Jeremiah 12
Isaiah « Jeremiah 11 ‹ Jeremiah 12 › Jeremiah 13 » Lamentations
ԵՐԵՄԻԱ ԿԸ ՀԱՐՑԱՊՆԴԷ ՏԷՐԸ
1Ո՛վ Տէր, դուն արդար ես երբ քեզի հետ 1վիճիմ, Սակայն քու դատավճիռներուդ մասին պիտի խօսիմ քեզի. Ինչո՞ւ ամբարիշտներուն ճամբան կը յաջողի, Ու բոլոր 2անհաւատարիմները անդորր են։
2Դուն զանոնք տնկեցիր, եւ անոնք արմատացան. Անոնք կ’աճին ու պտուղ կու տան։ Դուն անոնց բերանին մօտ ես, Բայց անոնց 3սիրտէն հեռու ես։
3Իսկ զիս կը ճանչնաս, ո՛վ Տէր. Զիս տեսար, ու քեզի հանդէպ տրամադրուած սիրտս քննեցիր։ 4Զատէ՛ զանոնք սպանդանոցի ոչխարներու պէս, 5Վերապահէ՛ ջարդի օրուան համար։
4Մինչեւ ե՞րբ երկիրը պիտի սգայ, Եւ բոլոր դաշտերուն բոյսերը պիտի չորնան. Անասուններն ու թռչունները կորսուեցան 6Անոր բնակիչներուն՝՝ չարութեան համար, Որովհետեւ ըսին. «Անիկա մեր վախճանը պիտի չտեսնէ»։
5«Եթէ դուն հետեւակներուն հետ վազեցիր եւ քեզ հիւծեցին, Հապա 7ձիաւորներուն հետ ի՞նչպէս պիտի մրցիս. Եթէ 8խաղաղ երկրի մը՝՝ մէջ ապահով կը զգաս, Ի՞նչ պիտի ընես՝ երբ Յորդանան գետը 9յորդի։
6Արդարեւ քու եղբայրներդ ու հօրդ տունն ալ՝ Անոնք անգամ քեզի անհաւատարիմ եղան. Քու ետեւէդ բարձրաձայն աղաղակեցին։ Թէեւ անոնք քեզի լաւ խօսքեր ըսեն, Դուն անոնց մի՛ հաւատար»։
ՏԷՐՈՋ ՎԻՇՏԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
7«Իմ տունս լքեցի, ժառանգութիւնս երեսէ ձգեցի, Անձիս սիրելին իր թշնամիներուն ձեռքը մատնեցի։
8Իմ ժառանգութիւնս անտառի առիւծին պէս եղաւ ինծի. Իմ վրաս 10գոռաց, Ուստի զայն ատեցի։
9Իմ ժառանգութիւնս գոյնզգոյն գիշատիչ թռչունի մը պէս եղաւ ինծի. Գիշատիչ թռչունները ամէն կողմէ անոր դէմ են։ Եկէ՛ք, հաւաքեցէ՛ք դաշտին բոլոր գազանները, Բերէ՛ք որ լափեն։
10Շատ հովիւներ իմ այգիս փճացուցին, Իմ բաժինս կոխկռտեցին, Իմ ցանկալի բաժինս ամայի անապատի 11վերածեցին։
11Զայն ամայութեան 12վերածեցին, Եւ ամայի ըլլալով՝ ան իմ առջեւս սուգ պահեց. Ամբողջ երկիրը ամայացաւ, Քանի ո՛չ մէկը անոր 13ուշադրութիւն կը դարձնէ՝՝։
12Անապատին բոլոր բլրակներուն վրայ կործանողներ եկան. Արդարեւ Տէրոջ սուրը պիտի սպառէ Երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը. Ո՛չ մէկ մարմինի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։
13Ցորեն սերմանեցին, բայց փուշեր պիտի հնձեն. Աշխատանք թափեցին, սակայն օգուտ պիտի չունենան. Տէրոջ բորբոքած բարկութեան պատճառով Ձեր բերքերէն պիտի ամչնաք»։
ՏԷՐՈՋ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
14Սա՛ կը յայտարարէ Տէրը իմ բոլոր չար դրացիներուս մասին, Որոնք կը դպչին այն ժառանգութեան, որ իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի ժառանգել տուի. «Ահա՛ ես զանոնք իրենց հողէն պիտի խլեմ. Յուդայի տունն ալ անոնց մէջէն պիտի խլեմ։
15Զանոնք խլելէս ետք՝ Դարձեալ անոնց պիտի գթամ. Իւրաքանչիւրը իր ժառանգութեան պիտի վերադարձնեմ, Իւրաքանչիւրը՝ իր երկիրը։
16Եթէ անոնք իմ ժողովուրդիս 14բարքերը սորվին, Եւ իմ անունովս երդում ընեն՝ ըսելով. “Տէրը կ’ապրի”, (Ինչպէս անոնք իմ ժողովուրդիս սորվեցուցին Բահաղի անունով երդում ընել,) Այն ատեն իմ ժողովուրդիս մէջ պիտի 15հաստատուին։
17Բայց եթէ չհնազանդին, Այդ ազգը արմատէն պիտի խլեմ Ու պիտի կորսնցնեմ», կը պատգամէ Տէրը։