիրէ», Կը պատգամէ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան։

5

Ջուրերը ծովէն պիտի 4պակսին, Գետը պիտի ցամքի ու չորնայ.

6

5Գետերուն ջուրերը պիտի քաշուին՝՝, 6Պարսպապատ քաղաքներուն՝՝ գետերը պիտի պարպուին եւ չորնան, Եղէգն ու շամբը պիտի թարշամին։

7

Գետեզերքը եւ Գետաբերանը եղող մարգագետինները, Նաեւ ամէն ինչ որ Գետին մօտ սերմանուած է՝ Պիտի չորնայ, տարտղնուի ու կորսուի։

8

Ձկնորսներն ալ պիտի 7հեծեծեն, Եւ Գետին բոլոր կարթընկէցները պիտի սգան. Ջուրին վրայ ցանց տարածողները պիտի ուժաթափին։

9

Վուշ գործողները Ու ճերմակ կտաւ հիւսողները պիտի ամչնան։

10

Անոր 8սիւները պիտի 9կոտրտին, Եւ բոլոր վարձկաններուն անձը պիտի տրտմի։

11

Ի՛րապէս Տայանիսի իշխանաւորները յիմարներ են. Փարաւոնի իմաստուն խորհրդականներուն խրատը անխելքութիւն է։ Ի՞նչպէս Փարաւոնի կրնաք ըսել. «Ես իմաստուններու որդի եմ, Վաղեմի թագաւորներու որդի եմ»։

12

Ո՞ւր են անոնք՝ քու իմաստուններդ, Որ հիմա քեզի իմացնեն ու 10գիտցնեն Թէ զօրքերու Տէրը ի՛նչ 11որոշեր է Եգիպտոսի համար։

13

Տայանիսի իշխանաւորները խենթացան, Մեմփիսի իշխանաւորները հրապուրուեցան. Իր տոհմերուն 12գլխաւորները Եգիպտոսը մոլորեցուցին։

14

Տէրը անոր մէջ խելացնորութեան ոգի մը 13դրաւ, Եւ անոնք Եգիպտոսը իր բոլոր ըրածներուն մէջ մոլորեցուցին, Ինչպէս փսխող գինովը կը դեդեւի։

15

Եգիպտոսի մէջ պիտի չըլլայ գործ մը՝ Որ գլուխը կամ պոչը, Արմաւենիի ճիւղը կամ կնիւնը կարենայ կատարել։


ԵԳԻՊՏՈՍ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏԷ ՏԷՐԸ

16

Այդ օրը Եգիպտոս կիներու պէս պիտի ըլլայ. Պիտի դողայ եւ վախնայ Զօրքերու Տէրոջ ձեռքին 14շարժումէն, Որ պիտի 15բարձրացնէ անոր վրայ։

17

Յուդայի 16երկիրը Եգիպտացիներուն սարսափը պիտի ըլլայ. Ո՛վ որ զայն յիշատակէ՝ պիտի վախնայ Զօրքերու Տէրոջ որոշումին 17պատճառով, Որ անոր դէմ 18տուեր է։

18

Այդ օրը Եգիպտոսի մէջ՝ Քանանի լեզուն խօսող Ու զօրքերու Տէրոջ անունով երդում ընող Հինգ քաղաք պիտի ըլլայ. Անոնցմէ մէկը “19Արեւի քաղաք” պիտի 20կոչուի։

19

Այդ օրը Եգիպտոսի երկրին մէջտեղը Տէրոջ համար զոհասեղան մը պիտի ըլլայ, Եւ անոր սահմանին քով՝ Տէրոջ համար 21կոթող մը.

20

Ասիկա զօրքերու Տէրոջ համար նշան ու վկայութիւն պիտի ըլլայ Եգիպտոսի երկրին մէջ, Արդարեւ զիրենք տանջողներուն պատճառով Տէրոջ պիտի աղաղակեն, Եւ ան ազատարար մը ու մեծ մարդ մը ղրկելով անոնց՝ պիտի ազատէ զիրենք։

21

Տէրը Եգիպտոսի մէջ պիտի գիտցուի, Եւ այդ օրը Եգիպտացիները պիտի ճանչնան Տէրը. Զոհեր ու ընծաներ պիտի մատուցանեն, Տէրոջ ուխտ պիտի ընեն եւ կատարեն։

22

Տէրը Եգիպտացիները պիտի զարնէ. Պիտի զարնէ, բայց պիտի բուժէ, Եւ անոնք Տէրոջ պիտի դառնան. Ան պիտի ընդունի իրենց թախանձանքը ու պիտի բուժէ զիրենք։

23

Այդ օրը Եգիպտոսէն դէպի Ասորեստան պողոտայ մը պիտի ըլլայ. Ասորեստանցիները Եգիպտոս պիտի երթան, Եգիպտացիները՝ Ասորեստան, Ու Եգիպտացիները 22Ասորեստանցիներուն հետ Աստուած պիտի պաշտեն՝՝։

24

Այդ օրը Իսրայէլ երրորդ պիտի ըլլայ՝ Եգիպտոսի եւ Ասորեստանի հետ, Ու երկրին մէջ օրհնութիւն պիտի ըլլայ.

25

Զօրքերու Տէրը զայն պիտի օրհնէ՝ ըսելով. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Եգիպտոս՝ իմ ժողովուրդս, Ասորեստան՝ իմ ձեռքերուս գործը, Եւ Իսրայէլ՝ իմ ժառանգութիւնս»։



1 Կամ՝ սպառազինեմ
2 Կամ՝ խորհուրդը
3 Եբր.՝ կլլեմ
4 Եբր.՝ ցամքին
5 Եբր.՝ Գետերը գարշահոտ պիտի ըլլան
6 Կամ՝ Եգիպտոսի
7 Եբր.՝ տառապին
8 Եբր.՝ հիմերը
9 Եբր.՝ ճզմուին
10 Կամ՝ գիտնան
11 Եբր.՝ խորհեր
12 Եբր.՝ անկիւնի քարերը
13 Եբր.՝ խառնեց
14 Եբր.՝ երերումին երեսէն
15 Եբր.՝ երերցնէ
16 Եբր.՝ հողը
17 Եբր.՝ երեսէն
18 Եբր.՝ խորհեր
19 Կամ՝ Կործանումի, եբր.՝ Հերէս
20 Եբր.՝ ըսուի
21 Եբր.՝ արձան
22 Կամ՝ Ասորեստանցիներուն պիտի ծառայեն