Loading...

Jeremiah 14

Isaiah  «  Jeremiah 13  ‹  Jeremiah 14  ›  Jeremiah 15  »  Lamentations


ԱՀԱՒՈՐ ԵՐԱՇՏԸ

1

Տէրոջ խօսքը՝ որ Երեմիայի 1ուղղուեցաւ երաշտին մասին.—

2

Յուդա կը սգայ. Անոր 2քաղաքները կ’ուժաթափին. Անոնք մռայլ եւ զգետնուած են. Երուսաղէմէ աղաղակ կը բարձրանայ։

3

Անոնց 3ազնուականները իրենց փոքրաւորները ջուրի կը ղրկեն, Որոնք լճակները երթալով՝ ջուր չեն գտներ, Ու կը վերադառնան իրենց պարապ անօթներով. Ամչցած եւ խայտառակուած՝ իրենց գլուխը կը ծածկեն։

4

Քանի երկրին վրայ տեղատարափ չկայ՝ Գետինը ճաթած է. Երկրագործները կ’ամչնան եւ իրենց գլուխը կը ծածկեն։

5

Նոյնիսկ եղնիկը դաշտի մէջ կը ծնանի Բայց իր ձագը կը լքէ՝ դալար չըլլալուն համար։

6

Վայրենի էշերը բլրակներու վրայ կը կայնին Ու շնագայլերու պէս 4օդը կը ներծծեն. Իրենց աչքերը նուաղած են, որովհետեւ բոյս չկայ։

7

Թէեւ մեր անօրէնութիւնները մեզի դէմ կը վկայեն, 5Կարեկցութեա՛մբ վարուէ՝՝, ո՛վ Տէր, քու անունիդ համար. Արդարեւ մեր ուխտադրժութիւնները շատ են, Քեզի դէմ մեղանչած ենք։

8

Ո՛վ Իսրայէլի Յոյսը, Տագնապի ատեն անոր Փրկիչը, Ինչո՞ւ երկրին մէջ պանդուխտի պէս ըլլաս, Գիշերելու համար ճամբայէն շեղող ուղեւորի պէս.

9

Ինչո՞ւ շշմած մարդու պէս ըլլաս, Կամ ազատելու անկարող զօրաւոր մարդու մը պէս։ Սակայն դուն մեր մէջտեղն ես, ո՛վ Տէր, Մենք քու անունովդ կոչուած ենք. Մեզ երեսէ մի՛ ձգեր։

10

Տէրը այս ժողովուրդին համար սա՛ կը յայտարարէ. «Այսպէս՝ անոնք աստանդական շրջիլը սիրեցին, Եւ իրենց ոտքերը չզսպեցին. Տէրն ալ անոնց չհաճեցաւ։ Ուրեմն անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ, Ու անոնց մեղքերը պիտի հատուցանէ»։

11

Յետոյ Տէրը ինծի ըսաւ. «Այս ժողովուրդին բարօրութեան համար մի՛ աղօթեր։

12

Եթէ անոնք ծոմ պահեն՝ Անոնց 6պաղատանքը մտիկ պիտի չընեմ. Եթէ ողջակէզ կամ ընծայ մատուցանեն՝ Անոնց պիտի չհաւանիմ. Հապա սուրով, սովով եւ ժանտախտով Պիտի սպառեմ զանոնք»։

13

Ես ալ ըսի. «Ո՜հ, ո՛վ Տէր Եհովա, Ահա՛ մարգարէները անոնց կ’ըսեն. “Սուր պիտի չտեսնէք, Ու ձեր մէջ սով պիտի չըլլայ. Հապա ձեզի այս տեղը ճշմարիտ խաղաղութիւն պիտի տամ”»։

14

Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. «Մարգարէները իմ անունովս ստութիւն կը մարգարէանան. Զանոնք ես չղրկեցի, անոնց չհրամայեցի, Ո՛չ ալ անոնց խօսեցայ։ Անոնք ձեզի 7սուտ տեսիլքներ, սնոտի դիւթութիւններ, Եւ իրենց սիրտին խաբէութիւնները կը մարգարէանան»։

15

Ուստի Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Այն մարգարէները՝ որ իմ անունովս կը մարգարէանան (Թէպէտ զանոնք ես չղրկեցի) Ու կ’ըսեն. “Այս երկրին մէջ սուր ու սով պիտի չըլլայ”, Այդ մարգարէները սուրով եւ սովով պիտի սպառին։

16

Իսկ այն ժողովուրդը՝ որուն անոնք կը մարգարէանան, Սուրին ու սովին պատճառով Երուսաղէմի փողոցները պիտի նետուի. Ո՛չ մէկը պիտի ունենան՝ որ թաղէ Զիրենք, եւ իրենց կիները, որդիներն ու աղջիկները, Որովհետեւ անոնց վրայ պիտի թափեմ իրենց չարութիւնը»։

17

«Ուստի անոնց սա՛ խօսքը ըսէ. “Գիշեր ու ցերեկ աչքերս արցունք պիտի 8թափեն Եւ բնաւ պիտի չդադրին, Որովհետեւ իմ ժողովուրդիս կոյս աղջիկը մեծ բեկումով, Յոյժ անդարմանելի հարուածով ջախջախուեցաւ։

18

Եթէ դաշտը 9երթամ, Ահա՛ սուրով խոցուածներ կան. Եթէ քաղաքը մտնեմ, Ահա՛ սովէն տկարացածներ կան։ Արդարեւ թէ՛ մարգարէն եւ թէ քահանան երկիրը կը շրջին Առանց գիտնալու իրենց ընելիքը”»։


ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՊԱՂԱՏԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

19

Միթէ Յուդան բոլորովին մերժեցի՞ր. Քու անձդ Սիոնէն զզուեցա՞ւ. Ինչո՞ւ մեզի այնպէս զարկիր՝ որ մեզի բուժում չըլլայ։ Մենք խաղաղութիւն ակնկալեցինք, բայց ո՛չ մէկ բարիք ունեցանք. Բուժումի ժամանակին սպասեցինք, սակայն ահա՛ սարսափը եկաւ։

20

Մենք, ո՛վ Տէր, կը գիտակցինք մեր ամբարշտութեան Ու մեր հայրերուն անօրէնութեան, Քանի քեզի դէմ մեղանչեցինք։

21

Քու անունիդ համար մի՛ անարգեր մեզ, Քու փառքիդ գահը մի՛ ստորնացներ. Մեզի հետ կնքած ուխտդ յիշէ՛, զայն մի՛ խզեր։

22

Արդեօք հեթանոսներուն 10չաստուածներուն մէջ տեղատարափ իջեցնող կա՞յ, Կամ թէ երկինքնե՞րը կու տան տարափները. Միթէ դո՛ւն չե՞ս ասիկա ընողը, ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը։ Ուստի քեզի կը յուսանք, Որովհետեւ դո՛ւն ըրիր ասոնք բոլորը։



1 Եբր.՝ եղաւ
2 Եբր.՝ դռները
3 Եբր.՝ երեւելիները
4 Եբր.՝ հովը
5 Եբր.՝ Ըրէ՛
6 Եբր.՝ ճիչը
7 Կամ՝ կեղծ
8 Եբր.՝ իջեցնեն
9 Եբր.՝ դուրս ելլեմ
10 Եբր.՝ ունայնութիւններուն