Jeremiah 28
Isaiah « Jeremiah 27 ‹ Jeremiah 28 › Jeremiah 29 » Lamentations
ԵՐԵՄԻԱ ԵՒ ԱՆԱՆԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷՆ
1Նոյն տարին, Յուդայի թագաւորին՝ Սեդեկիայի թագաւորութեան սկիզբը, չորրորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, Գաբաւոնէն եղող Ազուրի որդին՝ Անանիա մարգարէն, Տէրոջ տան մէջ՝ քահանաներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին 1ներկայութեան ինծի ըսաւ.
2«Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Բաբելոնի թագաւորին լուծը կոտրեցի։
3Լման երկու տարիէն՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին այս տեղէն գրաւած ու Բաբելոն տարած Տէրոջ տան բոլոր անօթները այս տեղը պիտի վերադարձնեմ։
4Նաեւ Յուդայի թագաւորը, Յովակիմի որդին՝ Յեքոնիան, ու Բաբելոն գացած Յուդայի բոլոր տարագիրները այս տեղը պիտի վերադարձնեմ,— կը պատգամէ Տէրը,— որովհետեւ Բաբելոնի թագաւորին լուծը պիտի կոտրեմ”»։
5Երեմիա մարգարէն պատասխանեց Անանիա մարգարէին՝ Տէրոջ տան մէջ կայնող քահանաներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին ներկայութեան։
6Երեմիա մարգարէն ըսաւ. «Ամէ՛ն. Տէրը ա՛յդպէս ընէ։ Տէրը քու մարգարէացած խօսքերդ թող իրագործէ, եւ Տէրոջ տան անօթներն ու բոլոր տարագիրները Բաբելոնէն այս տեղը վերադարձնէ։
7Սակայն այժմ մտի՛կ ըրէ սա՛ խօսքս՝ որ քու ականջներուդ եւ ամբողջ ժողովուրդին ականջներուն կ’ըսեմ.
8“Ինձմէ առաջ ու քեզմէ առաջ եղող հին դարերու մարգարէները՝ պատերազմ, չարիք ու ժանտախտ մարգարէացան շատ երկիրներու եւ մեծ թագաւորութիւններու դէմ։
9Երբ մարգարէ մը խաղաղութիւն կը մարգարէանայ եւ այդ մարգարէին խօսքը կ’իրագործուի, ա՛յդ ատեն կը հասկցուի թէ ան ճշմարտապէս Տէրոջմէն ղրկուած մարգարէ մըն է”»։
10Այն ատեն Անանիա մարգարէն Երեմիա մարգարէին վիզէն լուծը առաւ ու զայն կոտրեց։
11Ապա Անանիա ամբողջ ժողովուրդին ներկայութեան ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Լման երկու տարիէն՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին լուծը ա՛յսպէս պիտի կոտրեմ բոլոր ազգերու վիզին վրայէն”»։ Երեմիա մարգարէն ալ իր ճամբան գնաց։
12Անանիա մարգարէին՝ Երեմիա մարգարէին վիզին վրայէն լուծը կոտրելէն ետք, 2Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիայի՝ ըսելով.
13«Գնա՛ եւ Անանիայի ըսէ՛. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Դուն փայտէ լուծերը կոտրեցիր, սակայն անոնց տեղ երկաթէ լուծեր պիտի շինես"”։
14Արդարեւ զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Այս բոլոր ազգերուն վիզին վրայ երկաթէ լուծ դրի, որպէսզի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառայեն, եւ անոր պիտի ծառայեն։ Դաշտի գազաններն ալ անոր տուի”»։
15Երեմիա մարգարէն Անանիա մարգարէին ըսաւ. «Այժմ լսէ՛, ո՛վ Անանիա. Տէրը քեզ ղրկած չէ, ու դուն այս ժողովուրդը մղեցիր՝ որ ստութեան վստահի։
16Հետեւաբար Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես քեզ երկրի մակերեսէն պիտի վտարեմ. դուն այս տարի պիտի մեռնիս, որովհետեւ Տէրոջ դէմ ապստամբութիւն յայտարարեցիր”»։
17Եւ Անանիա մարգարէն այդ տարին մեռաւ՝ եօթներորդ ամսուան մէջ։