Jeremiah 26
Isaiah « Jeremiah 25 ‹ Jeremiah 26 › Jeremiah 27 » Lamentations
ԵՐԵՄԻԱ ԴԱՏԻ ԿԸ ԲԵՐՈՒԻ
1Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիայի որդիին Յովակիմի թագաւորութեան սկիզբը, սա՛ խօսքը 1ուղղուեցաւ Տէրոջմէն՝ ըսելով.
2«Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Տէրոջ տան գաւիթը կայնէ՛, ու Տէրոջ տունը երկրպագելու եկող Յուդայի բոլոր քաղաքներուն արտասանէ՛ այն բոլոր խօսքերը, որոնք քեզի հրամայեցի՝ անոնց ըսելու համար. ո՛չ մէկ խօսք պակսեցուր։
3Թերեւս մտիկ ընեն եւ իւրաքանչիւրը իր չար ճամբայէն դարձի գայ, ես ալ հրաժարիմ այն չարիքէն՝ որ կը մտածեմ անոնց ընել, իրենց չար արարքներուն պատճառով։
4Անոնց ըսէ՛. "Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Եթէ ինծի մտիկ չընելով՝ ձեր առջեւ դրած օրէնքիս մէջ չընթանաք,
5ու ձեզի ղրկած ծառաներուս՝ մարգարէներուն խօսքերը մտիկ չընէք,— որոնք կանուխ ելլելով ղրկեցի, բայց դուք մտիկ չըրիք,—
6այս տունը Սելովի պէս պիտի 2ընեմ, եւ այս քաղաքը անէծք դարձնեմ երկրի բոլոր ազգերուն»"”»։
7Քահանաները, մարգարէներն ու ամբողջ ժողովուրդը լսեցին, երբ Երեմիա Տէրոջ տան մէջ այս խօսքերը կ’արտասանէր։
8Երբ Երեմիա աւարտեց այն բոլոր խօսքերը՝ որ Տէրը իրեն հրամայեր էր ըսել ամբողջ ժողովուրդին, քահանաները, մարգարէներն ու ամբողջ ժողովուրդը զինք բռնեցին եւ ըսին. «Դուն ա՛նպատճառ պիտի մեռնիս։
9Ինչո՞ւ Տէրոջ անունով մարգարէացար՝ ըսելով. “Այս տունը Սելովի պէս պիտի ըլլայ, եւ այս քաղաքը աւերակ պիտի ըլլայ՝ առանց բնակիչի”»։ Ամբողջ ժողովուրդը Երեմիայի շուրջ հաւաքուեցաւ Տէրոջ տան մէջ։
10Երբ Յուդայի իշխանաւորները այս բաները լսեցին, թագաւորին տունէն Տէրոջ տունը բարձրացան եւ Տէրոջ տան նոր դրան մուտքը նստան։
11Քահանաներն ու մարգարէները խօսեցան իշխանաւորներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին, ու ըսին. «Այս մարդը մեռնելու արժանի է, քանի որ այս քաղաքին դէմ մարգարէացաւ, ինչպէս դուք ձեր ականջներով լսեցիք»։
12Իսկ Երեմիա բոլոր իշխանաւորներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին ըսաւ. «Տէ՛րը զիս ղրկեց որ մարգարէանամ՝ այս տան ու այս քաղաքին դէմ արտասանելով ձեր լսած բոլոր խօսքերը։
13Ուստի հիմա բարեփոխեցէ՛ք ձեր 3ընթացքն ու արարքները, եւ մտի՛կ ըրէք ձեր Աստուծոյն ձայնը. Տէրն ալ ձեր դէմ 4վճռած չարիքէն պիտի հրաժարի։
14Իսկ ես ահա՛ ձեր ձեռքն եմ. վարուեցէ՛ք ինծի հետ՝ ինչպէս որ 5ձեզի հաճելի եւ ուղիղ թուի՝՝։
15Սակայն լա՛ւ գիտցէք թէ եթէ զիս մեռցնէք, անշուշտ անմեղ արիւնին պատիժը պիտի դնէք ձեր վրայ, այս քաղաքին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ. որովհետեւ ճշմա՛րտապէս Տէ՛րը զիս ձեզի ղրկեց, որպէսզի այս բոլոր խօսքերը ձեր ականջներուն ըսեմ»։
16Այն ատեն իշխանաւորներն ու ամբողջ ժողովուրդը քահանաներուն եւ մարգարէներուն ըսին. «Այս մարդը մեռնելու արժանի չէ, որովհետեւ Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն անունով մեզի խօսեր է»։
17Նաեւ երկրին երէցներէն քանի մը մարդիկ կանգնեցան եւ ժողովուրդին ամբողջ համախմբումին ըսին.
18«Յուդայի Եզեկիա թագաւորին օրերը՝ Մորստացի Միքիա մարգարէացաւ եւ ամբողջ Յուդայի ժողովուրդին ըսաւ. “Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Սիոն արտի պէս պիտի հերկուի, Երուսաղէմ աւերակի շեղջերու պիտի 6վերածուի, ու Տէրոջ տան լեռը՝ անտառի բարձունքներու"”։
19Միթէ Յուդայի Եզեկիա թագաւորն ու ամբողջ Յուդան զայն մեռցուցի՞ն. ան Տէրոջմէ չվախցա՞ւ եւ Տէրոջ 7չպաղատեցա՞ւ. Տէրն ալ անոնց դէմ վճռած չարիքէն հրաժարեցաւ։ Ուրեմն մենք մեծ չարիք մը ըրած կ’ըլլանք մեր անձերուն»։
20Նաեւ Կարիաթ-Յարիմէն մարդ մը կար, Սեմայիայի որդին՝ Ուրիա, որ Տէրոջ անունով կը մարգարէանար։ Ան այս քաղաքին դէմ եւ այս երկրին դէմ մարգարէացաւ՝ Երեմիայի բոլոր խօսքերուն համաձայն։
21Երբ Յովակիմ թագաւորն ու անոր բոլոր զօրաւորները եւ բոլոր իշխանաւորները անոր խօսքերը լսեցին, թագաւորը 8ջանաց որ զայն մեռցնէ. բայց Ուրիա ասիկա լսելով՝ վախցաւ, ու փախաւ Եգիպտոս գնաց։
22Յովակիմ թագաւորը մարդիկ ղրկեց Եգիպտոս. Աքոբորի որդին՝ Եղնաթանը, եւ անոր հետ քանի մը մարդիկ Եգիպտոս ղրկեց։
23Անոնք Ուրիան Եգիպտոսէն հանեցին ու Յովակիմ թագաւորին բերին. ան ալ զինք սուրով զարկաւ, եւ անոր դիակը ժողովուրդին որդիներուն գերեզմանները նետեց։
24Բայց Սափանի որդիին՝ Աքիկամի ձեռքը Երեմիայի հետ էր, որպէսզի ան ժողովուրդին ձեռքը չմատնուի՝ մեռցուելու համար։