Loading...

Jeremiah 25

Isaiah  «  Jeremiah 24  ‹  Jeremiah 25  ›  Jeremiah 26  »  Lamentations


ՀԻՒՍԻՍԷՆ ԵԿՈՂ ԹՇՆԱՄԻՆ

1

Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիայի որդիին Յովակիմի չորրորդ տարին, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առաջին տարին էր, ամբողջ Յուդայի ժողովուրդին մասին Երեմիայի 1ուղղուած խօսքը,

2

որ Երեմիա մարգարէն ամբողջ Յուդայի ժողովուրդին եւ բոլոր Երուսաղէմի բնակիչներուն հաղորդեց՝ ըսելով.

3

«Յուդայի թագաւորին՝ Ամոնի որդիին Յովսիայի տասներեքերորդ տարիէն մինչեւ այսօր, որ քսաներեք տարի է, Տէրոջ խօսքը ինծի 2ուղղուեցաւ ու ես ձեզի հաղորդեցի՝ կանուխ ելլելով, բայց մտիկ չըրիք։

4

Տէրը ձեզի ղրկեց իր բոլոր ծառաները՝ մարգարէները — կանուխ ելլելով ղրկեց —, բայց մտիկ չըրիք ու ձեր ականջը չդարձուցիք՝ մտիկ ընելու համար։

5

Անոնք կ’ըսէին. “Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող դարձի գայ իր չար 3ընթացքէն եւ չար արարքներէն, որպէսզի 4դարէ դար՝՝ բնակիք այն հողին վրայ՝ որ Տէրը ձեզի ու ձեր հայրերուն տուաւ։

6

Ուրիշ աստուածներու մի՛ հետեւիք՝ զանոնք պաշտելու եւ անոնց երկրպագելու համար, ու զիս մի՛ գրգռէք ձեր ձեռքերուն գործերով, որպէսզի ձեզի չարիք չընեմ”։

7

Բայց դուք ինծի մտիկ չըրիք,— կը պատգամէ Տէրը,— որպէսզի զիս ձեր ձեռքերուն գործերով գրգռէք՝ ձեր ձախորդութեան համար։

8

«Հետեւաբար զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ.

9

“Քանի իմ խօսքերս մտիկ չըրիք, ահա՛ ես պիտի 5կանչեմ եւ առնեմ բոլոր հիւսիսի գերդաստանները,— կը պատգամէ Տէրը,— նաեւ իմ ծառաս՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը, ու զանոնք պիտի բերեմ այս երկրին դէմ, անոր բնակիչներուն դէմ, եւ այս բոլոր շրջակայ ազգերուն դէմ։ Զանոնք պիտի անճիտեմ, ապշութեան ու սուլոցի ենթակայ ընեմ, եւ յաւիտենապէս աւերակ դարձնեմ։

10

Անկէ պիտի դադրեցնեմ բերկրանքի ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը, փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը, ջաղացքին ձայնը եւ ճրագին լոյսը։

11

Այս ամբողջ երկիրը աւերակ ու ամայութիւն պիտի ըլլայ, եւ այս ազգերը եօթանասուն տարի Բաբելոնի թագաւորին պիտի ծառայեն”։

12

«“Երբ եօթանասուն տարին լրանայ, Բաբելոնի թագաւորը եւ այդ ազգը պիտի 6պատժեմ իրենց անօրէնութեան համար. նաեւ Քաղդէացիներուն երկիրը պիտի պատժեմ,— կը պատգամէ Տէրը,— եւ զայն յաւիտենապէս ամայի պիտի 7դարձնեմ։

13

Այդ երկրին վրայ 8պիտի իրագործեմ՝՝ այն բոլոր խօսքերս՝ որ անոր դէմ արտասանեցի, այսինքն՝ ամէն ինչ որ այս գիրքին մէջ գրուած է, որ Երեմիա մարգարէացաւ բոլոր ազգերուն դէմ։

14

Արդարեւ շատ ազգեր եւ մեծ թագաւորներ զիրենք ալ պիտի ստրկացնեն, ու ես անոնց պիտի հատուցանեմ իրենց արարքներուն եւ իրենց ձեռքերու գործերուն համեմատ”»։


ԱԶԳԵՐՈՒՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ

15

Արդարեւ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ 9ըսաւ ինծի. «Ա՛ռ ձեռքէս այս ցասումի գինիին բաժակը, եւ խմցո՛ւր զայն այն բոլոր ազգերուն՝ որոնց քեզ կը ղրկեմ։

16

Անոնք պիտի խմեն ու տատանին, եւ պիտի խենթանան այն սուրին պատճառով՝ որ անոնց մէջ պիտի ղրկեմ»։

17

Ուստի Տէրոջ ձեռքէն առի բաժակը, ու 10խմցուցի այն բոլոր ազգերուն՝ որոնց Տէրը զիս ղրկեց.—

18

Երուսաղէմի, Յուդայի քաղաքներուն, անոր թագաւորներուն եւ իշխանաւորներուն, որպէսզի զանոնք աւերակ, ամայութիւն, սուլոցի պատճառ ու անէծք դարձնէ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ.

19

Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին եւ անոր ծառաներուն, իշխանաւորներուն ու ամբողջ ժողովուրդին.

20

նաեւ բոլոր 11խառնածիններուն եւ Հուսի երկրին բոլոր թագաւորներուն. Փղշտացիներու երկրին բոլոր թագաւորներուն, այսինքն՝ Ասկաղոնի, Գազայի, Ակկարոնի եւ Ազովտոսի մնացորդին.

21

Եդովմի, Մովաբի, ու Ամմոնի որդիներուն.

22

Տիւրոսի բոլոր թագաւորներուն, Սիդոնի բոլոր թագաւորներուն, եւ ծովուն միւս կողմը եղող 12կղզիներու թագաւորներուն.

23

Դեդանի, Թեմայի, Բուզի, ու բոլոր իրենց մօրուքին 13ծայրերը կտրողներուն՝՝.

24

Արաբիայի բոլոր թագաւորներուն եւ անապատը բնակող խառնածիններու բոլոր թագաւորներուն.

25

14Զամբրիի բոլոր թագաւորներուն, Եղամի բոլոր թագաւորներուն ու Մարաստանի բոլոր թագաւորներուն.

26

հիւսիսի բոլոր թագաւորներուն, մօտ կամ հեռու եղողներուն, ասոնց եւ անոնց, ու երկրագունդի մակերեսին վրայ եղող երկրի բոլոր թագաւորներուն. անոնցմէ ետքն ալ՝ 15Սիսակի թագաւորը պիտի խմէ։

27

«Անոնց ըսէ՛. “Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. "Խմեցէ՛ք, գինովցէ՛ք ու փսխեցէ՛ք. ինկէ՛ք եւ ա՛լ ոտքի մի՛ ելլէք այն սուրին պատճառով՝ որ ձեր մէջ պիտի ղրկեմ"”։

28

Եթէ մերժեն բաժակը քու ձեռքէդ առնել՝ խմելու համար, անոնց ըսէ՛. “Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Անշո՛ւշտ պիտի խմէք.

29

որովհետեւ ահա՛ ես սկսայ իմ անունովս կոչուած քաղաքին վրայ չարիք բերել. միթէ դուք անպատի՞ժ պիտի մնաք։ Ո՛չ, անպատիժ պիտի չմնաք, քանի որ երկրի բոլոր բնակիչներուն վրայ սուրը պիտի կանչեմ", կը պատգամէ զօրքերու Տէրը”»։

30

«Ուստի դուն այս բոլոր խօսքերը անոնց դէմ մարգարէանալով՝ անոնց ըսէ՛. “Տէրը բարձր վայրէն պիտի 16գոչէ, Եւ իր սուրբ բնակավայրէն իր ձայնը լսել պիտի տայ. Իր բնակարանին դէմ ահարկու ձայնով պիտի գոչէ, Խաղող կոխողներու ճիչին պէս՝ Երկրի բոլոր բնակիչներուն դէմ պիտի 17աղաղակէ։

31

Անոր ժխորը մինչեւ երկրի ծայրերը պիտի հասնի, Որովհետեւ Տէրը ազգերուն հետ վէճ ունի. Ան ամէն մարմինի հետ դատ պիտի վարէ, Եւ ամբարիշտները սուրի պիտի մատնէ”, կը պատգամէ Տէրը»։

32

Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ չարիքը ազգէ ազգ պիտի 18փոխանցուի. Երկրի ծագերէն մեծ մրրիկ մը պիտի 19բարձրանայ։

33

Այդ օրը Տէրոջմէն մեռցուածները՝ Երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը պիտի ըլլան։ Անոնց վրայ պիտի չհեծեծեն, Անոնք պիտի չհաւաքուին ու չթաղուին. Գետինի մակերեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան»։

34

«Գոռացէ՛ք, ո՛վ հովիւներ, եւ աղաղակեցէ՛ք. Մոխիրի՛ մէջ թաւալեցէք, ո՛վ հօտին երեւելիները. Որովհետեւ ձեր մորթուելու եւ ցիրուցան ըլլալու 20ժամանակը հասած է՝՝, Ու ցանկալի իրի պէս պիտի իյնաք։

35

Հովիւները փախչելու տեղ պիտի չունենան, Ո՛չ ալ հօտին երեւելիները՝ ազատելու միջոց։

36

Հովիւներուն աղաղակին ձայնը Եւ հօտին երեւելիներուն ոռնալու ձայնը պիտի լսուի, Որովհետեւ Տէրը անոնց արօտները կործանեց։

37

Տէրոջ բարկութեան բորբոքումին 21առջեւ՝ Խաղաղաւէտ մարգագետինները լռութեան դատապարտուեցան։

38

Առիւծի կորիւնի պէս իր 22բնակարանը լքեց, Քանի որ անոնց երկիրը պիտի ամայանայ Կեղեքողին բորբոքումին առջեւ, Անոր բարկութեան բորբոքումին առջեւ»։



1 Եբր.՝ եղած
2 Եբր.՝ եղաւ
3 Եբր.՝ ճամբայէն
4 Եբր.՝ յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն
5 Եբր.՝ մարդ ղրկեմ
6 Եբր.՝ հատուցանեմ
7 Եբր.՝ ընեմ
8 Եբր.՝ բերել պիտի տամ
9 Եբր.՝ կը յայտարարէ
10 Կամ՝ հրամցուցի
11 Կամ՝ Արաբներուն
12 Կամ՝ ծովեզերեայ երկիրներու
13 Կամ՝ երկրի ծայրերը եղողներուն
14 Կամ՝ Զեմրանացիներու
15 Հաւանաբար՝ Բաբելոնի
16 Եբր.՝ մռնչէ
17 Եբր.՝ պատասխանէ
18 Եբր.՝ դուրս ելլէ
19 Եբր.՝ արթննայ
20 Եբր.՝ օրերը լրացած են
21 Եբր.՝ երեսէն
22 Եբր.՝ մացառուտը, կամ՝ տաղաւարը