Jeremiah 6
Isaiah « Jeremiah 5 ‹ Jeremiah 6 › Jeremiah 7 » Lamentations
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԷ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ
1Ո՛վ Բենիամինի որդիներ, փախէ՛ք Երուսաղէմի մէջէն, Շեփո՛ր հնչեցուցէք Թեկուէի մէջ, 1Թանձր մո՛ւխ՝՝ բարձրացուցէք Բեթաքարմայի վրայ. Որովհետեւ հիւսիսէն չարիք կ’երեւնայ, ու մեծ փլուզում։
2Սիոնի աղջիկը 2գեղեցիկ ու քնքուշ կնոջ մը նմանցուցի.
3Հովիւները եւ անոնց հօտերը անոր պիտի երթան, Անոր դիմացը վրաններ պիտի 3լարեն՝ բոլորաձեւ, Իւրաքանչիւրը իր տեղին մէջ պիտի 4արածի։
4«Անոր դէմ պատերա՛զմ 5պատրաստեցէք. Ոտքի՛ ելէք, ու կէսօրի՛ն բարձրանանք. Վա՜յ մեզի, որովհետեւ օրը կը 6մթննայ, Եւ իրիկուան ստուերները կ’երկարին»։
5«Ոտքի՛ ելէք, գիշե՛րը բարձրանանք, Ու քանդենք անոր պալատները»։
6Արդարեւ զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ծառե՛ր կտրեցէք եւ հողաբլո՛ւր բարձրացուցէք Երուսաղէմի դիմաց։ Ասիկա 7պատժուելու արժանի՝՝ քաղաք մըն է, Ամէնուրեք հարստահարութիւն կայ անոր մէջ։
7Ինչպէս 8աղբիւրը կը 9բխեցնէ իր ջուրերը, Այնպէս ալ ան 10կ’արտաբերէ իր չարութիւնը։ Անոր մէջ բռնութեան ու կործանումի ժխոր կը լսուի. Իմ առջեւս շարունակ 11կսկիծներ եւ 12վէրքեր կան։
8Ո՛վ Երուսաղէմ, խրատուէ՛, Որպէսզի իմ անձս քեզմէ չզատուի, Ու քեզ ամայի եւ անբնակ երկրի մը 13չվերածեմ»։
ԱՊՍՏԱՄԲ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
9Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Իսրայէլի մնացորդը 14այգիի պէս Բոլորովին ճռաքաղ պիտի ընեն. Քու ձեռքդ կողովներո՛ւն դարձուր՝ կթողի պէս»։
10Որո՞ւ խօսիմ, ո՞վ վկայ կանչեմ, որ լսեն. Ահա՛ անոնց ականջները անթլփատ են, Ու չեն կրնար ուշադիր ըլլալ։ Ահա՛ Տէրոջ խօսքը անոնց առջեւ նախատուեցաւ. Անկէ չեն ախորժիր։
11Ուստի ես Տէրոջ ցասումով լեցուած եմ. Զայն մէջս 15պահելէն հիւծեցայ։ «Զայն 16թափէ՛ երախաներուն վրայ՝ փողոցը, Նաեւ երիտասարդներուն խորհրդաժողովին վրայ, Քանի որ ամուսինը եւ կինը, Ծերն ու 17տարիքաւորը պիտի բռնուին.
12Անոնց տուները ուրիշներուն պիտի փոխանցուին՝ Իրենց արտերուն եւ կիներուն հետ, Որովհետեւ երկրին բնակիչներուն վրայ Իմ ձեռքս պիտի երկարեմ,— կը պատգամէ Տէրը։—
13Արդարեւ անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ Բոլորը ագահութեան անձնատուր են, Ու մարգարէէն մինչեւ քահանան՝ Բոլորը կեղծիքով կը վարուին։
14Իմ ժողովուրդիս աղջիկին 18վէրքը հարեւանցի բուժելով՝ կ’ըսեն. “Խաղաղութի՜ւն է, խաղաղութի՜ւն”, Մինչդեռ խաղաղութիւն չկայ։
15Միթէ իրենց գարշութիւն գործած ատենը կ’ամչնա՞ն. Բնա՛ւ չեն ամչնար, Եւ խպնիլ չեն գիտեր։ Հետեւաբար ինկողներուն հետ պիտի իյնան, Զիրենք 19պատժած ատենս պիտի գայթին», կը յայտարարէ Տէրը։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃԱՄԲԱՆ
16Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Կայնեցէ՛ք ճամբաներուն վրայ ու նայեցէ՛ք, Հարցուցէ՛ք հնադարեան շաւիղներուն մասին՝ Թէ ո՛րն է բարօրութեան ճամբան, Եւ քալեցէ՛ք անոր մէջէն, Որպէսզի հանգիստ գտնէք ձեր անձերուն։ Բայց անոնք պատասխանեցին. “Անոր մէջէն պիտի չքալենք”։
17Նաեւ դէտեր նշանակեցի ձեր վրայ՝ պատուիրելով. “Ուշադի՛ր եղէք շեփորի ձայնին”. Բայց անոնք պատասխանեցին. “Ուշադիր պիտի չըլլանք”։
18Ուրեմն, ո՜վ ազգեր, լսեցէ՛ք. Ո՛վ համայնք, գիտցի՛ր անոնց մէջ եղածը։
19Լսէ՛, ո՛վ երկիր. Ահա՛ ես այս ժողովուրդին վրայ չարիք պիտի բերեմ՝ Իրենց մտածումներուն պտուղը, Որովհետեւ իմ խօսքերուս ուշադիր չեղան, Եւ օրէնքս ալ մերժեցին։
20Ինչո՞ւ ինծի Սաբայէն կնդրուկ գայ, Ու հեռաւոր երկրէ՝ 20հոտաւէտ խունկեղէգ. Ձեր ողջակէզները 21ընդունելի չեն, Եւ ձեր զոհերը ինծի հաճելի չեն։
21Հետեւաբար Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես այս ժողովուրդին առջեւ խոչընդոտներ պիտի դնեմ, Որոնց զարնուելով՝ հայրերն ու որդիները միասին պիտի գայթին, Դրացին եւ իր բարեկամը պիտի կորսուին”»։
ՀԻՒՍԻՍԷՆ ԵԿՈՂ ԱՍՊԱՏԱԿՆԵՐ
22Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ հիւսիսի երկրէն ժողովուրդ մը կու գայ, Ու երկրի 22ծայրերէն մեծ ազգ մը 23կ’արշաւէ։
23Անոնք աղեղ ու տէգ կը բռնեն, Անգութ եւ անողորմ են. Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ։ Անոնք ձիերու վրայ հեծած են, Ու պատերազմիկի պէս Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ Սիոնի աղջիկ»։
24Երբ անոր համբաւը լսեցինք՝ Մեր ձեռքերը թուլցան. Տագնապը մեզ համակեց՝ Ծննդաբերող կնոջ երկունքի ցաւին պէս։
25Դուրս մի՛ ելլէք դէպի արտերը, ու ճամբաներէն մի՛ երթաք, Որովհետեւ ամէն կողմ թշնամիին սուրը եւ արհաւիրք կայ։
26Ո՛վ իմ ժողովուրդիս աղջիկը, 24քո՛ւրձ հագիր՝՝, Մոխիրի՛ մէջ թաւալէ, Եւ լա՛ց դառնագին կոծով, Ինչպէս մէկ հատիկ զաւակի վրայ կը սգան. Որովհետեւ կործանողը յանկարծ մեր վրայ պիտի հասնի։
27«Քեզ իմ ժողովուրդիս վրայ կարգեցի իբր 25քննիչ եւ ամրոց, Որպէսզի անոնց ճամբան գիտնաս ու քննես։
28Բոլորը շեղած ապստամբներ են, Բանսարկութեան կ’երթան, պղինձ եւ երկաթ են. Բոլորը ապականած են։
29Փքոցը հրաբորբոք եղաւ, Կապարը կրակէն հատաւ. Ձուլագործը ընդունայն կը զտէ, Որովհետեւ 26խարամը անջատուած չէ՝՝։
30Անոնք “անարգ արծաթ” պիտի կոչուին, Որովհետեւ Տէրը զանոնք 27մերժած է»։