Loading...

Jeremiah 29

Isaiah  «  Jeremiah 28  ‹  Jeremiah 29  ›  Jeremiah 30  »  Lamentations


ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՆԱՄԱԿԸ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒՆ

1

Ահա՛ւասիկ այն 1նամակին խօսքերը, որ Երեմիա մարգարէն Երուսաղէմէն ղրկեց տարագիրներէն մնացած երէցներուն, քահանաներուն, մարգարէներուն եւ ամբողջ ժողովուրդին, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմէն Բաբելոն փոխադրեր էր,

2

(Յեքոնիա թագաւորին, 2մայր-թագուհիին՝՝, պալատականներուն, Յուդայի ու Երուսաղէմի իշխանաւորներուն, 3հիւսներուն եւ դարբիններուն Երուսաղէմէն ելլելէն ետք,)

3

Սափանի որդիին՝ Եղեասայի ու Քեղկիայի որդիին՝ Գամարիայի ձեռքով (որոնք Յուդայի թագաւորը՝ Սեդեկիա Բաբելոն ղրկեր էր Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին,) ըսելով.

4

«Սա՛ կը յայտարարէ զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը բոլոր տարագիրներուդ, որ Երուսաղէմէն Բաբելոն փոխադրեր եմ.

5

“Տունե՛ր կառուցանեցէք ու բնակեցէ՛ք. պարտէզնե՛ր տնկեցէք ու անոնց պտո՛ւղը կերէք։

6

Կինե՛ր առէք, ու որդինե՛ր եւ աղջիկնե՛ր ծնանեցէք. նաեւ ձեր որդիներո՛ւն կիներ առէք, ու ձեր աղջիկները ամուսիններո՛ւ տուէք, որպէսզի որդիներ եւ աղջիկներ ծնանին. հոդ բազմացէ՛ք, մի՛ քիչնաք։

7

Այն քաղաքին խաղաղութի՛ւնը ուզեցէք՝ ուր ձեզ փոխադրեր եմ, եւ անոր համար Տէրո՛ջ աղօթեցէք, որովհետեւ անոր խաղաղութեամբ ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ”։

8

Արդարեւ զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ձեր մէջ եղող ձեր մարգարէներն ու ձեր դիւթերը ձեզ թող չհրապուրեն, եւ մտիկ մի՛ ընէք ձեր 4երազատեսներուն,

9

որովհետեւ իմ անունովս ստութիւն կը մարգարէանան ձեզի. ես զանոնք չղրկեցի”, կը պատգամէ Տէրը։

10

Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Երբ Բաբելոնի եօթանասուն տարին լրանայ, ձեզի պիտի այցելեմ ու ձեզի տուած իմ բարի խոստումս պիտի իրագործեմ՝ ձեզ այս տեղը վերադարձնելով,

11

քանի որ ձեզի համար մտածած ծրագիրներս գիտեմ,— կը պատգամէ Տէրը.— անոնք 5բարօրութեան ծրագիրներ են, ո՛չ թէ չարիքի, ձեզի ապագայ մը ու յոյս մը տալու համար։

12

Դուք ինծի պիտի գոչէք, պիտի երթաք եւ ինծի աղօթէք, ու ձեզի մտիկ պիտի ընեմ։

13

Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի գտնէք, որովհետեւ ձեր ամբողջ սիրտով զիս պիտի որոնէք,

14

ես ալ 6ձեզի պիտի յայտնուիմ՝՝,— կը պատգամէ Տէրը։— Ձեզ գերութենէն պիտի վերադարձնեմ. ձեզ պիտի հաւաքեմ բոլոր ազգերէն եւ այն բոլոր տեղերէն՝ ուր ձեզ աքսորեր էի,— կը պատգամէ Տէրը։— Ձեզ պիտի վերադարձնեմ այն տեղը, ուրկէ ձեզ փոխադրեր էի”»։

15

(Արդարեւ դուք ըսիք թէ Տէրը մեզի Բաբելոնի մէջ մարգարէներ հանեց։)

16

Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ Դաւիթի գահին վրայ բազմող թագաւորին մասին եւ այս քաղաքին մէջ բնակող ամբողջ ժողովուրդին մասին, ձեզի հետ տարագրութեան չգացող ձեր եղբայրներուն մասին.

17

«Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես անոնց մէջ պիտի ղրկեմ սուրը, սովն ու ժանտախտը, եւ զանոնք շատ գէշ թուզերու պիտի 7վերածեմ, որոնք ա՛յնքան գէշ են՝ որ կարելի չէ ուտել։

18

Զանոնք սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի հալածեմ, եւ զանոնք սոսկումի պիտի մատնեմ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ. զանոնք անէծքի, ապշութեան, սուլոցի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ընեմ այն բոլոր ազգերուն մէջ՝ ուր զանոնք պիտի աքսորեմ։

19

Արդարեւ իմ խօսքերս մտիկ չըրին,— կը պատգամէ Տէրը,— երբ իմ ծառաներս՝ մարգարէները անոնց ղրկեցի։ Կանուխ ելլելով զանոնք ղրկեցի, բայց մտիկ 8չըրին,— կը պատգամէ Տէրը։—

20

Ուրեմն մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը, դո՛ւք՝ բոլոր տարագիրներդ, որ Երուսաղէմէն Բաբելոն վտարեցի։

21

Իմ անունովս ձեզի ստութիւն մարգարէացող Կովղիայի որդիին՝ Աքաաբի մասին, ու Մաասիայի որդիին՝ Սեդեկիայի մասին զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես զանոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ, ու ձեր աչքերուն առջեւ զիրենք պիտի զարնէ։

22

Բաբելոն եղող Յուդայի բոլոր տարագիրներուն մէջ՝ անոնց պատիժէն սա՛ անէծքը պիտի առնուի՝ ըսելով. «Տէրը քեզ Բաբելոնի թագաւորին կրակի մէջ խորոված Սեդեկիայի եւ Աքաաբի պէս ընէ»։

23

Արդարեւ անոնք Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն գործեցին. իրենց ընկերներուն կիներուն հետ շնութիւն ըրին, եւ իմ անունովս սուտ խօսքեր արտասանեցին, որ ես իրենց չհրամայեցի. բայց ես գիտեմ ու վկայ եմ", կը պատգամէ Տէրը”»։


ՍԵՄԱՅԻԱՅԻ ՆԱՄԱԿԸ

24

Նեհելամացի Սեմայիայի ըսէ՛.

25

«Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Դուն Երուսաղէմ եղող ամբողջ ժողովուրդին, Մաասիայի որդիին՝ Սոփոնիա քահանային ու բոլոր քահանաներուն քու անունովդ նամակներ ղրկեցիր՝ ըսելով.

26

"Տէրը քեզ Յովիադա քահանային տեղ քահանայ կարգեց՝ որպէսզի Տէրոջ տան վերատեսուչ ըլլաս, եւ ամէն խելագար մարդ՝ որ ինքզինք մարգարէ կը ձեւացնէ՝ 9գելարանի եւ 10անուրի մէջ դնես։

27

Ուրեմն ինչո՞ւ ձեզի 11մարգարէացող Անաթովթացի Երեմիան չսաստեցիր,

28

որովհետեւ ան մեզի նամակ ղրկեց Բաբելոն՝ ըսելով. «Այս տարագրութիւնը երկար պիտի ըլլայ. տունե՛ր կառուցանեցէք ու մէջը բնակեցէք, պարտէզնե՛ր տնկեցէք եւ անոնց պտուղը կերէք»"”»։

29

Սոփոնիա քահանան կարդաց այս նամակը Երեմիա մարգարէին ականջներուն։

30

Ապա 12Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիայի՝ ըսելով.

31

«Բոլոր տարագիրներուն լո՛ւր ղրկէ եւ ըսէ՛. “Նեհելամացի Սեմայիայի մասին Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Քանի Սեմայիա ձեզի մարգարէացաւ, թէպէտ ես զայն չղրկեցի, ու ձեզի ստութեան վստահիլ տուաւ,

32

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես Նեհելամացի Սեմայիան եւ անոր զարմը պիտի 13պատժեմ. ո՛չ մէկ մարդ պիտի ունենայ՝ որ այս ժողովուրդին մէջ բնակի, ո՛չ ալ պիտի տեսնէ այն բարիքը՝ որ իմ ժողովուրդիս պիտի ընեմ,— կը պատգամէ Տէրը,— որովհետեւ Տէրոջ դէմ ապստամբութիւն յայտարարեց»"”»։



1 Եբր.՝ գրութեան
2 Եբր.՝ տիրուհիին
3 Կամ՝ արհեստաւորներուն
4 Եբր.՝ տեսնել տուած երազներուն
5 Եբր.՝ խաղաղութեան
6 Եբր.՝ ձեզմէ պիտի գտնուիմ
7 Եբր.՝ դարձնեմ
8 Եբր.՝ չըրիք
9 Այսինքն՝ տանջարանի
10 Այսինքն՝ երկաթէ օղակի
11 Կամ՝ ինքզինք մարգարէ ձեւացնող
12 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
13 Եբր.՝ հատուցանեմ