Jeremiah 15
Isaiah « Jeremiah 14 ‹ Jeremiah 15 › Jeremiah 16 » Lamentations
ԴԱՏԱՎՃԻՌ ՅՈՒԴԱՅԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ
11Տէրը ինծի ըսաւ. «Թէեւ Մովսէս ու Սամուէլ ինծի ներկայանան, Իմ անձս 2այս ժողովուրդին պիտի չհաճի՝՝. Զանոնք առջեւէս վտարէ՛, ու թող դուրս ելլեն։
2Եթէ քեզի ըսեն. “Ո՞ւր 3երթանք”, Անոնց պատասխանէ՛. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Մահուան համար որոշուածները մահուան թող երթան, Սուրի համար որոշուածները՝ սուրի, Սովի համար որոշուածները՝ սովի, Ու գերութեան համար որոշուածները՝ գերութեան"”։
3Անոնց վրայ չորս 4տեսակ պատիժ պիտի ղրկեմ՝՝,— կը պատգամէ Տէրը.— Մեռցնելու համար՝ սուրը, 5Պատառելու համար՝ շուները, Լափելու եւ փճացնելու համար՝ Երկինքի թռչուններն ու երկրի գազանները։
4Զանոնք սոսկումի պիտի մատնեմ Երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ, Յուդայի թագաւորին՝ Եզեկիայի որդիին Մանասէի պատճառով, Երուսաղէմի մէջ անոր ըրածներուն համար»։
5Ո՞վ պիտի արգահատի քու վրադ, ո՛վ Երուսաղէմ. Ո՞վ պիտի ցաւակցի քեզի. Ո՞վ ճամբայէն պիտի շեղի՝ քու 6որպիսութիւնդ հարցնելու համար։
6«Դուն զիս երեսէ ձգեցիր,— կը պատգամէ Տէրը,— ու 7կռնակ դարձուցիր՝՝. Ես ալ իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկարեմ եւ քեզ բնաջնջեմ. Արգահատելէն ձանձրացայ։
7Զանոնք երկրին դռներուն մէջ պիտի հոսեմ՝ իբր թէ հեծանոցով. Իմ ժողովուրդս զաւակներէ պիտի զրկեմ ու բնաջնջեմ, Որովհետեւ անոնք իրենց 8ընթացքէն դարձի չեկան։
8Անոնց այրիները ծովուն աւազէն աւելի շատցուցի իմ առջեւս. 9Անոնց դէմ ու երիտասարդին՝՝ մօր դէմ Կէսօրին կործանող մը բերի. Անոր վրայ յանկարծ արհաւիրք եւ սոսկում ձգեցի։
9Եօթը զաւակ ծնանողը ուժաթափեցաւ, Իր 10հոգին աւանդեց՝՝. Ցերեկը անոր արեւը մայր մտաւ, Անիկա ամչցաւ ու շիկնեցաւ։ Անոնց մնացորդն ալ իրենց թշնամիներուն առջեւ Սուրի պիտի մատնեմ», կը պատգամէ Տէրը։
ԵՐԵՄԻԱ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
10Վա՜յ ինծի, իմ մա՛յրս, Որ զիս ծնար՝ ամբողջ երկրին համար Կռիւի մարդ եւ բանավէճի մարդ ըլլալու։ Ես ո՛չ վաշխով փոխ տուի, Ո՛չ ալ ինծի վաշխով փոխ տուին. Սակայն բոլորը զիս կ’անիծեն։
11Տէրը կը յայտարարէ. «Անշո՛ւշտ 11քեզ պիտի ազատեմ՝ Քու բարօրութեանդ համար՝՝. Անշո՛ւշտ ձախորդութեան ու տագնապի ժամանակ Թշնամիիդ դիմել պիտի տամ քեզի։
12Միթէ երկաթը կրնա՞յ 12կոտրուիլ, այսինքն՝ հիւսիսի երկաթը եւ պղինձը։
13Քու բոլոր մեղքերուդ համար՝ ամբողջ հողամասիդ մէջ Քու գոյքերդ ու գանձերդ առանց 13վճարումի կողոպուտի պիտի մատնեմ,
14Եւ քեզ թշնամիներուդ հետ պիտի 14փոխադրեմ երկիր մը՝ որ չես ճանչնար. Արդարեւ իմ բարկութենէս կրակ մը վառուեցաւ, Որ ձեր վրայ պիտի բորբոքի»։
15Ո՛վ Տէր, դուն իմ վիճակս գիտես. Յիշէ՛ զիս, այցելէ՛ ինծի՛, Ու վրէ՛ժս առ իմ հալածիչներէս. Քու համբերատարութեանդ համար զիս մի՛ 15յափշտակեր. Գիտցի՛ր թէ քեզի համար նախատինք կրեցի։
16Երբ քու խօսքերդ գտայ՝ զանոնք կերայ. Քու խօսքդ սիրտիս բերկրանք եւ ուրախութիւն եղաւ՝ Որովհետեւ քու անունովդ կոչուեցայ, Ո՛վ Տէր, զօրքերո՛ւ Աստուած։
17Ծիծաղողներուն խորհրդաժողովին մէջ չնստայ ու չհրճուեցայ. Քու ձեռքիդ վրաս ծանրանալուն պատճառով առանձին նստայ, Քանի որ քու սրտմտութեամբդ զիս լեցուցիր։
18Ինչո՞ւ իմ կոտտանքս մշտատեւ է, Ու վէրքս՝ մահաբեր. Ան կը մերժէ բուժուիլ։ Միթէ դուն 16խաբեբայ աղբիւրի Եւ անվստահելի ջուրերու պէ՞ս պիտի ըլլաս ինծի։
19Հետեւաբար Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Եթէ վերադառնաս՝ ե՛ս քեզ պիտի վերադարձնեմ, Ու իմ առջեւս պիտի կայնիս։ Եթէ պատուականը անարգէն 17զատես, Իմ բերանիս պէս պիտի ըլլաս։ Անո՛նք քեզի թող վերադառնան, Բայց դուն անոնց մի՛ վերադառնար։
20Այս ժողովուրդին հանդէպ՝ քեզ պղինձէ ամուր պարիսպ մը պիտի կարգեմ. Անոնք պիտի պայքարին քեզի դէմ, Բայց պիտի չյաղթեն քեզի. Արդարեւ ես քեզի հետ եմ՝ Քեզ փրկելու եւ ազատելու համար,— կը պատգամէ Տէրը։—
21Քեզ չարերուն ձեռքէն պիտի ազատեմ, Ու բռնաւորներուն ձեռքէն պիտի փրկեմ»։