Jeremiah 3
Isaiah « Jeremiah 2 ‹ Jeremiah 3 › Jeremiah 4 » Lamentations
ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
1«Կ’ըսեն. “Եթէ մարդ մը իր կինը արձակէ, Ան ալ իր քովէն երթայ եւ ուրիշ ամուսինի մը պատկանի, Ինք անգամ մըն ալ 1այդ կնոջ՝՝ կը վերադառնա՞յ”։ Այդ երկիրը ամբողջովին չի՞ պղծուիր։ Իսկ դուն՝ շատ 2հոմանիներու հետ պոռնկեցար. Սակայն ինծի՛ վերադարձիր,— կը պատգամէ Տէրը։—
2Աչքերդ վերցո՛ւր բլրակներուն ու նայէ՛, Ո՞ւր 3չպոռնկեցար։ Դուն անոնց համար ճամբաներուն վրայ նստար, Ինչպէս Արաբը՝ անապատին մէջ, Եւ քու պոռնկութիւններովդ ու չարութեամբդ երկիրը պղծեցիր։
3Ուստի տարափները 4դադրեցան, Եւ վերջին անձրեւը 5չեկաւ. Բայց դուն պոռնիկի ճակատ ունիս, Կը մերժես խպնիլ։
4Միթէ հիմա ալ զիս չե՞ս կոչեր. “Իմ Հա՛յրս, դուն ես իմ երիտասարդութեանս 6մտերիմը”։
5Միթէ յաւիտեա՞ն 7պիտի բարկանայ՝՝, Կամ իր զայրոյթը ընդմի՞շտ պիտի պահէ։ Ահա՛ դուն այսպէս խօսեցար, Սակայն չարիք գործեցիր՝ որչափ որ կրցար»։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ՅՈՒԴԱ ՊԷՏՔ Է ԶՂՋԱՆ
6Յովսիա թագաւորին օրերը՝ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ուխտադրուժ Իսրայէլի ըրածը տեսա՞ր. Ամէն բարձր լերան վրայ Եւ ամէն կանաչազարդ ծառի տակ գնաց, Ու հոն պոռնկեցաւ։
7Երբ այս բոլորը ըրաւ՝ Ըսի. “Ինծի՛ վերադարձիր”, բայց չվերադարձաւ. Եւ անոր անհաւատարիմ քոյրը՝ Յուդա ասիկա տեսաւ։
8Երբ ուխտադրուժ Իսրայէլի շնութիւն ընելուն պատճառով Զայն արձակեցի եւ անոր տուի ամուսնալուծումի վկայագիրը, Տեսայ թէ անոր անհաւատարիմ քոյրը՝ Յուդա չվախցաւ, Հապա գնաց եւ ինք ալ պոռնկեցաւ։
9Ան իր աղմկայոյզ պոռնկութեամբ երկիրը պղծեց, Քանի քարի ու փայտի հետ շնութիւն ըրաւ։
10Հակառակ այս բոլորին, անոր անհաւատարիմ քոյրը՝ Յուդա ալ Ամբողջ սիրտով ինծի չվերադարձաւ, Հապա՝ կեղծաւորութեամբ», կը պատգամէ Տէրը։
11Տէրը ինծի ըսաւ. «Ուխտադրուժ Իսրայէլը ինքզինք աւելի արդարացուց՝ քան անհաւատարիմ Յուդան։
12Գնա՛, սա՛ խօսքերը 8արտասանէ դէպի հիւսիս. “Վերադարձի՛ր, ո՛վ ուխտադրուժ Իսրայէլ ,— կը պատգամէ Տէրը.— Իմ բարկութիւնս ձեր վրայ չեմ թափեր, Քանի որ ես կարեկից եմ,— կը պատգամէ Տէրը,— Յաւիտեան զայրոյթ չեմ պահեր։
13Միայն թէ գիտակցի՛ր անօրէնութեանդ, Քանի քու Տէր Աստուծոյդ դէմ ապստամբեցար. Ամէն կանաչազարդ ծառի տակ Քու ճամբաներդ դէպի օտար աստուածները տարածեցիր, Եւ իմ խօսքս մտիկ չըրիր,— կը պատգամէ Տէրը։—
14Վերադարձէ՛ք, ո՛վ ուխտադրուժ որդիներ,— կը պատգամէ Տէրը,— Որովհետեւ ե՛ս եմ ձեր տէրը. Ձեզ պիտի առնեմ, քաղաքէ մը՝ մէկ հոգի, Գերդաստանէ մը՝ երկու հոգի, Ու ձեզ Սիոն պիտի բերեմ։
15Իմ սիրտիս համաձայն հովիւներ պիտի տամ ձեզի, Որոնք գիտութեամբ եւ ուշիմութեամբ պիտի հովուեն ձեզ։
16Երբ դուք այդ օրերը երկրին վրայ բազմանաք եւ աճիք,— կը պատգամէ Տէրը,— Անգամ մըն ալ պիտի չըսեն. "Տէրոջ ուխտին տապանակը"։ Ան 9պիտի չմտաբերուի՝՝ Ու զայն պիտի չյիշեն. Զայն աչքէ պիտի չանցընեն, Եւ անգա՛մ մըն ալ պիտի չշինուի։
17Այն ատեն Երուսաղէմը պիտի կոչեն. "Տէրոջ գահը", Ու բոլոր ազգերը հոն՝ Երուսաղէմ պիտի հաւաքուին, Տէրոջ անունին համար. Անգա՛մ մըն ալ իրենց չար սիրտին կամակորութեան պիտի չհետեւին։
18Այդ օրերը Յուդայի տունը Իսրայէլի տան հետ պիտի ընթանայ, Ու երկուքը միասին հիւսիսի երկրէն Պիտի գան այն երկիրը՝ որ 10իրենց հայրերուն ժառանգել տուի”»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
19«Ես ըսի. “Ի՜նչպէս կ’ուզեմ քեզ որդիներուն մէջ դնել, Ու քեզի տալ այդ ցանկալի երկիրը, Ազգերուն ամենէն փառաւոր ժառանգութիւնը”։ Նաեւ ըսի. “Զիս պիտի կոչես. "Իմ հա՛յրս", Եւ ինձմէ պիտի չհեռանաս”։
20“Ի՛րապէս, ո՛վ Իսրայէլի տունը, Ինչպէս կին մը իր 11սիրականին անհաւատարիմ կ’ըլլայ, Այնպէս ալ դուք ինծի անհաւատարիմ եղաք”, կը պատգամէ Տէրը»։
21Բլրակներուն վրայ ձայն մը լսուեցաւ, Իսրայէլի որդիներուն լացի եւ աղաչանքի ձայնը. Արդարեւ անոնք իրենց ճամբան ծռեցին, Տէրը՝ իրենց Աստուածը մոռցան։
22«Ո՛վ ուխտադրուժ որդիներ, վերադարձէ՛ք, Ես ձեր ուխտադրժութիւնները պիտի բուժեմ»։ «Ահա՛ մենք քեզի կու գանք, Քանի որ դո՛ւն ես Տէրը՝ մեր Աստուածը.
23Ի՛րապէս բլուրներու Եւ լեռներու բազմութեան յուսալը ընդունայն է։ Ի՛րապէս Իսրայէլի փրկութիւնը Տէրոջմէն՝ մեր Աստուծմէն է.
24Սակայն մեր երիտասարդութենէն ի վեր ամօ՛թը սպառեց մեր հայրերուն վաստակը, Անոնց ոչխարները եւ արջառները, Անոնց որդիներն ու աղջիկները։
25Մեր ամօթով կը պառկինք, Մեր նախատինքը մեզ կը ծածկէ. Արդարեւ մեր երիտասարդութենէն մինչեւ այսօր Թէ՛ մենք եւ թէ մեր հայրերը Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն դէմ մեղանչեցինք, Ու Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն ձայնը մտիկ չըրինք»։