Jeremiah 5
Isaiah « Jeremiah 4 ‹ Jeremiah 5 › Jeremiah 6 » Lamentations
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԵՂՔԸ
1«Շրջագայեցէ՛ք Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, Նայեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք, Փնտռեցէ՛ք անոր հրապարակներուն մէջ. Եթէ մարդ մը գտնէք, Եթէ իրաւունքը կիրարկող, հաւատարմութիւն փնտռող մը ըլլայ, Ես այդ քաղաքին կը ներեմ։
2Թէեւ կ’ըսեն. “Տէրը կ’ապրի”, Անտարակոյս 1սուտ երդում կ’ընեն»։
3Ո՛վ Տէր, միթէ քու աչքերդ հաւատարմութեան չե՞ն նայիր. Զանոնք ծեծեցիր, բայց 2ցաւ չզգացին՝՝. Զանոնք սպառեցիր, բայց մերժեցին պատիժը ընդունիլ։ Իրենց երեսը ժայռէն աւելի կարծրացուցին, Ու մերժեցին դարձի գալ։
4Ուստի ըսի. «Ի՛րապէս ասոնք 3թշուառականներ են. Խենթ են, քանի որ Տէրոջ ճամբան՝ Իրենց Աստուծոյն կանոնը չեն գիտեր։
5Ես մեծերուն պիտի երթամ Եւ անոնց հետ խօսիմ, Որովհետեւ իրենք գիտեն Տէրոջ ճամբան, Եւ իրենց Աստուծոյն կանոնը»։ Բայց ահա՛ ասոնք 4բոլորն ալ՝՝ լուծը կոտրեցին, Կապերը փրցուցին։
6Հետեւաբար անտառին առիւծը պիտի 5մեռցնէ զիրենք, 6Անապատներուն գայլը պիտի բնաջնջէ զիրենք. Ինձը պիտի հսկէ իրենց քաղաքներուն վրայ, Ո՛վ որ անոնցմէ դուրս ելլէ՝ պիտի բզքտուի. Քանի որ իրենց յանցանքները շատցան, Եւ իրենց ուխտադրժութիւնները բազմացան։
7«Ասոր համար ի՞նչպէս քեզի ներեմ. Քու որդիներդ զիս լքեցին, Ու չաստուածներով երդում ըրին։ Երբ զանոնք կշտացուցի, շնութիւն ըրին Եւ պոռնկատունը խմբաւորուեցան։
8Լաւ կերակրուած ձիերու պէս կը վազվռտեն, Ամէն մարդ իր ընկերին կնոջ կը վրնջէ։
9Միթէ ասոնց համար պիտի 7չպատժե՞մ զանոնք,— կը պատգամէ Տէրը,— Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ անձս վրէժ պիտի չառնէ՞։
10Ելէ՛ք անոր պարիսպներուն վրայ ու քանդեցէ՛ք, Բայց ո՛չ ամբողջովին։ Հանեցէ՛ք անոր 8ուռերը, Որովհետեւ անոնք Տէրոջ չեն պատկանիր։
11Արդարեւ Իսրայէլի տունը եւ Յուդայի տունը Ինծի յոյժ անհաւատարիմ եղան», կը պատգամէ Տէրը։
ՏԷՐԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
12Անոնք Տէրը ուրացան եւ ըսին. «9Ինք չէ՝՝, Ու մեր վրայ չարիք պիտի չգայ. Ո՛չ սուր պիտի տեսնենք, ո՛չ սով։
13Մարգարէները հովի պէս են, Անոնց բերանը Տէրոջ խօսքը չկայ. Այդպէս պիտի ըլլայ անոնց»։
14Հետեւաբար սա՛ կը յայտարարէ Տէրը՝ զօրքերու Աստուածը. «Քանի դուք այս խօսքը ըսիք, Ահա՛ ես իմ խօսքերս քու բերանիդ մէջ կրակ պիտի ընեմ Եւ այս ժողովուրդը՝ փայտ, Եւ զանոնք պիտի սպառէ։
15Ահա՛ ես հեռուէն ձեզի դէմ ազգ մը կը բերեմ, Ո՛վ Իսրայէլի տունը,— կը պատգամէ Տէրը.— Ան 10զօրաւոր ազգ է, Ան 11հին ազգ է, Ազգ մը՝ որուն լեզուն չես գիտեր Ու խօսածը չես հասկնար։
16Անոնց կապարճը բաց գերեզմանի պէս է. Բոլորն ալ զօրաւոր մարդիկ են։
17Քու հունձքդ անիկա՛ պիտի ուտէ, Քու որդիներուդ եւ աղջիկներուդ ուտելիք հացը։ Քու ոչխարներդ եւ արջառներդ պիտի ուտէ, Քու որթատունկերդ ու թզենիներդ պիտի ուտէ, Քու պարսպապատ քաղաքներդ՝ որոնց 12ապաւինած ես, Սուրով պիտի 13կործանէ։
18Բայց այդ օրերն ալ,— կը պատգամէ Տէրը,— Ձեզ պիտի 14չբնաջնջեմ։
19Եթէ ըսէք. “Ի՞նչ պատճառով Տէրը՝ մեր Աստուածը՝ այս բոլորը ըրաւ մեզի”, Դուն անոնց պատասխանէ՛. “Ինչպէս դուք զիս լքեցիք Ու ձեր երկրին մէջ օտար աստուածներու 15ծառայեցիք, Այնպէս ալ ձերը չեղած երկրի մը մէջ Օտարներու պիտի ծառայէք”»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
20Յակոբի տան մէջ սա՛ յայտարարեցէք, Ու Յուդայի մէջ 16ծանուցանելով՝ ըսէ՛ք.
21«Հիմա սա՛ մտիկ ըրէք, Ո՛վ անմիտ եւ 17անխելք ժողովուրդ, Որ աչքեր ունիք՝ բայց չէք տեսներ, Ականջներ ունիք՝ բայց չէք լսեր։
22Պիտի չվախնա՞ք ինձմէ,— կը պատգամէ Տէրը,— Պիտի չսարսափի՞ք իմ առջեւս. Ե՛ս յաւիտենական կանոնով մը ծովուն սահման դրի աւազը, Եւ անկէ չ’անցնիր. Անոր ալիքները կը 18փրփրին, բայց չեն կրնար յաղթել. Անոնք կը գոռան, սակայն անկէ չեն կրնար անցնիլ։
23Իսկ այս ժողովուրդը ապստամբ եւ անհնազանդ սիրտ մը ունի, Իրենց ճամբայէն շեղեցան ու գացին,
24Եւ իրենց սիրտին մէջ չըսին. “Տէրոջմէն՝ մեր Աստուծմէն վախնանք, Որ տեղատարափը, առաջին անձրեւն ու վերջին անձրեւը իր ատենին կու տայ, Եւ հունձքի համար որոշուած շաբաթները մեզի կը պահէ”»։
25Ձեր անօրէնութիւննե՛րը հեռացուցին ասոնք. Ձեր մեղքե՛րը ձեզմէ կասեցուցին բարիքը։
26Արդարեւ ամբարիշտնե՛ր գտնուեցան իմ ժողովուրդիս մէջ. Անոնք կծկուած թռչնորսներու պէս կը դիտեն, Որոգայթ կը լարեն, մարդիկ կը բռնեն։
27Ինչպէս վանդակը թռչուններով լեցուն է, Այնպէս անոնց տուները խաբէութեամբ լեցուն են. Հետեւաբար անոնք մեծցան ու հարստացան,
28Պարարտացան, փայլեցան, Եւ չարերուն արարքներն ալ գլեցին անցան։ Անոնք դատը չեն պաշտպաներ, Որբին դատը. (Սակայն կը յաջողին.) Աղքատին իրաւունքը չեն 19պաշտպաներ։
29Միթէ ասոնց համար պիտի 20չպատժե՞մ զանոնք,— կը պատգամէ Տէրը,— Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ անձս վրէժ պիտի չառնէ՞։
30Երկրին մէջ ապշեցուցիչ ու քստմնելի բան կ’ըլլայ.
31Մարգարէները 21սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն, Քահանաները անոնց 22միջոցով կը տիրապետեն։ Իմ ժողովուրդս ասիկա կը սիրէ. Բայց ի՞նչ պիտի ընէք, երբ ասոնց վախճանը հասնի»։