Loading...

Jeremiah 27

Isaiah  «  Jeremiah 26  ‹  Jeremiah 27  ›  Jeremiah 28  »  Lamentations


ԵՐԵՄԻԱ ԿԸ ԿՐԷ ԵԶԻ ԼՈՒԾԸ

1

Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիայի որդիին Սեդեկիայի թագաւորութեան սկիզբը, Երեմիայի սա՛ խօսքը 1ուղղուեցաւ Տէրոջմէն՝ ըսելով. «Տէրը ինծի սա՛ ըսաւ.

2

“Կապե՛ր ու լուծե՛ր շինէ քեզի, եւ դի՛ր զանոնք վիզիդ վրայ։

3

Երուսաղէմ՝ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին եկած պատգամաւորներուն ձեռքով ղրկէ՛ զանոնք Եդովմի թագաւորին, Մովաբի թագաւորին, Ամմոնի որդիներուն թագաւորին, Տիւրոսի թագաւորին ու Սիդոնի թագաւորին,

4

եւ հրամայէ՛ անոնց որ իրենց տէրերուն ըսեն. "Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. «Ձեր տէրերուն սա՛ ըսէք.

5

“Ե՛ս 2ստեղծեցի երկիրը, մարդը, ու երկրի մակերեսին վրայ եղող անասունը՝ իմ մեծ կարողութեամբս եւ երկարած բազուկովս, ու զանոնք կու տամ որո՛ւն որ 3ինծի հաճելի թուի՝՝ տալ։

6

Ուստի հիմա այս բոլոր երկիրները կը յանձնեմ իմ ծառայիս՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը. դաշտի գազաններն ալ անոր կու տամ, որպէսզի անոր ծառայեն։

7

Բոլոր ազգերն ալ պիտի ծառայեն անոր, անոր որդիին, եւ անոր որդիին որդիին, մինչեւ որ անոր երկրին ժամանակն ալ հասնի, ու շատ ազգեր եւ մեծ թագաւորներ զինք ալ ստրկացնեն։

8

Այն ազգը կամ թագաւորութիւնը որ չի ծառայեր Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին եւ իր վիզը չի դներ Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ, այդ ազգը սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի 4պատժեմ,— կը պատգամէ Տէրը,— մինչեւ որ զիրենք անոր ձեռքով սպառեմ”։

9

«Դուք մտիկ մի՛ ընէք ձեր մարգարէներուն, դիւթերուն, երազատեսներուն, գուշակներուն եւ կախարդներուն, որոնք ձեզի կ’ըսեն. “Բաբելոնի թագաւորին պիտի չծառայէք”։

10

Արդարեւ անոնք ձեզի ստութիւն կը մարգարէանան, որպէսզի ձեր հողին վրայէն ձեզ հեռացնեն, ու ես ձեզ աքսորեմ եւ կորսուիք։

11

Բայց իր վիզը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ դնող եւ անոր ծառայող ազգը անշուշտ իր հողին վրայ հանգիստ պիտի թողում,— կը պատգամէ Տէրը,— ու պիտի մշակէ զայն եւ անոր վրայ պիտի բնակի»"”»։

12

Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին ալ հաղորդեցի այս բոլոր խօսքերը՝ ըսելով. «Ձեր վիզը դրէ՛ք Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ, ու ծառայեցէ՛ք իրեն եւ իր ժողովուրդին՝ որպէսզի ապրիք։

13

Ինչո՞ւ դուն ու ժողովուրդդ սուրով, սովով եւ ժանտախտով մեռնիք, ինչպէս Տէրը Բաբելոնի թագաւորին չծառայող ազգին դէմ 5վճռեր է։

14

Դուք մտիկ մի՛ ընէք այն մարգարէներուն խօսքերը, որոնք ձեզի կ’ըսեն. “Բաբելոնի թագաւորին պիտի չծառայէք”, որովհետեւ անոնք ձեզի ստութիւն կը մարգարէանան։

15

Արդարեւ “ես զանոնք չղրկեցի”,— կը պատգամէ Տէրը,— “հապա անոնք իմ անունովս ստութիւն կը մարգարէանան, որպէսզի ես ձեզ աքսորեմ, եւ դուք ու ձեզի մարգարէացող մարգարէները կորսուիք”»։

16

Ես քահանաներուն եւ այս ամբողջ ժողովուրդին ըսի. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ձեր մարգարէներուն խօսքերը մտիկ մի՛ ընէք, որոնք ձեզի կը մարգարէանան՝ ըսելով. "Ահա՛ Տէրոջ տան անօթները հի՛մա՝ շուտո՛վ Բաբելոնէն պիտի վերադարձուին", քանի որ անոնք ձեզի ստութիւն կը մարգարէանան։

17

Անոնց մտիկ մի՛ ընէք. ծառայեցէ՛ք Բաբելոնի թագաւորին, որպէսզի ապրիք. ինչո՞ւ այս քաղաքը աւերակ ըլլայ։

18

Իսկ եթէ անոնք մարգարէներ են, եթէ անոնց քով Տէրոջ խօսքը կայ, այժմ թող բարեխօսեն զօրքերու Տէրոջ, որպէսզի Տէրոջ տան մէջ, Յուդայի թագաւորին տան մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մնացած անօթները Բաբելոն չտարուին”»։

19

Արդարեւ զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ սիւներուն, ծովին, մեքենովթներուն եւ այս քաղաքին մէջ մնացած անօթներուն մասին,

20

որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը չգրաւեց՝ երբ Յուդայի թագաւորը, Յովակիմի որդին՝ Յեքոնիան, եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր ազնուականները Երուսաղէմէն Բաբելոն տարագրեց.

21

ի՛րապէս զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ Տէրոջ տան մէջ, Յուդայի թագաւորին տան մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մնացած անօթներուն մասին.

22

«Անոնք Բաբելոն պիտի տարուին, եւ հոն պիտի մնան մինչեւ այն օրը՝ երբ զանոնք 6փնտռեմ,— կը պատգամէ Տէրը.— յետոյ զանոնք պիտի բարձրացնեմ եւ այս տեղը պիտի վերադարձնեմ»։



1 Եբր.՝ եղաւ
2 Եբր.՝ ըրի
3 Եբր.՝ իմ աչքերուս ուղիղ ըլլայ
4 Եբր.՝ հատուցանեմ
5 Եբր.՝ խօսեր
6 Եբր.՝ աչքէ անցընեմ