Loading...

Jeremiah 11

Isaiah  «  Jeremiah 10  ‹  Jeremiah 11  ›  Jeremiah 12  »  Lamentations


ԵՐԵՄԻԱ ԵՒ ՈՒԽՏԸ

1

Երեմիայի 1ուղղուած խօսքը Տէրոջմէն՝ որ ըսաւ.

2

«Մտի՛կ ըրէք այս ուխտին խօսքերը, եւ խօսեցէ՛ք Յուդայի մարդոց ու Երուսաղէմի բնակիչներուն։ Դուն անոնց ըսէ՛.

3

“Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. "Անիծեալ ըլլայ այն մարդը՝ որ մտիկ չ’ըներ այն ուխտին խօսքերը,

4

որոնք ես ձեր հայրերուն հրամայեցի այն օրը՝ երբ զանոնք հանեցի Եգիպտոսի երկրէն, այդ երկաթի քուրայէն, եւ ըսի. «Ի՛մ ձայնս մտիկ ըրէք, ու գործադրեցէ՛ք զանոնք՝ ձեզի ամբողջ հրամայածիս համաձայն, որպէսզի դուք իմ ժողովուրդս ըլլաք, ես ալ ձեր Աստուածը ըլլամ.

5

որպէսզի հաստատեմ այն երդումը՝ որ ձեր հայրերուն ըրի, անոնց տալու կաթ ու մեղր հոսեցնող երկիր մը, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ»"”»։ Ես ալ պատասխանեցի. «Ամէն, ո՛վ Տէր»։

6

Տէրը ինծի ըսաւ. «Սա՛ բոլոր խօսքերը Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ 2արտասանէ՛. “Մտի՛կ ըրէք այս ուխտին խօսքերը եւ գործադրեցէ՛ք զանոնք։

7

Արդարեւ ձեր հայրերը ազդարարեցի, այն օրէն՝ երբ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեցի, մինչեւ այսօր. կանուխ ելլելով եւ ազդարարելով՝ ըսի. "Մտի՛կ ըրէք իմ ձայնս"։

8

Բայց անոնք մտիկ չըրին ու իրենց ականջը չդարձուցին, հապա իւրաքանչիւրը իր չար սիրտին կամակորութեան համաձայն ընթացաւ։ Ուստի ես անոնց վրայ պիտի բերեմ այս ուխտին բոլոր խօսքերը, որոնք ես անոնց հրամայեր էի որ գործադրեն, բայց անոնք չգործադրեցին”»։

9

Նաեւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Յուդայի մարդոց մէջ ու Երուսաղէմի բնակիչներուն մէջ դաւադրութիւն գտնուեցաւ։

10

Անոնք իմ խօսքերս մտիկ ընել մերժող իրենց նախահայրերուն անօրէնութիւններուն վերադարձան եւ ուրիշ աստուածներու հետեւեցան, որպէսզի զանոնք պաշտեն։ Իսրայէլի տունն ու Յուդայի տունը իրենց հայրերուն հետ կնքած ուխտս խզեցին»։

11

Հետեւաբար Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես այնպիսի չարիք մը պիտի բերեմ անոնց վրայ, Որմէ պիտի չկարենան 3ազատիլ։ Ինծի պիտի աղաղակեն, բայց անոնց մտիկ պիտի չընեմ»։

12

Յուդայի քաղաքներն ու Երուսաղէմի բնակիչները պիտի երթան Եւ աղաղակեն այն աստուածներուն՝ որոնց խունկ ծխեր էին, Բայց անոնք բնաւ պիտի չազատեն զիրենք՝ Իրենց ձախորդութեան ժամանակը։

13

Արդարեւ քու աստուածներդ, ո՛վ Յուդա, Քու քաղաքներուդ թիւին չափ եղան. Երուսաղէմի փողոցներուն թիւին չափ Բագիննե՛ր կանգնեցուցիք ամօթալի կռապաշտութեան համար, Բագիններ՝ Բահաղի խունկ ծխելու համար։

14

«Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար մի՛ աղօթեր, Անոնց համար 4պաղատանք եւ աղօթք մի՛ մատուցաներ. Որովհետեւ այն օրը երբ ինծի գոչեն՝ իրենց վրայ հասած ձախորդութեան համար, Անոնց մտիկ պիտի չընեմ»։

15

Իմ սիրելիս ի՞նչ բաժին ունի իմ տանս մէջ, Քանի որ 5շատերուն հետ լրբութիւն՝՝ գործեր է. Սուրբ 6զոհն ալ քեզմէ 7հեռացաւ, Որովհետեւ երբ չարիք գործես՝ կը հրճուիս։

16

Տէրը քու անունդ կոչեց. «Կանաչազարդ, գեղեցիկ ու 8բարեպտուղ ձիթենի». Բայց անոր վրայ մեծ ժխորի ձայնով կրակ 9վառեց, Եւ անոր ոստերը կոտրեցան։

17

Քեզ տնկող զօրքերու Տէրը Քեզի դէմ չարիք 10վճռեց՝ Իսրայէլի տան ու Յուդայի տան չարիքին համար, Որ անոնք իրենց դէմ գործեցին Զիս գրգռելու համար՝ Բահաղի խունկ ծխելով»։


ԴԱՒ ԵՐԵՄԻԱՅԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ԴԷՄ

18

Տէրը ինծի գիտցուց, ու ես հասկցայ. Այն ատեն ինծի 11ցուցուց անոնց չար արարքները։

19

Իսկ ես սպանդանոց տարուող 12գառի կամ արջառի՝՝ պէս էի, Չէի գիտեր թէ անոնք ինծի դէմ 13ծրագիրներ կը պատրաստէին՝՝ ըսելով. «Ծառը իր պտուղո՛վ տապալենք, Եւ զայն կտրենք ապրողներու երկրէն, Որ անոր անունը անգա՛մ մըն ալ չյիշուի»։

20

Սակայն, ո՛վ զօրքերու Տէր, արդա՛ր Դատաւոր, Որ 14երիկամունքն ու սիրտը կը քննես, Անոնցմէ առնելիք վրէժդ պիտի տեսնեմ, Քանի քեզի՛ 15յանձնեցի իմ դատս։

21

Ուրեմն Տէրը սա՛ կը յայտարարէ Անաթովթի մարդոց մասին, Որոնք քու կեանքդ կը փնտռեն եւ կ’ըսեն. «Մի՛ մարգարէանար Տէրոջ անունով, Որպէսզի մեր ձեռքերով չմեռնիս»։

22

Հետեւաբար զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես զանոնք պիտի 16պատժեմ. Երիտասարդները սուրով պիտի մեռնին, Անոնց որդիներն ու աղջիկները սովամահ պիտի ըլլան.

23

Անոնք ո՛չ մէկ մնացորդ պիտի ունենան, Որովհետեւ ես Անաթովթի մարդոց վրայ չարիք պիտի բերեմ՝ Անոնց 17պատիժի տարին»։



1 Եբր.՝ եղած
2 Եբր.՝ յայտարարէ՛
3 Եբր.՝ դուրս ելլել
4 Եբր.՝ ճիչ
5 Կամ՝ շատ լրբութիւններ
6 Եբր.՝ միսն
7 Եբր.՝ անցաւ
8 Եբր.՝ գեղեցիկ պտուղով
9 Եբր.՝ բռնկեցուց
10 Եբր.՝ խօսեցաւ
11 Եբր.՝ ցուցուցիր
12 Կամ՝ ընտանեցած գառի
13 Եբր.՝ հնարքներ կը հնարէին
14 Այսինքն՝ խիղճն
15 Եբր.՝ յայտնեցի
16 Եբր.՝ հատուցանեմ
17 Եբր.՝ հատուցումի