Jeremiah 4
Isaiah « Jeremiah 3 ‹ Jeremiah 4 › Jeremiah 5 » Lamentations
ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ՄԸ
1«Եթէ վերադառնաս, ո՛վ Իսրայէլ,— կը պատգամէ Տէրը,— Ինծի՛ վերադարձիր. Եթէ քու պղծութիւններդ իմ առջեւէս հեռացնես, Ա՛լ թափառական պիտի չըլլաս։
2Եթէ ճշմարտութեամբ, իրաւունքով եւ արդարութեամբ Երդում ընես. “Տէրը կ’ապրի”, Ազգերը անով պիտի օրհնուին Ու անով պիտի պարծենան»։
3Արդարեւ Տէրը Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդոց սա՛ կը յայտարարէ. «Ձեր խոպան հողե՛րը մշակեցէք, Եւ փուշերու մէջ մի՛ սերմանէք։
4Ո՛վ Յուդայի մարդիկ ու Երուսաղէմի բնակիչներ, Տէրո՛ջ համար թլփատուեցէք Եւ ձեր սիրտի՛ն թլիփը հանեցէք, Որպէսզի իմ ցասումս ձեր չար արարքներուն 1պատճառով Կրակի պէս 2չպոռթկայ ու չայրէ, եւ մարող մը չըլլայ»։
ՅՈՒԴԱ ԳՐԱՒՈՒՄԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԻՆ ՏԱԿ
5«Յուդայի մէջ յայտարարեցէ՛ք, Երուսաղէմի մէջ 3ծանուցանեցէ՛ք եւ ըսէ՛ք. Երկրին մէջ շեփո՛ր հնչեցուցէք, 4Բարձրաձա՛յն գոչեցէք եւ ըսէ՛ք. “Հաւաքուեցէ՛ք, ու մտնե՛նք պարսպապատ քաղաքները։
6Դրօշա՛կ բարձրացուցէք դէպի Սիոն, Փախէ՛ք, մի՛ կայնիք. Որովհետեւ ես չարիք ու մեծ փլուզում պիտի բերեմ հիւսիսէն”։
7Առիւծը իր թաւուտէն ելաւ, Ազգերը բնաջնջողը մեկնեցաւ, Իր տեղէն ելաւ՝ որպէսզի քու երկիրդ ամայի 5դարձնէ. Քաղաքներդ պիտի աւերուին, Եւ անոնց մէջ բնակիչ պիտի չըլլայ։
8Հետեւաբար 6քո՛ւրձ հագէք՝՝, Հեծեծեցէ՛ք ու գոռացէ՛ք, Որովհետեւ Տէրոջ բորբոքած բարկութիւնը մեզմէ չի հեռանար»։
9«Այդ օրը,— կը պատգամէ Տէրը,— Թագաւորին սիրտը եւ իշխանաւորներուն սիրտը պիտի 7հալի. Քահանաները պիտի ապշին, Մարգարէները պիտի զարմանան»։
10Այն ատեն ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, Ի՛րապէս դուն այս ժողովուրդն ու Երուսաղէմը մեծապէս հրապուրեցիր՝ ըսելով. “Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ”. Մինչդեռ սուրը մինչեւ անոնց անձը հասաւ»։
11Այն ատեն այս ժողովուրդին ու Երուսաղէմին պիտի ըսուի. «Այրող հով մը անապատին բլրակներէն կը փչէ Իմ ժողովուրդիս աղջիկին ճամբային մէջ, Ո՛չ թէ հոսելու համար, ո՛չ ալ մաքրելու համար։
128Ասկէ սաստիկ հով մը ինձմէ պիտի գայ՝՝. Հիմա ես ալ անոնց դէմ դատավճիռներ պիտի արձակեմ»։
ՅՈՒԴԱ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՎ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ
13Ահա՛ անիկա ամպերու պէս պիտի 9արշաւէ, Եւ անոր կառքերը՝ փոթորիկի պէս. Անոր ձիերը արծիւներէն աւելի արագընթաց են. Վա՜յ մեզի, քանի որ պիտի բնաջնջուինք։
14Ո՛վ Երուսաղէմ, լուա՛ սիրտդ չարութենէն, Որպէսզի փրկուիս. Մինչեւ ե՞րբ չար մտածումներդ քու մէջդ պիտի 10մնան։
15Արդարեւ ձայն մը Դանէն կը յայտարարէ, Եփրեմի լեռնէն պատուհաս կը ծանուցանէ։
16Սա՛ 11գիտցուցէ՛ք ազգերուն, 12Եւ իմացուցէ՛ք՝՝ Երուսաղէմի. «Հեռաւոր երկրէ պաշարողներ կու գան, Յուդայի քաղաքներուն դէմ իրենց ձայնը լսել կու տան։
17Արտի պահապաններու պէս զայն պիտի շրջապատեն, Որովհետեւ ան ինծի դէմ ընդվզեցաւ,— կը պատգամէ Տէրը։—
18Քու 13ընթացքդ եւ արարքներդ քեզ ասոնց արժանի ըրին. Ասիկա քու չարութեանդ պտուղն է. արդարեւ դառն է, Ու մինչեւ քու սիրտդ կը հասնի»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՎԻՇՏԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
19«Ընդե՜րքս, ընդե՜րքս. մինչեւ սիրտիս 14շտեմարանները 15ցաւ կը զգամ՝՝։ Սիրտս իմ ներսս կ’ալեկոծի, չեմ կրնար լռել, Քանի դուն, ո՛վ իմ անձս, լսեցիր շեփորին ձայնը Եւ պատերազմին գոչիւնը։
20“Փլուզում փլուզումի վրայ” կը յայտարարուի, Որովհետեւ ամբողջ երկիրը կործանեցաւ. 16Վրաններս յանկարծ կործանեցան, Ու խորաններս՝ վայրկենապէս.
21Մինչեւ ե՞րբ դրօշակը պիտի տեսնեմ Եւ շեփորին ձայնը պիտի լսեմ։
22Արդարեւ իմ ժողովուրդս յիմար է, զիս չճանչցան. Անոնք անմիտ որդիներ են, Անոնց քով խելք չկայ. Անոնք չարիք ընելու համար իմաստուն են, Բայց բարիք ընել չեն գիտեր»։
ԳԱԼԻՔ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
23Երկրի նայեցայ, եւ ահա՛ ամայի ու դատարկ էր. Երկինքին նայեցայ, եւ անոր լոյսը չկար։
24Լեռներուն նայեցայ, եւ ահա՛ կը ցնցուէին, Ու բոլոր բլուրները կ’երերային։
25Նայեցայ, եւ ահա՛ մարդ չկար, Ու երկինքի բոլոր թռչունները փախած էին։
26Նայեցայ, եւ ահա՛ բարեբեր արտը անապատ եղած էր, Անոր բոլոր քաղաքները փլած էին Տէրոջ ներկայութենէն, Անոր բորբոքած բարկութեան 17առջեւ։
27Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ամբողջ երկիրը պիտի աւերուի, Բայց ամբողջովին ամայի պիտի չընեմ։
28Ասոր համար երկիրը պիտի սգայ, Ու վերէն երկինքը պիտի մթագնի. Քանի ես ըսի եւ որոշեցի, Պիտի չզղջամ, անկէ 18պիտի չհրաժարիմ՝՝»։
29Ձիաւորներուն եւ աղեղնաւորներուն աղմուկէն 19Ամէն քաղաք՝՝ պիտի փախչի։ Անոնք թանձրախիտ անտառներու մէջ պիտի մտնեն, Ապառաժներու վրայ պիտի մագլցին։ Բոլոր քաղաքները պիտի լքուին, Ո՛չ մէկ մարդ պիտի բնակի անոնց մէջ։
30Իսկ դո՛ւն, ո՛վ կործանուած, ի՞նչ պիտի ընես. Թէեւ 20կարմիր հագնիս, Քեզ ոսկի զարդերով զարդարես, Եւ 21աչքերուդ վրայ շատ ծարոյր դնես՝՝, Ընդունայն դուն քեզ կը գեղեցկացնես։ Քու սիրահարներդ քեզ 22մերժեցին եւ կեանքդ կը փնտռեն։
31Որովհետեւ ձայն մը լսեցի՝ երկնող կնոջ մը ձայնին պէս, Իր անդրանիկը ծնանողին տագնապի ձայնին պէս. Սիոնի աղջիկին ձայնն է, որ կը հառաչէ ու ձեռքերը տարածելով՝ կ’ըսէ. “Վա՜յ ինծի, Քանի որ սպաննողներուն առջեւ անձս պարտասած է”»։