Loading...

Jeremiah 30

Isaiah  «  Jeremiah 29  ‹  Jeremiah 30  ›  Jeremiah 31  »  Lamentations


ՏԷՐՈՋ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

1

Երեմիայի 1ուղղուած խօսքը Տէրոջմէն՝ որ ըսաւ.

2

«Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Քեզի համար գրէ՛ բոլոր քեզի ըսած խօսքերս գիրքի մը մէջ։

3

Արդարեւ ահա՛ պիտի գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— երբ իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի եւ Յուդայի գերիները պիտի վերադարձնեմ,— կը յայտարարէ Տէրը։— Զանոնք պիտի վերադարձնեմ այն երկիրը՝ որ իրենց հայրերուն տուի, որպէսզի անոր տիրանան”»։

4

Ահա՛ւասիկ Իսրայէլի մասին ու Յուդայի մասին Տէրոջ ըսած խօսքերը.—

5

«Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “2Սարսափի ձայն մը լսեցինք. Երկիւղ կայ, ո՛չ թէ խաղաղութիւն։

6

Ուրեմն հարցուցէ՛ք ու տեսէ՛ք, Արդեօք 3այր մարդը՝՝ զաւակ կը ծնանի՞. Ինչո՞ւ ամէն 4կտրիճ Ծննդաբերող կնոջ պէս ձեռքերը մէջքը դրած է, Ու բոլոր երեսները դեղին դարձած են։

7

Վա՜յ, որովհետեւ ատիկա մեծ օր է. անոր նմանը չկայ։ Ատիկա Յակոբի տագնապի ժամանակն է, Բայց անկէ պիտի ազատի”»։

8

«Արդարեւ այդ օրը,— կը պատգամէ զօրքերու Տէրը,— Անոր լուծը քու վիզիդ վրայէն պիտի կոտրեմ, Կապերդ պիտի փրցնեմ, Եւ անգա՛մ մըն ալ օտարները 5զայն պիտի չստրկացնեն.

9

Հապա անոնք պիտի ծառայեն իրենց Տէր Աստուծոյն, Ու Դաւիթ թագաւորին՝ Որ ես անոնց պիտի հանեմ»։

10

«Ուստի դուն մի՛ վախնար, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ,— կը պատգամէ Տէրը,— Ո՛վ Իսրայէլ, մի՛ զարհուրիր. Որովհետեւ ահա՛ ես քեզ պիտի ազատեմ հեռաւոր երկրէն, Եւ քու զարմդ՝ իրենց գերութեան երկրէն։ Յակոբ պիտի վերադառնայ, ու հանդարտ եւ անխռով պիտի ըլլայ. Ո՛չ մէկը զինք պիտի դողացնէ։

11

Արդարեւ ես քեզի հետ եմ,— կը պատգամէ Տէրը,— քեզ ազատելու համար. Պիտի 6բնաջնջեմ այն բոլոր ազգերը՝ Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի, Բայց քեզ պիտի չբնաջնջեմ, Հապա քեզ 7չափաւորութեամբ պիտի 8պատժեմ, Սակայն քեզ բոլորովին անմեղ պիտի չսեպեմ»։

12

Արդարեւ Տէրը սա՛ կը պատգամէ. «Քու փլուզումդ մահաբեր է, ու վէրքդ՝ անդարմանելի.

13

Զայն 9խնամելու համար քու դատդ պաշտպանող մը չկայ, Քեզի համար դեղ ու զօրացուցիչ չկայ։

14

Քու բոլոր հոմանիներդ քեզ մոռցան, Քեզ չեն փնտռեր. Որովհետեւ քեզ թշնամիի մը 10հարուածով զարկի՝՝, Անգութ մէկու մը պատիժով, Քու բազմաթիւ անօրէնութիւններուդ համար, Քանի մեղքերդ շատցան։

15

Քու փլուզումիդ համար ինչո՞ւ կ’աղաղակես։ Քու կոտտանքդ մահաբեր է. Այս բաները քու բազմաթիւ անօրէնութիւններուդ համար քեզի ըրի, Քանի քու մեղքերդ շատցան։

16

Հետեւաբար բոլոր անոնք՝ որ քեզ կը 11կլլեն, պիտի կլլուին. Քու բոլոր հակառակորդներդ գերութեան պիտի երթան. Քեզ յափշտակողները պիտի յափշտակուին, Ու բոլոր քեզ կողոպտողները կողոպտուելու պիտի մատնեմ։

17

Արդարեւ 12պիտի ապաքինիս՝՝ Եւ քու վէրքդ պիտի բուժեմ,— կը յայտարարէ Տէրը,— Որովհետեւ քեզ “Աքսորական” կոչեցին, եւ ըսին. “Այս այն Սիոնն է՝ որ ո՛չ մէկը կը փնտռէ”»։

18

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես Յակոբի վրաններուն գերիները պիտի վերադարձնեմ, Եւ անոր բնակարաններուն պիտի գթամ. Քաղաքը իր փլատակներուն վրայ պիտի կառուցանուի, Ու պալատը 13նախկինին պէս՝՝ պիտի բնակուի։

19

Անոնց մէջէն ներբող պիտի 14լսուի, Նաեւ խայտացողներու ձայնը։ Զանոնք պիտի բազմացնեմ եւ պիտի չքիչնան, Զանոնք պիտի փառաւորեմ ու պիտի չստորնանան։

20

Անոնց որդիները վաղեմի օրերուն պէս պիտի ըլլան, Անոնց համայնքը իմ առջեւս պիտի հաստատուի, Եւ բոլոր զիրենք տանջողները պիտի 15պատժեմ։

21

Անոնց 16ազնուականները իրենցմէ պիտի ըլլան, Անոնց ղեկավարն ալ իրենց մէջէն պիտի ելլէ։ Զայն պիտի մօտեցնեմ, եւ ինծի պիտի մօտենայ. Որովհետեւ ո՞վ է ան՝ որ 17ինքնիրեն կը համարձակի՝՝ ինծի մօտենալ,— կը պատգամէ Տէրը։

22

Դուք իմ ժողովուրդս պիտի ըլլաք, Ես ալ ձեր Աստուածը պիտի ըլլամ»։

23

Ահա՛ Տէրոջ մրրիկը ցասումով 18բարձրացաւ. Ան 19յարատեւ մրրիկ է, Ամբարիշտներուն գլուխին վրայ պիտի 20պայթի։

24

Տէրոջ բորբոքած բարկութիւնը պիտի չհեռանայ, Մինչեւ որ իր սիրտին 21մտածումները չիրագործէ ու չհաստատէ. Վերջին օրերը ասիկա պիտի հասկնաք։



1 Եբր.՝ եղած
2 Եբր.՝ Սարսուռի
3 Եբր.՝ արուն
4 Եբր.՝ զօրաւոր մարդ
5 Այսինքն՝ Յակոբը
6 Եբր.՝ սպառեմ
7 Եբր.՝ կանոնին համաձայն
8 Կամ՝ խրատեմ
9 Եբր.՝ վիրակապով փաթթելու
10 Կամ՝ վէրքով վիրաւորեցի
11 Եբր.՝ լափեն
12 Եբր.՝ առողջութիւնդ պիտի բարձրացնեմ
13 Եբր.՝ իր սովորութեան համաձայն
14 Եբր.՝ ելլէ
15 Եբր.՝ հատուցանեմ
16 Եբր.՝ երեւելիները
17 Եբր.՝ իր սիրտը կ’երաշխաւորէ
18 Եբր.՝ դուրս ելաւ
19 Եբր.՝ բնակող
20 Եբր.՝ ցաւցնէ
21 Եբր.՝ մտադրութիւնները