Jeremiah 21
Isaiah « Jeremiah 20 ‹ Jeremiah 21 › Jeremiah 22 » Lamentations
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿՈՒԻ
1Ահա՛ւասիկ Տէրոջմէն Երեմիայի 1ուղղուած խօսքը, երբ Սեդեկիա թագաւորը Մեղքիայի որդին՝ Փասուրը ու Մաասիայի որդին՝ Սոփոնիա քահանան անոր ղրկեց՝ ըսելով.
2«Կ’աղերսե՛նք, մեզի համար Տէրոջ խորհո՛ւրդ հարցուր, որովհետեւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը մեզի դէմ կը պատերազմի. թերեւս Տէրը մեզի հետ վարուի իր բոլոր սքանչելիքներուն համեմատ, եւ ան 2մեզմէ հեռանայ՝՝»։
3Երեմիա անոնց ըսաւ. «Սեդեկիայի սա՛ ըսէք. “Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ.
4"Ահա՛ ես ձեր ձեռքերուն մէջ եղող պատերազմական զէնքերը պիտի դարձնեմ, որոնցմով դուք կը պատերազմիք պարիսպին դուրսէն ձեզ պաշարող Բաբելոնի թագաւորին եւ Քաղդէացիներուն դէմ, ու զանոնք այս քաղաքին մէջ պիտի հաւաքեմ։
5Ե՛ս ալ ձեզի դէմ պիտի պատերազմիմ երկարած ձեռքով եւ ուժեղ բազուկով, բարկութեամբ, ցասումով ու մեծ զայրոյթով։
6Այս քաղաքին բնակիչները՝ թէ՛ մարդ եւ թէ անասուն՝ պիտի զարնեմ. անոնք մեծ ժանտախտով պիտի մեռնին։
7Անկէ ետք,— կը պատգամէ Տէրը,— Յուդայի թագաւորը՝ Սեդեկիան, անոր ծառաներն ու ժողովուրդը, եւ այս քաղաքին մէջ ժանտախտէն, սուրէն ու սովէն ճողոպրածները պիտի մատնեմ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը, անոնց թշնամիներուն ձեռքը եւ անոնց կեանքը փնտռողներուն ձեռքը։ Զանոնք սուրի բերանէ պիտի անցընէ. անոնց պիտի չխղճայ, պիտի չարգահատի ու չգթայ"”»։
8«Այս ժողովուրդին ըսէ՛. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ձեր առջեւ կը դնեմ կեանքի ճամբան եւ մահուան ճամբան։
9Ո՛վ որ այս քաղաքին մէջ կը կենայ՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ ո՛վ որ դուրս ելլէ եւ ձեզ պաշարող Քաղդէացիներուն յանձնուի՝ ողջ պիտի մնայ. անոր կեանքը աւարի մը պէս պիտի ըլլայ իրեն։
10Արդարեւ իմ երեսս այս քաղաքին դէմ 3ուղղեցի՝ չարիք բերելու համար, եւ ո՛չ թէ բարիք,— կը պատգամէ Տէրը.— ան Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի յանձնուի, ինք ալ զայն կրակով պիտի այրէ"”»։
ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՏԱՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
11«Յուդայի թագաւորին տան մասին լսեցէ՛ք Տէրոջ խօսքը.
12“Ո՛վ Դաւիթի տունը, Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Առտուն 4արդարութեա՛մբ դատեցէք եւ ազատեցէ՛ք յափշտակութեան ենթարկուողը հարստահարիչին ձեռքէն, որպէսզի ձեր չար արարքներուն պատճառով իմ ցասումս կրակի պէս չպոռթկայ ու ո՛չ մէկը կարենայ զայն մարել"”»։
13«Ահա՛ ես ձեզի դէմ եմ, ո՛վ հովիտին՝ լեռնադաշտի վէմին բնակիչները,— կը պատգամէ Տէրը։— Դուք կ’ըսէք. “Ո՞վ պիտի իջնէ մեզի դէմ, կամ ո՞վ պիտի մտնէ մեր բնակավայրերը”։
14Բայց ես ձեզի պիտի հատուցանեմ ձեր արարքներու պտուղին համեմատ,— կը պատգամէ Տէրը.— անոր անտառին մէջ կրակ պիտի 5վառեմ, եւ զայն շրջապատող ամէն ինչ պիտի սպառէ”»։