Jeremiah 9
Isaiah « Jeremiah 8 ‹ Jeremiah 9 › Jeremiah 10 » Lamentations
1
Երանի՜ թէ գլուխս ջուր ըլլար, Եւ աչքերս՝ արցունքի աղբիւր, Որպէսզի ցերեկ ու գիշեր լայի Իմ ժողովուրդիս աղջիկին սպաննուածներուն համար։
2Երանի՜ թէ անապատին մէջ ուղեւորներու իջեւան մը ունենայի, Որպէսզի իմ ժողովուրդս լքէի եւ անոնցմէ 1հեռանայի. Արդարեւ բոլորը շնացողներ են, Եւ անհաւատարիմներու խմբակ են։
3«Իրենց լեզուն իրենց աղեղին պէս կը լարեն՝ ստութեան համար, Բայց երկրին մէջ 2ճշմարտութեան համար չեն զօրանար. Արդարեւ չարութենէ չարութիւն 3կ’երթան, Ու զիս չեն ճանչնար,— կը պատգամէ Տէրը։—
4Իւրաքանչիւրը թող զգուշանայ իր բարեկամէն, Բնաւ եղբօր մը մի՛ վստահիք, Որովհետեւ ամէն եղբայր խաբէութիւն կը հնարէ, Եւ ամէն բարեկամ բանսարկութեան կ’երթայ.
5Իւրաքանչիւրը իր բարեկամը կը խաբէ, Ու ճշմարտութիւն չի խօսիր։ Անոնք իրենց լեզուները սուտ խօսելու վարժեցուցած են, Անօրէնութիւն գործելով կը հիւծին։
6Քու բնակարանդ խաբէութեան մէջ է. Խաբէութեան պատճառով կը մերժեն զիս ճանչնալ», կը պատգամէ Տէրը։
7Հետեւաբար զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ զանոնք պիտի զտեմ ու փորձարկեմ, Որովհետեւ ի՞նչպէս վարուելու եմ իմ ժողովուրդիս աղջիկին հետ։
8Անոնց լեզուն մահաբեր նետ է, Խաբէութիւն կը խօսի. Բերանով իր բարեկամին հետ խաղաղութեան մասին կը խօսի, Բայց սիրտին մէջ անոր դարան կը պատրաստէ։
9Միթէ այս բաներուն համար զանոնք պիտի 4չպատժե՞մ,— կը պատգամէ Տէրը,— Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ անձս վրէժ պիտի չառնէ՞»։
10Լեռներուն համար լաց ու եղերերգութիւն պիտի բարձրացնեմ, Եւ անապատի մարգագետիններուն համար՝ ողբ. Որովհետեւ այրեցան, ո՛չ մէկը անկէ կ’անցնի, Ու խաշինքի ձայն չի լսուիր. Օդին թռչուններէն մինչեւ անասունները փախան, գացին։
11Երուսաղէմը քարակոյտերու պիտի 5վերածեմ, Շնագայլերու որջի. Յուդայի քաղաքներն ալ անբնակ ամայութեան պիտի վերածեմ։
12Ո՞վ է այն իմաստուն մարդը՝ որ ասիկա հասկնայ, Եւ անոր Աստուծոյ բերանը խօսած ըլլայ՝ որ սա՛ յայտնէ, Թէ ինչո՛ւ երկիրը կործանած Եւ այրած է՝ անապատի պէս, Ուրկէ ո՛չ մէկը կ’անցնի։
13Տէրը յայտարարեց. «Քանի անոնք լքեցին իմ օրէնքս՝ Որ իրենց առջեւ դրեր էի, Եւ իմ ձայնս մտիկ չընելով՝ անոր համաձայն չընթացան,
14Հապա հետեւեցան իրենց սիրտին կամակորութեան եւ Բահաղներուն, Ինչպէս իրենց հայրերը իրենց սորվեցուցած էին,
15Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես այս ժողովուրդին օշինդր պիտի կերցնեմ, Եւ անոնց թունաւոր ջուր պիտի խմցնեմ։
16Զանոնք պիտի ցրուեմ այն 6հեթանոսներուն մէջ, Որոնք ո՛չ իրենք ճանչցան, ո՛չ ալ իրենց հայրերը։ Անոնց վրայ սուր պիտի ղրկեմ, Մինչեւ որ զանոնք 7հատցնեմ”»։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄՑԻՆԵՐԸ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ
17Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Մտածեցէ՛ք ու եղերամայրե՛ր կանչեցէք՝ որ գան, Իմաստուն կիներուն լո՛ւր ղրկեցէք՝ որ գան,
18Եւ մեզի համար շուտով եղերերգութեան ձայն բարձրացնեն, Որպէսզի մեր աչքերը արցունքներ իջեցնեն, Ու մեր կոպերը ջուրեր հոսեցնեն։
19Արդարեւ Սիոնէն եղերերգութեան ձայն լսուեցաւ. “Ի՜նչպէս կործանեցանք. յոյժ ամչցանք, Որովհետեւ երկիրը լքեցինք, Որովհետեւ մեր բնակարաններէն վտարուեցանք”»։
20Ուրեմն, ո՛վ կիներ, մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը, Ու ձեր ականջները անոր բերանին խօսքը թող ընդունին. Ձեր աղջիկներուն եղերերգութի՛ւն սորվեցուցէք, Եւ ամէն կին իր բարեկամուհիին՝ ողբ։
21Արդարեւ մահը մեր պատուհաններէն բարձրացաւ, Մեր պալատները մտաւ, Որպէսզի փողոցներէն երախաները բնաջնջէ, Ու հրապարակներէն՝ երիտասարդները։
22Ըսէ՛. «Տէրը սա՛ կը պատգամէ. “Մարդոց դիակները պիտի իյնան Արտերու մակերեսին վրայ եղող աղբին պէս, Կամ հնձողներուն ետեւը մնացած խուրձի պէս, Եւ ո՛չ մէկը զանոնք պիտի հաւաքէ”»։
23Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Իմաստունը իր իմաստութեամբ թող չպարծենայ, Ու զօրաւորը իր զօրութեամբ թող չպարծենայ, Հարուստը իր հարստութեամբ թող չպարծենայ.
24Հապա ա՛ն որ կը պարծենայ՝ սա՛ բանով թող պարծենայ, Թէ կը հասկնայ եւ զիս կը ճանչնայ, Ու գիտէ թէ ե՛ս եմ Տէրը, Որ երկրի վրայ կարեկցութիւն, իրաւունք եւ արդարութիւն կը կիրարկեմ. Արդարեւ ես ասո՛նց կը հաճիմ,— կը պատգամէ Տէրը։—
25Ահա՛ պիտի գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— Երբ բոլոր թլփատուածները պիտի 8պատժեմ անթլփատներուն հետ,
26Եգիպտոսը, Յուդան, Եդովմը, Ամմոնի որդիները, Մովաբը, Եւ իրենց մօրուքին 9ծայրերը կտրող՝՝ անապատի բոլոր բնակիչները. Արդարեւ բոլոր ազգերը անթլփատ են, Ամբողջ Իսրայէլի տունն ալ սիրտով անթլփատ է»։