Jeremiah 17
Isaiah « Jeremiah 16 ‹ Jeremiah 17 › Jeremiah 18 » Lamentations
ՅՈՒԴԱՅԻ ՄԵՂՔՆ ՈՒ ՊԱՏԻԺԸ
1Յուդայի մեղքը երկաթէ գրիչով, Ադամանդի ծայրով գրուած է. Անոնց սիրտին տախտակին վրայ Եւ իրենց բագիններուն եղջիւրներուն վրայ փորագրուած է.
2Որպէսզի իրենց որդիները յիշեն Անոնց բագիններն ու աստարովթները, Շինուած կանաչազարդ ծառերու քով, բարձր բլուրներու վրայ։
3Ո՛վ դաշտի մէջ գտնուող 1լեռս, Քու գոյքերդ, բոլոր գանձերդ Կողոպուտի պիտի մատնեմ ամբողջ հողամասիդ մէջ՝ Մեղքի համար կառուցանուած բարձր տեղերուդ պատճառով։
4Իսկ դուն պիտի թողուս քու ժառանգութիւնդ՝ որ քեզի տուի, Ու քեզ թշնամիներուդ պիտի հպատակեցնեմ Երկրի մը մէջ՝ որ չես ճանչնար. Արդարեւ իմ բարկութենէս կրակ մը վառուեցաւ, Որ յաւիտեան պիտի բորբոքի»։
ԶԱՆԱԶԱՆ ԱՍԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐ
5Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Անիծեա՛լ ըլլայ այն 2մարդը՝ որ մարդու կը վստահի, Մարմինը իրեն բազուկ կ’ընէ, Եւ որուն սիրտը Տէրոջմէն կը հեռանայ։
6Անիկա 3տափաստանի ցախին՝՝ պէս պիտի ըլլայ, Ու երբ բարիք գայ՝ պիտի 4չնշմարէ. Անապատին խանձուած տեղերը, Աղի եւ անբնակ երկրի մէջ պիտի կենայ»։
7«Օրհնեա՜լ ըլլայ այն 5մարդը՝ որ Տէրոջ կը վստահի, Որուն ապահովութիւնը Տէրն է։
8Ան ջուրերու քով տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր արմատները դէպի հոսանքը երկնցնելով՝ Տաքութեան գալը չի նշմարեր. Հապա անոր տերեւը կանաչ 6կը մնայ՝՝, Երաշտի տարին չի մտահոգուիր, Ու պտուղ տալէն չի 7դադրիր»։
9Սիրտը ամէն բանէ աւելի խաբեբայ եւ անուղղայ է, Զայն ո՞վ կրնայ ճանչնալ։
10«Ես՝ Տէրս՝ սիրտը կը 8քննեմ, 9Խիղճը կը փորձարկեմ, Որպէսզի իւրաքանչիւրին հատուցանեմ իր 10ընթացքին համեմատ Եւ իր արարքներու պտուղին համեմատ»։
11Անիրաւութեամբ հարստութիւն վաստկողը՝ Իր չածած հաւկիթները թխսող կաքաւի պէս է. Զայն իր օրերու կէսին պիտի թողու, Եւ իր վախճանին անզգամ պիտի ըլլայ։
12Սկիզբէն մեր սրբարանին տեղը Փառաւոր ու բարձր գահ է։
13Ո՛վ Տէր, Իսրայէլի՛ Յոյսը, Բոլոր քեզ լքողները պիտի ամչնան, 11Քեզմէ հեռացողները գետինին վրայ պիտի արձանագրուին, Որովհետեւ Տէրը՝ կենարար ջուրի աղբիւրը լքեցին։
ԵՐԵՄԻԱ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ՏԷՐՈՋ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ
14Ո՛վ Տէր, բուժէ՛ զիս, ու պիտի բուժուիմ. Փրկէ՛ զիս, ու պիտի փրկուիմ. Որովհետեւ դո՛ւն ես իմ 12պարծանքս։
15Ահա՛ անոնք ինծի կ’ըսեն. «Ո՞ւր է Տէրոջ խօսքը. այժմ թող 13իրագործուի»։
16Իսկ ես չփութացի հովիւ ըլլալ՝ քեզի հետեւելու համար, Ու մահաբեր օրուան չփափաքեցայ, ինչպէս դուն գիտես. Իմ շրթունքէս ելածը քու առջեւդ էր։
17Ինծի երկիւղ մի՛ ըլլար, Դո՛ւն՝ որ ապաւէնս ես ձախորդութեան օրը։
18Թող ամչնան զիս հալածողները, բայց ես չամչնամ. Թող զարհուրին անոնք, բայց ես չզարհուրիմ. Բե՛ր ձախորդութեան օրը անոնց վրայ, Ու կրկի՛ն փլուզումով ջախջախէ զանոնք։
ՇԱԲԱԹԸ ՊԱՀԵԼ
19Տէրը սա՛ ըսաւ ինծի. «Գնա՛ եւ կայնէ՛ ժողովուրդին որդիներուն դուռը, ուրկէ Յուդայի թագաւորները կը մտնեն ու կ’ելլեն, ապա Երուսաղէմի բոլոր դռները,
20եւ ըսէ՛ անոնց. “Մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը, դո՛ւք՝ Յուդայի թագաւորներ, ամբողջ Յուդա, ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներ, որ այս դռներէն կը մտնէք. Տէրը սա՛ կը յայտարարէ.
21"Ուշադի՛ր եղէք ձեր անձերուն, եւ Շաբաթ օրը բեռ մի՛ կրէք ու Երուսաղէմի դռներէն ներս մի՛ բերէք։
22Շաբաթ օրը ո՛չ բեռ հանեցէք ձեր տուներէն դուրս, ո՛չ ալ որեւէ գործ ըրէք. հապա Շաբաթ օրը սրբացուցէ՛ք, ինչպէս ձեր հայրերուն հրամայեցի։
23Բայց անոնք մտիկ չըրին եւ իրենց ականջը չդարձուցին, հապա իրենց պարանոցը խստացուցին, որպէսզի մտիկ չընեն ու խրատ չընդունին։
24Իսկ եթէ ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ընէք,— կը պատգամէ Տէրը,— եւ Շաբաթ օրը այս քաղաքին դռներէն ներս բեռ չբերէք, ու Շաբաթ օրը սրբացնէք՝ անոր մէջ ո՛չ մէկ գործ ընելով,
25այն ատեն Դաւիթի գահին վրայ բազմող թագաւորներն ու իշխանաւորները այս քաղաքին դռներէն պիտի մտնեն՝ կառքերու եւ ձիերու վրայ հեծած, թէ՛ իրենք, թէ՛ իրենց իշխանաւորները, Յուդայի մարդիկն ու Երուսաղէմի բնակիչները. եւ այս քաղաքը պիտի բնակուի յաւիտենապէս։
26Յուդայի քաղաքներէն, Երուսաղէմի շրջակայքէն, Բենիամինի երկրէն, դաշտագետինէն, լեռներէն ու հարաւէն պիտի գան եւ ողջակէզ ու զոհ, հացի ընծայ եւ կնդրուկ պիտի բերեն, նաեւ շնորհակալութեան ընծաներ պիտի բերեն Տէրոջ տունը։
27Բայց եթէ ինծի մտիկ չընէք՝ Շաբաթ օրը սրբացնելու եւ Շաբաթ օրը բեռ կրելով Երուսաղէմի դռներէն ներս չմտնելու համար, ես ալ անոր դռներուն մէջ կրակ պիտի 14վառեմ, որ պիտի սպառէ Երուսաղէմի պալատները ու պիտի չմարի"”»։