Loading...

Jeremiah 23

Isaiah  «  Jeremiah 22  ‹  Jeremiah 23  ›  Jeremiah 24  »  Lamentations


ՅՈՅՍ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ

1

«Վա՜յ այն հովիւներուն, Որոնք իմ արօտիս ոչխարները կը կորսնցնեն եւ կը ցրուեն», կը պատգամէ Տէրը։

2

Հետեւաբար Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ Այն հովիւներուն մասին՝ որ իմ ժողովուրդս կը հովուեն. «Դուք իմ ոչխարներս ցրուեցիք ու զանոնք քշեցիք, Զանոնք չխնամեցիք։ Ահա՛ ես ձեր չար արարքներու համար 1Ձեզ պիտի պատժեմ՝՝,— կը պատգամէ Տէրը։—

3

Իսկ իմ ոչխարներուս մնացորդը պիտի հաւաքեմ Այն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք քշեր էի. Զանոնք իրենց արօտավայրերը պիտի վերադարձնեմ, Ուր պիտի աճին եւ շատնան։

4

Անոնց վրայ հովիւներ պիտի նշանակեմ՝ որ զանոնք հովուեն. Անոնք ա՛լ պիտի չվախնան ու չզարհուրին, Եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը պիտի պակսի», կը պատգամէ Տէրը։

5

«Ահա՛ կու գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— Երբ Դաւիթէն արդար Շառաւիղ մը պիտի հանեմ, Թագաւոր մը՝ որ ուշիմութեամբ պիտի թագաւորէ, Ու երկրին մէջ իրաւունք եւ արդարութիւն կիրարկէ։

6

Անոր օրերը Յուդա պիտի ազատի, Իսրայէլ ապահովութեամբ բնակի, Եւ սա՛ է անոր անունը՝ որով պիտի կոչուի. “Տէրը՝ մեր արդարութիւնը”։

7

Հետեւաբար ահա՛ պիտի գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— Երբ ա՛լ պիտի չըսուի. “Կ’ապրի՛ Տէրը՝ Որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն բարձրացուց”,

8

Հապա. “Կ’ապրի՛ Տէրը՝ Որ Իսրայէլի զարմը բարձրացուց ու բերաւ հիւսիսի երկրէն, Նաեւ այն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք աքսորեր էի”, Եւ անոնք իրենց հողին վրայ պիտի բնակին»։


ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

9

Մարգարէներուն համար սիրտս իմ ներսս կոտրած է. Բոլոր ոսկորներս կը դողան. Գինով մարդու պէս, Եւ 2գինիէն նուաճուած՝՝ 3մարդու պէս եղայ՝ Տէրոջ պատճառով եւ անոր սուրբ խօսքերուն պատճառով։

10

Արդարեւ երկիրը շնացողներով լեցուած է. Երկիրը կը սգայ անէծքին պատճառով. Անապատին մարգագետինները չորցան։ Անոնց վազքը չարաղէտ է. Անոնց զօրութիւնը անիրաւ է։

11

«Արդարեւ թէ՛ մարգարէն եւ թէ քահանան 4ապականած են. Անոնց չարութիւնը իմ տանս մէջ ալ գտայ,— կը պատգամէ Տէրը։—

12

Հետեւաբար անոնց ճամբաները Մթութեան մէջ զիրենք պիտի սահեցնեն. Անոնք հոն պիտի հրուին եւ իյնան, Որովհետեւ ես 5պատիժի տարին Անոնց վրայ չարիք պիտի բերեմ,— կը պատգամէ Տէրը։—

13

Սամարիայի մարգարէներուն մէջ Անպատշաճութիւն տեսայ. Բահաղի անունով կը մարգարէանան Եւ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը կը մոլորեցնեն։

14

Երուսաղէմի մարգարէներուն մէջ քստմնելի բան մը տեսայ. Անոնք շնութիւն կ’ընեն ու ստութեան մէջ կ’ընթանան, Չարագործներուն ձեռքերը կ’ուժովցնեն, Որպէսզի ո՛չ մէկը դարձի գայ իր չարութենէն. Անոնք բոլորը ինծի Սոդոմի պէս եղան, Եւ անոր բնակիչները՝ Գոմորի պէս»։

15

Հետեւաբար զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ մարգարէներուն մասին. «Ահա՛ ես անոնց օշինդր պիտի կերցնեմ, Անոնց թունաւոր ջուր պիտի խմցնեմ, Որովհետեւ Երուսաղէմի մարգարէներէն ամբարշտութիւն ելաւ Եւ ամբողջ երկրին մէջ տարածուեցաւ»։

16

Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ձեզի մարգարէացող մարգարէներուն խօսքերը մտիկ մի՛ ընէք. Անոնք ունայնութեան կը տանին ձեզ. Իրենց սիրտին տեսիլքը կը խօսին, Ո՛չ թէ Տէրոջ բերանէն։

17

Անոնք զիս անարգողներուն կը խօսին ու կ’ըսեն. “Տէրը ըսաւ. "Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ"”, Եւ իրենց սիրտին կամակորութեան մէջ բոլոր ընթացողներուն կ’ըսեն. “Ձեր վրայ չարիք պիտի չգայ”»։

18

Անոնցմէ ո՞վ 6ներկայ եղաւ՝՝ Տէրոջ խորհրդաժողովին, Զայն տեսաւ եւ անոր խօսքը լսեց. Ո՞վ ուշադիր եղաւ անոր խօսքին, ու մտիկ ըրաւ։

19

Ահա՛ Տէրոջ մրրիկը ցասումով 7բարձրացաւ. Ան 8սաստիկ մրրիկ է, Ամբարիշտներուն գլուխին վրայ պիտի 9պայթի։

20

Տէրոջ բարկութիւնը պիտի չհեռանայ, Մինչեւ որ իր սիրտին 10մտածումները չիրագործէ ու չհաստատէ. Վերջին օրերը ասիկա 11բոլորովին պիտի հասկնաք։

21

Այս մարգարէները ես չղրկեցի, բայց անոնք կը վազեն. Ես անոնց չխօսեցայ, բայց անոնք կը մարգարէանան։

22

Իսկ եթէ անոնք իմ խորհրդաժողովիս ներկայ եղած Եւ իմ խօսքս ժողովուրդիս լսել տուած ըլլային, Զանոնք իրենց չար 12ընթացքէն Ու չար արարքներէն պիտի հեռացնէին»։

23

«Միթէ ես միայն մօտակայի՞ն Աստուածն եմ, Իսկ հեռաւորին Աստուածը չե՞մ,— կը պատգամէ Տէրը։—

24

Կամ թէ մէկը կրնա՞յ ծածուկ տեղեր պահուըտիլ՝ Որ ես զինք չտեսնեմ,— կը պատգամէ Տէրը։— Միթէ երկինքն ու երկիրը լեցնողը ես չե՞մ», կը պատգամէ Տէրը։

25

«Իմ անունովս ստութիւն մարգարէացող մարգարէներուն ըսածները լսեցի, Որոնք կ’ըսեն. “Երազ տեսայ, երազ տեսայ”։

26

Մինչեւ ե՞րբ ասիկա ստութիւն մարգարէացող մարգարէներուն սիրտին մէջ պիտի ըլլայ, Որոնք իրենց սիրտին խաբէութիւններով կը մարգարէանան։

27

Անոնք իրենց երազներով — որ իրարու կը պատմեն — Կը մտածեն իմ անունս մոռցնել տալ ժողովուրդիս , Ինչպէս իրենց հայրերը Բահաղի պատճառով իմ անունս մոռցան։

28

Երազ ունեցող մարգարէն երազը թող պատմէ, Իսկ իմ խօսքս ունեցողը՝ 13հաւատարմութեամբ թող հաղորդէ իմ խօսքս. Յարդը ի՞նչ արժէք ունի ցորենին քով,— կը պատգամէ Տէրը։—

29

Միթէ իմ խօսքս կրակի պէս չէ՞,— կը պատգամէ Տէրը,— Կամ ժայռը 14փշրող ուռի պէս չէ՞»։

30

«Հետեւաբար ահա՛ ես այն մարգարէներուն դէմ եմ,— կը պատգամէ Տէրը,— Որոնք իմ խօսքերս իրարմէ կը գողնան։

31

Ահա՛ ես այն մարգարէներուն դէմ եմ,— կը պատգամէ Տէրը,— Որոնք իրե՛նց լեզուները կը գործածեն, ու կ’ըսեն. “Ի՛նք պատգամեց”։

32

Ահա՛ ես այն 15սուտ երազներ մարգարէացողներուն դէմ եմ,— կը պատգամէ Տէրը,— Որոնք զանոնք կը պատմեն, եւ իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն Իրենց ստութիւններով ու սնապարծութեամբ։ Ես զանոնք չղրկեցի, ո՛չ ալ անոնց հրամայեցի. Ուստի անոնք այս ժողովուրդին բնա՛ւ օգտակար պիտի չըլլան», կը պատգամէ Տէրը։


ՏԷՐՈՋ ՊԱՏԳԱՄԸ

33

«Եթէ այս ժողովուրդը, Կամ մարգարէ մը, կամ քահանայ մը, Քեզի հարցնէ. “Ի՞նչ է Տէրոջ պատգամը”, Անոնց պատասխանէ՛. “Ի՞նչ պատգամ”»։ «Ես ձեզ անշուշտ երեսէ պիտի ձգեմ,— կը պատգամէ Տէրը։—

34

Այն մարգարէն, կամ քահանան, կամ ժողովուրդը՝ Որ կ’ըսէ. “Տէրոջ պատգամը”, Այդ մարդն ու անոր տունը պիտի 16պատժեմ։

35

Իւրաքանչիւրը՝ իր ընկերին, Իւրաքանչիւրը՝ իր եղբօր սա՛ թող ըսէ. “Տէրը ի՞նչ պատասխանեց, Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ։

36

Ա՛լ Տէրոջ պատգամը մի՛ յիշատակէք, Որովհետեւ իւրաքանչիւրին խօ՛սքը պիտի ըլլայ իր պատգամը, Որովհետեւ դուք ապրող Աստուծոյն, Զօրքերու Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն խօսքը խեղաթիւրեցիք”։

37

Մարգարէին սա՛ ըսէ. “Տէրը քեզի ի՞նչ պատասխանեց, Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ։

38

Իսկ եթէ ըսէք. "Տէրոջ պատգամը", Այն ատեն Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Քանի սա՛ խօսքը կ’ըսէք. «Տէրոջ պատգամը», Թէպէտ ես ձեզի լուր ղրկեցի եւ ըսի. «Մի՛ ըսէք. “Տէրոջ պատգամը”»,

39

Ահա՛ ես ձեզ բոլորովին պիտի մոռնամ. Երեսէ պիտի ձգեմ ձեզ եւ այն քաղաքը՝ որ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուի, Եւ պիտի վտարեմ ձեզ իմ ներկայութենէս։

40

Ձեր վրայ յաւիտենական նախատինք Ու յաւիտենական խայտառակում պիտի դնեմ, Որ պիտի չմոռցուի"”»։



1 Եբր.՝ Ձեզի պիտի այցելեմ
2 Եբր.՝ գինին գլուխը անցած
3 Եբր.՝ զօրաւոր մարդու
4 Եբր.՝ պղծուած
5 Եբր.՝ հատուցումի
6 Եբր.՝ կայնեցաւ
7 Եբր.՝ դուրս ելաւ
8 Եբր.՝ ցաւալի
9 Եբր.՝ ցաւցնէ
10 Եբր.՝ մտադրութիւնները
11 Եբր.՝ հասկնալով
12 Եբր.՝ ճամբաներէն
13 Եբր.՝ ճշմարտութեամբ
14 Եբր.՝ ցրուող
15 Կամ՝ կեղծ
16 Եբր.՝ հատուցանեմ