Loading...

Jeremiah 20

Isaiah  «  Jeremiah 19  ‹  Jeremiah 20  ›  Jeremiah 21  »  Lamentations


ԵՐԵՄԻԱՅԻ ԲԱԽՈՒՄԸ ՓԱՍՈՒՐԻ ՀԵՏ

1

Եմմերի որդին՝ Փասուր քահանան, որ նաեւ Տէրոջ տան 1գլխաւոր վերատեսուչն էր, լսեց այս խօսքերը՝ որ Երեմիա կը մարգարէանար։

2

Ուստի Փասուր Երեմիա մարգարէին զարկաւ, եւ զայն Բենիամինի վերի դրան 2գելարանը դրաւ, Տէրոջ տան մէջ։

3

Հետեւեալ օրը Փասուր Երեմիան գելարանէն հանեց։ Այն ատեն Երեմիա անոր ըսաւ. «Տէրը քու անունդ Փասուր չի կոչեր, հապա՝ 3Մակոր-Միսսապիպ.

4

որովհետեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես քեզ արհաւիրքի պիտի 4վերածեմ՝ քեզի ու բոլոր 5բարեկամներուդ. անոնք իրենց թշնամիներուն սուրով պիտի իյնան, եւ քու աչքերդ պիտի տեսնեն։ Ամբողջ Յուդան Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ, ու զանոնք Բաբելոն պիտի տարագրէ եւ սուրով պիտի զարնէ։

5

Նաեւ այս քաղաքին ամբողջ 6հարստութիւնը, անոր ամբողջ վաստակը, անոր բոլոր պատուական բաները պիտի տամ. Յուդայի թագաւորներուն բոլոր գանձերը իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի յանձնեմ։ Զիրենք պիտի կողոպտեն, եւ բռնեն ու Բաբելոն տանին։

6

Դո՛ւն ալ, ո՛վ Փասուր, եւ տանդ բոլոր բնակիչները գերութեան պիտի երթաք. Բաբելոն պիտի երթաս, հոն պիտի մեռնիս ու հոն թաղուիս, թէ՛ դուն եւ թէ բոլոր բարեկամներդ՝ որոնց ստութիւն մարգարէացար”»։


ԵՐԵՄԻԱՅԻ ԳԱՆԳԱՏԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

7

Զիս հրապուրեցիր, ո՛վ Տէր, ու ես հրապուրուեցայ. Դուն ինձմէ զօրաւոր ես, եւ յաղթեցիր։ Ամէն օր հեգնանքի առարկայ եղայ, Բոլորը զիս կը ծաղրեն.

8

Որովհետեւ ամէն անգամ որ խօսիմ՝ կ’աղաղակեմ, Բռնութիւն ու կործանում կը յայտարարեմ. Տէրոջ խօսքը ամբողջ օրը 7նախատինքի եւ ծանակի կ’ենթարկէ զիս՝՝։

9

Եթէ ըսեմ. «Զինք պիտի չյիշատակեմ, Անգա՛մ մըն ալ իր անունով պիտի չխօսիմ», Սիրտիս մէջ կրակ մը կը վառի, Ու ոսկորներուս մէջ կը փակուի. Զայն 8կրելու համար կը հիւծիմ, բայց չեմ կրնար։

10

Արդարեւ շատերու չարախօսութիւնը լսեցի. Ամէն կողմ արհաւիրք կար։ «9Բամբասեցէ՛ք, մենք ալ բամբասենք», ըսին. Բոլոր 10մտերիմներս իմ կաղալս կը դիտէին՝ ըսելով. «Թերեւս հրապուրուի, ու մենք անոր յաղթենք Եւ անկէ մեր վրէժը առնենք»։

11

Բայց Տէրը ինծի հետ է՝ զօրաւոր 11ախոյեանի պէս. Հետեւաբար հալածիչներս պիտի գայթին ու չյաղթեն. Անոնք յոյժ պիտի ամչնան, քանի որ 12պիտի չյաջողին՝՝. Իրենց կրելիք յաւիտենական նախատինքը պիտի չմոռցուի։

12

Բայց ո՛վ զօրքերու Տէր, որ արդարը կը փորձարկես, 13Երիկամունքն ու սիրտը կը տեսնես, Պիտի տեսնեմ քու վրէժխնդրութիւնդ անոնց վրայ, Քանի որ քեզի 14յանձնեցի իմ դատս։

13

Տէրո՛ջ երգեցէք, Տէ՛րը գովաբանեցէք, Որովհետեւ աղքատին անձը չարագործներուն ձեռքէն ազատեց։

14

Անիծեա՛լ ըլլայ այն օրը՝ երբ ես ծնայ. Իմ մօրս զիս ծնած օրը օրհնեալ չըլլայ։

15

Անիծեա՛լ ըլլայ այն մարդը՝ որ իմ հօրս աւետիս բերաւ, Եւ զայն յոյժ ուրախացուց՝ ըսելով. “Արու 15զաւակ մը ծնաւ քեզի”։

16

Այդ մարդը այն քաղաքներուն պէս թող ըլլայ՝ Որոնք Տէրը կործանեց առանց արգահատելու. Ան առտուն աղաղակ թող լսէ, Ու կէսօրին՝ գոռում։

17

Ինչո՞ւ Տէրը մօրս արգանդէն զիս չմեռցուց, Որ մայրս ինծի գերեզման ըլլար Եւ անոր արգանդը յաւիտեան յղի մնար։

18

Ինչո՞ւ մօրս արգանդէն ելայ՝ Որ տաժանք ու տրտմութիւն տեսնեմ, Եւ օրերս ամօթով սպառին։



1 Եբր.՝ առաջնորդ
2 Այսինքն՝ տանջարանը
3 Այսինքն՝ ամէն կողմէ արհաւիրք
4 Եբր.՝ դարձնեմ
5 Եբր.՝ սիրելիներուդ
6 Եբր.՝ գանձը
7 Եբր.՝ նախատինք եւ ծանակ կ’ըլլայ ինծի
8 Եբր.՝ պարունակելու
9 Եբր.՝ Յայտարարեցէ՛ք
10 Եբր.՝ խաղաղութեան մարդիկս
11 Եբր.՝ բռնաւորի
12 Կամ՝ ուշիմ պիտի չըլլան
13 Այսինքն՝ Խիղճն
14 Եբր.՝ յայտնեցի
15 Եբր.՝ որդի