Loading...

Jeremiah 18

Isaiah  «  Jeremiah 17  ‹  Jeremiah 18  ›  Jeremiah 19  »  Lamentations


ԵՐԵՄԻԱ ԲՐՈՒՏԻՆ ՏԱՆ ՄԷՋ

1

Երեմիայի 1ուղղուած խօսքը Տէրոջմէն՝ որ ըսաւ.

2

«Կանգնէ՛, եւ իջի՛ր բրուտին տունը. հոն քեզի լսել պիտի տամ իմ խօսքերս»։

3

Ուստի բրուտին տունը իջայ, եւ ահա՛ ան ճախարակով 2կ’աշխատէր։

4

Կաւէ շինած անօթը բրուտին ձեռքին մէջ փճացաւ. ինք ալ անկէ դարձեալ ուրիշ անօթ մը շինեց, ինչպէս բրուտին 3հաճելի եղաւ ընել։

5

Ապա 4Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

6

«Միթէ չե՞մ կրնար ձեզի հետ վարուիլ այս բրուտին ըրածին պէս, Ո՛վ Իսրայէլի տունը,— կը պատգամէ Տէրը.— Ահա՛ ինչպէս է կաւը բրուտին ձեռքին մէջ, Այնպէս էք դուք իմ ձեռքիս մէջ, ո՛վ Իսրայէլի տունը։

7

5Երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսեմ Թէ արմատէն պիտի խլեմ, պիտի փլցնեմ ու կործանեմ,

8

Եթէ այդ ազգը՝ որուն դէմ խօսեցայ, իր չարութենէն դարձի գայ, Ես ալ պիտի հրաժարիմ այն չարիքէն՝ որ մտածեր էի անոր ընել։

9

Իսկ երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսեմ Թէ պիտի կառուցանեմ եւ տնկեմ,

10

Եթէ ան իմ ձայնս մտիկ չընելով՝ իմ 6առջեւս չարիք գործէ, Ես ալ պիտի հրաժարիմ այն բարիքէն՝ որ խոստացեր էի անոր ընել։

11

Ուստի հիմա խօսէ՛ Յուդայի մարդիկներուն Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն, եւ ըսէ՛. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես ձեզի համար չարիք կը 7ծրագրեմ, Ու ձեզի դէմ 8ծրագիր մը կը պատրաստեմ՝՝։ Հիմա ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր չար ճամբայէն թող դարձի գայ, Եւ ձեր 9ընթացքն ու արարքները բարեփոխեցէ՛ք"”։

12

Բայց անոնք կ’ըսեն. “Յոյս չկայ, Որովհետեւ մենք մեր մտածումներուն պիտի հետեւինք, Եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր չար սիրտին կամակորութեամբ պիտի վարուի”»։


ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՏԷՐԸ

13

Հետեւաբար Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Այժմ հարցուցէ՛ք 10հեթանոսներուն, Թէ ո՞վ լսեր է այսպիսի բան մը. Իսրայէլի կոյսը յոյժ քստմնելի բան մը ըրաւ։

14

Միթէ Լիբանանի ձիւնը դաշտին վէմը կը լքէ՞, Կամ հեռուէն եկող պաղ, հոսուն ջուրերը կը ցամքի՞ն։

15

Սակայն իմ ժողովուրդս զիս մոռցաւ. Ունայնութիւններու խունկ ծխեցին, Եւ անոնց գայթիլ տուին իրենց ճամբաներուն, հնադարեան ճանապարհներուն մէջ, Որպէսզի ուրիշ շաւիղներէ, չհարթուած ճամբայէ մը քալեն։

16

Այսպէս՝ իրենց երկիրը ամայի 11դարձուցին, Ու յաւիտենապէս սուլոցի ենթակայ։ Անկէ ամէն անցնող պիտի ապշի Եւ գլուխը շարժէ։

17

Զանոնք թշնամիին առջեւ պիտի ցրուեմ՝ Արեւելեան հովին պէս, Անոնց ձախորդութեան օրը Իրենց 12կռնակ պիտի ցուցնեմ, եւ ո՛չ թէ՝ երես»։


ԴԱՒ ԵՐԵՄԻԱՅԻ ԴԷՄ

18

Այն ատեն ըսին. «Եկէ՛ք, ծրագիր մը պատրաստենք Երեմիայի դէմ, Որովհետեւ քահանայէն օրէնքը պիտի չկորսուի, Եւ իմաստունէն՝ խորհուրդը, Ու մարգարէէն՝ խօսքը։ Եկէ՛ք, զինք լեզուո՛վ 13սպաննենք, Եւ անոր խօսքերէն ո՛չ մէկուն ուշադիր ըլլանք»։

19

«Ո՛վ Տէր, ուշադի՛ր եղիր ինծի, Ու լսէ՛ ինծի հետ վիճողներուն ձայնը։

20

Միթէ բարիքի փոխարէն չարիք կը հատուցանուի՞. Բայց անոնք իմ անձիս համար փոս փորեցին։ Յիշէ՛ թէ քու առջեւդ կայնեցայ, Որպէսզի անոնց համար բարեխօսեմ, Եւ ցասումդ անոնցմէ հեռացնեմ։

21

Հետեւաբար սովի՛ մատնէ անոնց որդիները, Թափէ՛ անոնց արիւնը սուրի ձեռքով. Անոնց կիները զաւակներէ թող զրկուին եւ այրի ըլլան, Անոնց ամուսինները թող 14սպաննուին, Ու երիտասարդները պատերազմի մէջ սուրով զարնուին։

22

Անոնց տուներէն աղաղակ թող լսուի, Երբ յանկարծ ասպատակող գունդ մը բերես անոնց վրայ. Արդարեւ զիս բռնելու համար փոս փորեցին, Եւ ոտքերուս համար վարմեր պահեցին։

23

Դուն, ո՛վ Տէր, գիտես անոնց ամբողջ ծրագիրը ինծի դէմ՝ Զիս մեռցնելու համար. Անոնց անօրէնութիւնը մի՛ քաւեր, Անոնց մեղքը քու առջեւէդ մի՛ ջնջեր, Հապա անոնք քու առջեւդ թող 15տապալին. Քու բարկութեանդ ատենը ա՛յդպէս վարուէ անոնց հետ»։



1 Եբր.՝ եղած
2 Եբր.՝ գործը կ’աշխատէր
3 Եբր.՝ աչքերուն ուղիղ
4 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
5 Եբր.՝ Այն վայրկեանին երբ
6 Եբր.՝ աչքերուս
7 Եբր.՝ ձեւակերպեմ
8 Եբր.՝ հնարք մը կը հնարեմ
9 Եբր.՝ ճամբաներն
10 Կամ՝ ազգերուն
11 Եբր.՝ ըրին
12 Եբր.՝ ծոծրակ
13 Եբր.՝ զարնենք
14 Եբր.՝ մահով մեռցուին
15 Եբր.՝ գայթին