Jeremiah 10
Isaiah « Jeremiah 9 ‹ Jeremiah 10 › Jeremiah 11 » Lamentations
ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒԹԻՒՆ
1Ո՛վ Իսրայէլի տունը, Մտի՛կ ըրէք Տէրոջ ձեզի ըսած խօսքը։
2Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «1Հեթանոսներուն 2բարքերը մի՛ սորվիք, Ու երկինքի նշաններէն մի՛ զարհուրիք, Քանի հեթանոսները անոնցմէ կը զարհուրին։
3Արդարեւ ժողովուրդներուն սովորութիւնները ունայնութիւն են.— Անտառէն փայտ կը կտրեն, Որ արհեստաւորին ձեռքերը դուրով կը 3ձեւակերպեն.
4Զայն արծաթով եւ ոսկիով կը գեղեցկացնեն, Զայն գամերով ու մուրճերով կ’ամրացնեն՝ որպէսզի 4չերերայ։
55Անոնք արմաւենիի պէս ուղղաձիգ են, բայց չեն խօսիր. Անշուշտ պէտք է զանոնք կրել, քանի չեն կրնար քալել։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք, որովհետեւ չարիք մը չեն կրնար ընել, Ո՛չ ալ կարող են բարիք ընել»։
6Ո՛վ Տէր, ո՛չ մէկը քեզի նման է. Դո՛ւն մեծ ես, եւ քու անունդ մեծ է զօրութեամբ։
7Քեզմէ ո՞վ պիտի չվախնայ, ո՛վ ազգերու Թագաւոր, Քանի որ քեզի կը վայլէ պատկառանքը. Արդարեւ ազգերուն բոլոր իմաստուններուն մէջ, Եւ իրենց բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ, Ո՛չ մէկը քեզի նման է.
8Իսկ իրենք բոլորն ալ անխելք եւ անմիտ են. 6Փայտը ունայնութիւններու վարդապետութիւն է՝՝։
9Թարսիսէն 7արծաթի թիթեղներ՝՝ կը բերուին, Ու Ոփազէն՝ ոսկի. 8Անոնք արհեստաւորին եւ ձուլագործին ձեռքերու գործն են. Անոնց հանդերձը 9կապուտակ ու 10ծիրանի է, Բոլորն ալ 11վարպետներու գործեր են։
10Իսկ ճշմարիտ Աստուածը Եհովա՛ն է. Ի՛նք է ապրող Աստուածն ու յաւիտենական Թագաւորը։ Երբ զայրանայ՝ երկիրը կը շարժի, Եւ ազգերը չեն կրնար անոր սրտմտութեան տոկալ։
11Անոնց սա՛ ըսէք. «Այն աստուածները՝ որ երկինքն ու երկիրը 12չկերտեցին, Երկրէն եւ այս երկինքին տակէն պիտի բնաջնջուին»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
12Ի՛նք երկիրը 13ստեղծեց իր կարողութեամբ, Երկրագունդը հաստատեց իր իմաստութեամբ, Երկինքը սփռեց իր հանճարով։
13Երբ իր ձայնը լսել տայ՝ երկինքի մէջ ջուրերու յորդառատութիւն կ’ըլլայ. Երկրի ծայրերէն ամպեր կը բարձրացնէ, Անձրեւի համար փայլակներ կը 14պատրաստէ, Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։
14Ամէն մարդ ճանաչումէն զրկուելով անբան եղաւ. Ամէն ձուլագործ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամօթահար եղաւ, Որովհետեւ իր 15ձուլած կուռքերը՝՝ ստութիւն են, Անոնք 16հոգի չունին։
15Անոնք ունայնութիւն են, զեղծարարութեան գործեր. Իրենց 17պատիժին ատենը պիտի կորսուին։
16Յակոբի Բաժինը ասոնց պէս չէ, Որովհետեւ ի՛նք է ամենուն 18Արարիչը. Իսրայէլ իր ժառանգութեան 19վիճակն է, Իր անունը 20Զօրքերու Տէր՝՝ է։
ՄՕՏԵՑՈՂ ԱՔՍՈՐԸ
17Ո՛վ 21բերդի մէջ բնակող, Հաւաքէ՛ ու հանէ՛ երկրէն իրեղէններդ,
18Քանի որ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ այս անգամ երկրին բնակիչները 22հեռուն պիտի նետեմ, Եւ զանոնք պիտի տագնապեցնեմ, որպէսզի իրենց պատիժը գտնեն»։
19Վա՜յ ինծի՝ իմ բեկումիս համար. Իմ վէրքս անդարմանելի է։ Սակայն ես ըսի. «Անտարակոյս ասիկա 23կսկիծս է, Զայն պիտի կրեմ»։
20Իմ վրանս կործանեցաւ, ու բոլոր չուաններս փրթան. Որդիներս ինձմէ 24հեռացան, ա՛լ չկան. Այլեւս ո՛չ մէկը վրանս կը լարէ, Եւ վարագոյրներս կը կանգնեցնէ։
21Արդարեւ հովիւները անբան եղան Ու Տէրը չփնտռեցին. Հետեւաբար 25չյաջողեցան, Եւ իրենց ամբողջ հօտը ցրուեցաւ։
22Ահա՛ հիւսիսի երկրէն գոյժի աղմուկ կու գայ, Նաեւ մեծ շարժ, Որպէսզի Յուդայի քաղաքները ամայութեան 26վերածէ, Ու շնագայլերու որջի։
23Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ. Քալող մարդը իր քայլերը հաստատելու կարող չէ։
24Ո՛վ Տէր, 27պատժէ՛ զիս, բայց 28չափաւորութեամբ. Ո՛չ թէ քու բարկութեամբդ, որ զիս չսպառես։
25Քու ցասումդ թափէ՛ քեզ չճանչցող հեթանոսներուն վրայ, Եւ անունդ չկանչող գերդաստաններուն վրայ, Որովհետեւ Յակոբը կլանեցին. Զայն լափեցին ու 29հատցուցին, Եւ անոր բնակարանը ամայացուցին։