Loading...

Jeremiah 24

Isaiah  «  Jeremiah 23  ‹  Jeremiah 24  ›  Jeremiah 25  »  Lamentations


ԵՐԿՈՒ ԿՈՂՈՎ ԹՈՒԶ

1

Երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երուսաղէմէն տարագրեց եւ Բաբելոն տարաւ Յուդայի թագաւորը, Յովակիմի որդին՝ Յեքոնիան , նաեւ Յուդայի իշխանաւորները, 1հիւսներն ու դարբինները, Տէրը ինծի սա՛ տեսիլքը տեսնել տուաւ.— ահա՛ Տէրոջ տաճարին առջեւ դրուած երկու կողով թուզ կար.

2

մէկ կողովին մէջ շատ լաւ թուզեր կային՝ կանխահաս թուզերու պէս, իսկ միւս կողովին մէջ շատ գէշ թուզեր կային, որոնք կարելի չէր ուտել՝ ա՛յնքան որ գէշ էին։

3

Տէրը ինծի ըսաւ. «Ո՛վ Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես»։ Ես ալ ըսի. «Թուզեր. լաւ թուզերը շատ լաւ են, իսկ գէշերը՝ շատ գէշ, ու կարելի չէ զանոնք ուտել՝ ա՛յնքան որ գէշ են»։

4

Այն ատեն 2Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ.

5

“Այս լաւ թուզերուն պէս պիտի ճանչնամ Յուդայէն տարագրուածները, որ այս տեղէն Քաղդէացիներուն երկիրը ղրկեցի՝ իրենց բարիքին համար։

6

Իմ աչքերս անոնց վրայ պիտի 3սեւեռեմ՝ բարիքի համար, եւ զանոնք այս երկիրը պիտի վերադարձնեմ. զանոնք պիտի կառուցանեմ, ո՛չ թէ փլցնեմ. զանոնք պիտի տնկեմ, ո՛չ թէ խլեմ։

7

Անոնց այնպիսի սիրտ մը պիտի տամ, որ զիս ճանչնան թէ ե՛ս եմ Տէրը։ Անոնք իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան, ու ես անոնց Աստուածը պիտի ըլլամ, քանի իրենց ամբողջ սիրտով ինծի պիտի վերադառնան”։

8

Իսկ այս գէշ թուզերուն մասին, որոնք ա՛յնքան գէշ են՝ որ կարելի չէ ուտել, ի՛րապէս Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ա՛յդպէս պիտի դարձնեմ Յուդայի թագաւորը՝ Սեդեկիան, անոր իշխանաւորներն ու Երուսաղէմի մնացորդը, որոնք այս երկրին մէջ մնացած են, նաեւ Եգիպտոսի երկրին մէջ բնակողները։

9

Զանոնք երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ սոսկումի ու ձախորդութեան պիտի մատնեմ, որպէսզի նախատինք, 4նշաւակ, կատակի առարկայ եւ անէծք ըլլան այն բոլոր տեղերը՝ ուր զանոնք պիտի աքսորեմ։

10

Անոնց վրայ սուր, սով ու ժանտախտ պիտի ղրկեմ, մինչեւ որ 5անհետանան այն հողին վրայէն՝ որ իրենց եւ իրենց հայրերուն տուի”»։



1 Կամ՝ արհեստաւորներն
2 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
3 Եբր.՝ դնեմ
4 Եբր.՝ առակ
5 Եբր.՝ սպառին