Loading...

Jeremiah 7

Isaiah  «  Jeremiah 6  ‹  Jeremiah 7  ›  Jeremiah 8  »  Lamentations


ԵՐԵՄԻԱ ԿԸ ՔԱՐՈԶԷ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

1

Երեմիայի 1ուղղուած խօսքը Տէրոջմէն՝ որ ըսաւ.

2

«Տէրոջ տան դո՛ւռը կայնէ, Ու հոն սա՛ խօսքը 2արտասանէ՛. “Տէրոջ խօսքը մտի՛կ ըրէք, ո՛վ ամբողջ Յուդա, Որ այս դռներէն կը մտնէք՝ Տէրոջ երկրպագելու համար։

3

Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. "Բարեփոխեցէ՛ք ձեր 3ընթացքն ու արարքները, Որպէսզի ձեզ թողում՝ որ այս տեղը բնակիք։

4

Մի՛ վստահիք սուտ խօսքերու՝ ըսելով. «Տէրոջ տաճարը, Տէրոջ տաճարը, Տէրոջ տաճարը ա՛յս է»։

5

Հապա եթէ ձեր ընթացքն ու արարքները բոլորովին բարեփոխէք, Եթէ մարդուն եւ իր ընկերին միջեւ Իրաւունքը բոլորովին կիրարկէք,

6

Գաղթականը, որբն ու այրին չհարստահարէք Այս տեղը անմեղ արիւն չթափէք, Եւ ուրիշ աստուածներու չհետեւիք՝ Ձեր ձախորդութեան համար,

7

Այն ատեն ձեզ պիտի թողում՝ որ այս տեղը բնակիք, Ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ, 4Դարէ դար՝՝։

8

Ահա՛ դուք սուտ խօսքերու կը վստահիք, Որոնք չեն կրնար օգտակար ըլլալ։

9

Միթէ գողութիւն, մարդասպանութիւն եւ շնութիւն ընելով, 5Սուտ երդում ընելով ու Բահաղի խունկ ծխելով, Ուրիշ աստուածներու հետեւելով՝ որ չէք ճանչնար,

10

Կրնա՞ք գալ եւ ինծի ներկայանալ այս տան մէջ՝ Որ իմ անունովս կոչուած է, Եւ ըսել. «Ազատուած ենք, որպէսզի այս բոլոր գարշութիւնները գործենք»։

11

Այս տունը, որ իմ անունովս կոչուած է, Միթէ աւազակներու քարա՞յր եղաւ ձեր աչքերուն։ Ահա՛ ես ալ տեսայ,— կը պատգամէ Տէրը։—

12

Ուրեմն գացէ՛ք իմ տեղս՝ որ Սելովի մէջ էր, Ուր նախապէս իմ անունս բնակեցուցեր էի, Ու տեսէ՛ք թէ ի՛նչ ըրեր եմ անոր, Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի չարութեան պատճառով։

13

Ուստի հիմա, քանի այս բոլոր արարքները գործեցիք,— կը պատգամէ Տէրը,— Ու ձեզի խօսեցայ — կանուխ ելլելով խօսեցայ —, բայց մտիկ չըրիք, Ձեզ կանչեցի, բայց չպատասխանեցիք,

14

Ես ալ այս ձեր 6ապաւինած տան՝ Որ իմ անունովս կոչուած է, Եւ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած տեղիս Պիտի ընեմ այնպէս՝ ինչպէս ըրի Սելովի.

15

Ձեզ պիտի վտարեմ իմ առջեւէս, Ինչպէս վտարեցի ձեր բոլոր եղբայրները՝ Եփրեմի ամբողջ զարմը"”»։


ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

16

«Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար մի՛ աղօթեր, Անոնց համար 7պաղատանք եւ աղօթք մի՛ մատուցաներ, Ու մի՛ բարեխօսեր, Քանի որ քեզի մտիկ պիտի չընեմ։

17

Չե՞ս տեսներ թէ ի՛նչ կ’ընեն Յուդայի քաղաքներուն ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ.—

18

Որդիները փայտ կը ժողվեն, Հայրերը կրակ կը վառեն, Կիները խմորի զանգուած կը շաղեն՝ Երկինքի թագուհիին բլիթներ շինելու համար, Եւ ուրիշ աստուածներու թափելիք նուէրներ 8կ’ընծայեն, Որպէսզի զիս գրգռեն։

19

Միթէ անոնք զի՞ս կը գրգռեն,— կը պատգամէ Տէրը.— Իրենց զիրենք կը գրգռեն, իրենց երեսին ամօթին համար»։

20

Հետեւաբար սա՛ կը յայտարարէ Տէրը՝ Եհովան. «Ահա՛ իմ բարկութիւնս ու ցասումս Այս տեղին վրայ պիտի թափի, Մարդու վրայ եւ անասունի վրայ, Դաշտի ծառերուն վրայ Ու հողի պտուղներուն վրայ, Եւ պիտի բռնկի ու չմարի»։

21

Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. «Ձեր ողջակէզները աւելցուցէ՛ք ձեր զոհերուն վրայ, եւ մի՛ս կերէք։

22

Արդարեւ այն օրը երբ ձեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հանեցի, Ողջակէզի ու զոհի մասին անոնց չխօսեցայ, Ո՛չ ալ անոնց հրամայեցի.

23

Հապա անոնց սա՛ բանը հրամայեցի՝ ըսելով. “Մտի՛կ ըրէք իմ ձայնս, Ու 9ես ձեր Աստուածը պիտի ըլլամ, Դուք ալ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլաք՝՝։ Քալեցէ՛ք այն բոլոր ճամբաներուն մէջէն՝ որ ձեզի հրամայեցի, Որպէսզի բարօրութիւն ունենաք”։

24

Բայց անոնք մտիկ չըրին եւ ականջ չդարձուցին. Հապա իրենց չար սիրտին կամակորութեամբ՝ Իրենց խորհուրդներուն 10հետեւեցան. Ետեւ 11գացին, եւ ո՛չ թէ յառաջ։

25

Ձեր հայրերուն Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէն մինչեւ այսօր, Իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները ձեզի ղրկեցի։ Ամէն օր կանուխ ելլելով՝ զանոնք կը ղրկէի.

26

Սակայն ինծի մտիկ չըրին եւ իրենց ականջ չդարձուցին, Հապա իրենց պարանոցը խստացուցին. Իրենց հայրերէն աւելի 12չար եղան՝՝»։

27

«Դուն այս բոլոր խօսքերը անոնց պիտի ըսես, Բայց քեզի մտիկ պիտի չընեն. Զանոնք պիտի կանչես, Բայց քեզի պիտի չպատասխանեն։

28

Այն ատեն անոնց ըսէ՛. “Ահա՛ւասիկ Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն ձայնը մտիկ չընող Ու խրատ չընդունող ազգը. 13Ճշմարտութիւնը կորսուեցաւ, եւ անոնց բերանէն կտրուեցաւ”»։


ՄԵՂՍԱԼԻՑ ԳՈՐԾԵՐ ԵՆՈՎՄԻ ՁՈՐԻՆ ՄԷՋ

29

«Կտրէ՛ մազերդ ու նետէ՛, ո՛վ Երուսաղէմ, Եւ բլրակներուն վրայ ո՛ղբ բարձրացուր, Քանի որ Տէրը մերժեց ու երեսէ ձգեց այն սերունդը՝ Որուն դէմ ցասում ունէր։

30

Արդարեւ Յուդայի որդիները իմ 14առջեւս չարիք գործեցին,— կը պատգամէ Տէրը.— Իրենց պղծութիւնները իմ անունովս կոչուած տան մէջ դրին՝ Որպէսզի զայն պղծեն։

31

Ենովմի որդիին ձորին մէջ եղող Տոփէթի բարձր տեղերը կառուցանեցին՝ Իրենց որդիներն ու աղջիկները կրակով այրելու համար, Ինչ որ անոնց չհրամայեցի եւ այդ մասին 15չմտածեցի։

32

Ուստի ահա՛ կու գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— Երբ ա՛լ Տոփէթ կամ “Ենովմի որդիին ձորը” պիտի 16չկոչուի, Հապա՝ “Ջարդի ձոր”, Ու Տոփէթի մէջ մեռելներ պիտի թաղեն՝ 17մինչեւ որ ա՛լ տեղ չըլլայ՝՝։

33

Այս ժողովուրդին դիակները՝ Երկինքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն ուտելիք պիտի ըլլան, Եւ ո՛չ մէկը զանոնք պիտի 18վռնտէ։

34

Յուդայի քաղաքներէն ու Երուսաղէմի փողոցներէն՝ Բերկրանքի ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը, Փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը պիտի դադրեցնեմ, Որովհետեւ երկիրը պիտի ամայանայ»։



1 Եբր.՝ եղած
2 Եբր.՝ յայտարարէ՛
3 Եբր.՝ ճամբաներն
4 Եբր.՝ Յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն
5 Եբր.՝Կեղծ
6 Եբր.՝ վստահած
7 Եբր.՝ ճիչ
8 Եբր.՝ կը թափեն
9 Եբր.՝ ես ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ, դուք ալ ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք
10 Եբր.՝ մէջէն ընթացան
11 Եբր.՝ եղան
12 Եբր.՝ չարիք գործեցին
13 Եբր.՝ Հաւատարմութիւնը
14 Եբր.՝ աչքերուս
15 Եբր.՝ սիրտիս մէջ չբարձրացաւ
16 Եբր.՝ չըսուի
17 Կամ՝ ուրիշ տեղ չըլլալուն համար
18 Եբր.՝ դողացնէ