Loading...

Jeremiah 8

Isaiah  «  Jeremiah 7  ‹  Jeremiah 8  ›  Jeremiah 9  »  Lamentations


1

«Այդ ատեն,— կը պատգամէ Տէրը,— Յուդայի թագաւորներուն ոսկորները, Անոր իշխանաւորներուն ոսկորները, Քահանաներուն ոսկորները, Մարգարէներուն ոսկորները, Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ոսկորները՝ Իրենց գերեզմաններէն պիտի հանեն,

2

Եւ զանոնք պիտի տարածեն արեւին առջեւ, լուսինին առջեւ, Ու երկինքի բոլոր զօրքերուն առջեւ, Որոնք սիրեցին եւ պաշտեցին, Որոնց հետեւեցան, Որոնց խորհուրդ հարցուցին ու երկրպագեցին։ Անոնք պիտի չհաւաքուին եւ չթաղուին. Գետինի մակերեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան։

3

Մահը կեանքէն նախընտրելի պիտի ըլլայ Այս չար գերդաստանին բոլոր մնացորդներուն, Որոնք մնացած են այն բոլոր տեղերը՝ Ուր զանոնք աքսորեր եմ», կը պատգամէ զօրքերու Տէրը։


ՄԵՂՔ ԵՒ ՊԱՏԻԺ

4

«Անոնց ըսէ՛. Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Միթէ անոնք պիտի իյնան ու պիտի չելլե՞ն. Կամ մէկը ճամբայէն կը շեղի եւ չի՞ վերադառնար”։

5

Ինչո՞ւ այս Երուսաղէմի ժողովուրդը մշտատեւ ուխտադրժութեամբ շեղեցաւ. Անոնք խաբէութեան կառչեցան, մերժելով դարձի գալ։

6

Ուշադիր եղայ ու մտիկ ըրի. Անոնք շիտակ չեն խօսիր։ Ո՛չ մէկը իր չարութեան համար կը զղջայ՝ Ըսելով. “Ի՜նչ ըրի”. Իւրաքանչիւրը իր վազքին կը վերադառնայ, Ինչպէս ձին պատերազմին մէջ կը խոյանայ։

7

Արագիլն անգամ օդին մէջ իր գաղթին եղանակը գիտէ, Տատրակը, կռունկն ու ծիծեռնակը Իրենց 1գալուստի ժամանակին ուշադիր կ’ըլլան, Բայց իմ ժողովուրդս Տէրոջ կանոնը չի գիտեր։

8

Ի՞նչպէս կ’ըսէք. “Մենք իմաստուն ենք, Եւ Տէրոջ օրէնքը մեր քով է”, Մինչդեռ ահա՛ դպիրներուն խաբեբայ գրիչը զայն կեղծիքի 2վերածած է։

9

Իմաստունները ամչցան, Անոնք զարհուրեցան ու բռնուեցան. Ահա՛ Տէրոջ խօսքը 3անարգեցին, Ա՛լ ի՞նչ իմաստութիւն կայ անոնց քով։

10

Ուստի անոնց կիները ուրիշներուն պիտի տամ, Անոնց արտերը՝ իրենց վրայ տիրողներուն. Արդարեւ անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ Բոլորը ագահութեան անձնատուր են, Եւ մարգարէէն մինչեւ քահանան՝ Բոլորը կեղծիքով կը վարուին։

11

Իմ ժողովուրդիս աղջիկին 4վէրքը հարեւանցի բուժելով՝ կ’ըսեն. “Խաղաղութի՜ւն է, խաղաղութի՜ւն”, Մինչդեռ խաղաղութիւն չկայ։

12

Միթէ կ’ամչնա՞ն իրենց գարշութիւն գործած ատենը. Բնա՛ւ չեն ամչնար, Ու խպնիլ չեն գիտեր։ Հետեւաբար ինկողներուն հետ պիտի իյնան, Իրենց 5պատիժին ատենը պիտի գայթին,— կը յայտարարէ Տէրը։—

13

Զանոնք բոլորովին պիտի բնաջնջեմ,— կը պատգամէ Տէրը.— Որթատունկին վրայ խաղող պիտի չըլլայ, Ու թզենիին վրայ թուզ պիտի չըլլայ. Անոնց տերեւներն ալ պիտի թառամին, Եւ ինչ որ անոնց տուի՝ իրենցմէ պիտի 6անհետանայ»։

14

Մենք ինչո՞ւ նստած կը մնանք. Հաւաքուեցէ՛ք, պարսպապատ քաղաքներու մէջ մտնենք, Ու հո՛ն լուռ կենանք։ Արդարեւ Տէրը՝ մեր Աստուածը մեզ լռեցուց Եւ մեզի թունաւոր ջուր խմցուց, Քանի որ Տէրոջ դէմ մեղանչեցինք։

15

Խաղաղութիւն ակնկալեցինք՝ բայց բարիք չեղաւ, Բուժումի ժամանակին սպասեցինք, սակայն ահա՛ սարսափը եկաւ։

16

Անոր ձիերուն փռնչիւնը Դանէն կը լսուի, Անոր երիվարներուն վրնջիւնէն Ամբողջ երկիրը կը շարժի. Արդարեւ կու գան երկիրն ու զայն լեցնողները, Քաղաքը եւ անոր բնակիչները լափելու։

17

«Արդարեւ ահա՛ ձեր մէջ օձեր, Իժեր պիտի ղրկեմ, որ 7թովչութենէ չեն ազդուիր՝՝ Եւ ձեզ պիտի խածնեն», կը պատգամէ Տէրը։

18

Տրտմութենէս կ’ուզեմ սփոփուիլ. Սիրտս ներսս ուժաթափ է։

19

Ահա՛ հեռաւոր երկրէ մը կու գայ Իմ ժողովուրդիս աղջիկին աղաղակին ձայնը. «Միթէ Տէրը Սիոնի մէջ չէ՞. Անոր Թագաւորը հոն չէ՞»։ «Ինչո՞ւ իրենց քանդակած 8կուռքերով Եւ օտարազգիներուն ունայնութիւններով զիս գրգռեցին»։

20

Հունձքին ատենը անցաւ, ամառը վերջացաւ, Բայց մենք չփրկուեցանք։

21

Իմ ժողովուրդիս աղջիկին 9վէրքին համար սիրտս կոտրած է. 10Սգաւոր եմ, եւ ապշութիւնը զիս համակած է։

22

Միթէ Գաղաադի մէջ բալասան չկա՞յ, Հոն բժիշկ չկա՞յ. Հապա ինչո՞ւ իմ ժողովուրդիս աղջիկը 11չապաքինեցաւ։



1 Կամ՝ երթին
2 Եբր.՝ ըրած
3 Կամ՝ մերժեցին
4 Եբր.՝ բեկումը
5 Եբր.՝ հատուցումին
6 անցնի
7 Եբր.՝ չեն հմայուիր
8 Եբր.՝ պատկերներով
9 Եբր.՝ բեկումին
10 Եբր.՝ Սեւցած
11 Եբր.՝ առողջութիւնը չբարձրացաւ