Jeremiah 13
Isaiah « Jeremiah 12 ‹ Jeremiah 13 › Jeremiah 14 » Lamentations
ՎՈՒՇԷ ԳՕՏԻՆԵՐԸ
1Տէրը ինծի սա՛ ըսաւ. «Գնա՛, քեզի գնէ՛ վուշէ գօտի մը, ու զայն մէ՛ջքդ 1կապէ. զայն ջուրի մէջ մի՛ 2թաթխեր»։
2Ուստի Տէրոջ խօսքին համաձայն գօտի մը գնեցի եւ մէջքս կապեցի։
3Երկրորդ անգամ 3Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
4«Ա՛ռ այդ գնած գօտիդ՝ որ մէջքդ է, ու կանգնէ՛, Եփրա՛տ գնա եւ հոն պահէ՛ զայն ժայռին ծակին մէջ»։
5Ես ալ գացի ու զայն Եփրատի եզերքը պահեցի, ինչպէս Տէրը ինծի հրամայեց։
6Շատ օրեր ետք Տէրը ինծի ըսաւ. «Կանգնէ՛, Եփրա՛տ գնա, եւ ա՛ռ անկէ այն գօտին՝ որ քեզի հրամայեցի հոն պահել»։
7Ուստի Եփրատ գացի, ու փորելով՝ գօտին այդ պահած տեղէս առի. սակայն ահա՛ գօտին 4փտած էր, եւ 5անպէտ եղած։
86Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.
9«Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Յուդայի ամբարտաւանութիւնը Ու Երուսաղէմի մեծ ամբարտաւանութիւնը ա՛յդպէս պիտի փճացնեմ։
10Այս չար ժողովուրդը՝ Որ կը մերժէ իմ խօսքերս մտիկ ընել, Իր սիրտին կամակորութեամբ կ’ընթանայ, Եւ ուրիշ աստուածներու կը հետեւի՝ Զանոնք պաշտելու եւ անոնց երկրպագելու համար, Այդ անպէտ գօտիին պէս պիտի ըլլայ։
11Արդարեւ ինչպէս գօտին մարդուն մէջքը կը 7կապուի, Ամբողջ Իսրայէլի տունն ու ամբողջ Յուդայի տունը Այնպէս ինծի 8կապեր էի,— կը պատգամէ Տէրը,— Որպէսզի իմ ժողովուրդս ըլլան, Նաեւ՝ անուն, գովաբանութիւն եւ պարծանք. Բայց անոնք մտիկ չըրին”»։
ԳԻՆԻԻ ԿԱՐԱՍԸ
12«Նաեւ սա՛ խօսքը ըսէ անոնց. “Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. "Ամէն կարաս գինիով պիտի լեցուի"”. Բայց անոնք քեզի պիտի ըսեն. “Միթէ մենք չե՞նք գիտեր թէ ամէն կարաս գինիով պիտի լեցուի”։
13Դուն ալ ըսէ՛ անոնց. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես այս երկրին բոլոր բնակիչները Դաւիթի գահին վրայ բազմող թագաւորները, Քահանաներն ու մարգարէները, Նաեւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները գինովութեամբ պիտի լեցնեմ
14Եւ զանոնք իրարու զարնելով պիտի ջախջախեմ, Հայրերն ու որդիները միասին,— կը պատգամէ Տէրը։— Անոնց պիտի չարգահատիմ եւ չխղճամ. Առանց գթալու զանոնք պիտի բնաջնջեմ"”»։
ԵՐԵՄԻԱ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵՆԷ
15Մտի՛կ ըրէք, ունկնդրեցէ՛ք, մի՛ խրոխտանաք, Որովհետեւ Տէրը խօսեցաւ։
16Փա՛ռք տուէք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն, Դեռ խաւարը ձեր վրայ չբերած, Եւ ձեր ոտքերը 9մութ լեռներուն վրայ չսահած. Ձեր լոյսի սպասած ատենը Զայն մահուան շուքի 10չփոխած, Ու մառախուղի 11չվերածած։
17Բայց եթէ մտիկ չընէք, Ձեր յոխորտանքին համար իմ անձս ծածուկ տեղեր պիտի լայ. Աչքերս դառնապէս պիտի լան եւ արցունք 12թափեն, Քանի որ Տէրոջ հօտը կը տարագրուի։
18Ըսէ՛ թագաւորին ու 13մայր-թագուհիին՝՝. «Դուք ձեզ նուաստացուցէ՛ք ու գետի՛նը նստեցէք, Որովհետեւ ձեր գլուխէն ձեր շքեղ թագը իջաւ»։
19Հարաւային քաղաքները փակուեցան, Եւ ո՛չ մէկ բացող կայ. Ամբողջ Յուդան տարագրուեցաւ. 14Բոլո՛րը տարագրուեցան։
20«Վերցուցէ՛ք ձեր աչքերը, ու նայեցէ՛ք հիւսիսի կողմէն եկողներուն. Ո՞ւր է քեզի տրուած հօտը, ո՞ւր են քու պանծալի ոչխարներդ։
21Ի՞նչ պիտի ըսես՝ երբ քեզ 15պատժէ, Որովհետեւ դո՛ւն անոնց սորվեցուցիր որ քու վրադ պետ եւ գլխաւոր ըլլան. Միթէ երկունքի ցաւերը պիտի չբռնե՞ն քեզ՝ ինչպէս ծննդաբերող կինը։
22Եթէ սիրտիդ մէջ ըսես. “Ինչո՞ւ այս բաները ինծի հանդիպեցան”, գիտցի՛ր թէ Քու անօրէնութեանդ շատութեան համար է որ փէշերդ բացուեցան, Ու կրունկներդ բռնութեամբ մերկացան։
23Միթէ կարելի՞ է որ Եթովպիացին իր մորթը փոխէ, Կամ ինձը՝ իր խայտուցները, Որ դուք ալ՝ չարիք ընել վարժուած ըլլալով՝ Կարենաք բարիք ընել։
24Ուստի անապատի հովէն 16քշուող խոզանի պէս Պիտի ցրուեմ զանոնք։
25Ա՛յս է քու վիճակդ եւ բաժինդ, Որ ես քեզի համար 17որոշեցի,— կը պատգամէ Տէրը,— Քանի որ զիս մոռցար ու ստութեան 18ապաւինեցար։
26Ուստի ես ալ քու փէշերդ երեսիդ վրայ 19վերցուցի, Եւ անարգանքդ երեւցաւ։
27Ես տեսայ քու շնութիւններդ ու վրնջիւններդ, Լիրբ պոռնկութիւնդ, Եւ բլուրներու վրայ ու դաշտի մէջ գործած պղծութիւններդ։ Վա՜յ քեզի, ո՛վ Երուսաղէմ. Մինչեւ երբ պիտի չմաքրուի՞ս»։