Loading...

Jeremiah 31

Isaiah  «  Jeremiah 30  ‹  Jeremiah 31  ›  Jeremiah 32  »  Lamentations


ԻՍՐԱՅԷԼ ՏՈՒՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ

1

«Այն ատեն,— կը պատգամէ Տէրը,— Իսրայէլի բոլոր գերդաստաններուն Աստուածը պիտի ըլլամ, Անոնք ալ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան»։

2

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Սուրէն վերապրող ժողովուրդը անապատին մէջ շնորհք գտաւ, Երբ 1Իսրայէլ կ’երթար հանգստանալու՝՝»։

3

Տէրը 2վաղուց ինծի երեւցաւ՝ ըսելով. «Քեզ յաւիտենական սիրով սիրեցի. Հետեւաբար 3քեզ կարեկցութեամբ ինծի քաշեցի՝՝։

4

Քեզ դարձեալ պիտի կառուցանեմ, ու դուն պիտի կառուցանուիս, ո՛վ Իսրայէլի կոյսը։ Դա՛րձեալ՝ քու թմբուկներովդ զարդարուած՝ Խայտացողներու պարին պիտի 4միանաս։

5

Դա՛րձեալ Սամարիայի լեռներուն վրայ այգիներ պիտի տնկես. Տնկողները պիտի տնկեն եւ անոնց պտուղը պիտի ուտեն։

6

Արդարեւ պիտի գայ օրը՝ երբ Եփրեմի լերան վրայ պահապանները պիտի գոչեն. “Կանգնեցէ՛ք, ու դէպի Սիոն բարձրանանք, Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն”»։

7

Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Յակոբի համար ուրախութեա՛մբ ցնծացէք, Ազգերու գլուխին համար ցնծութեա՛մբ աղաղակեցէք. 5Ձա՛յն բարձրացուցէք՝՝, գովաբանեցէ՛ք եւ ըսէ՛ք. “Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ քու ժողովուրդդ, Իսրայէլի մնացորդը”։

8

Ահա՛ ես զանոնք հիւսիսի երկրէն պիտի բերեմ, Զանոնք երկրի ծագերէն պիտի հաւաքեմ, Եւ անոնց հետ՝ կոյրն ու կաղը, Յղին եւ ծննդաբերող կինը, բոլորը միասին. Մեծ համախմբում մը հոս պիտի վերադառնայ։

9

Լալով պիտի գան, եւ աղաչանքներով զանոնք պիտի բերեմ. Անոնց քալել պիտի տամ դէպի ջուրերու վտակները՝ Ուղիղ ճամբայէ մը, որուն մէջ պիտի չգայթին. Որովհետեւ Իսրայէլի հայր եղայ Ու Եփրեմ իմ անդրանիկս է։

10

«Ո՛վ ազգեր, մտի՛կ ըրէք Տէրոջ խօսքը, Յայտարարեցէ՛ք հեռաւոր կղզիներուն եւ ըսէ՛ք. “Իսրայէլը ցրուողը զայն պիտի հաւաքէ. Զայն պիտի պահպանէ, ինչպէս հովիւը իր հօտը կը պահպանէ”։

11

Արդարեւ Տէրը փրկեց Յակոբը, Ու զայն իրմէ ուժեղին ձեռքէն ազատեց։

12

Անոնք պիտի գան եւ Սիոնի բարձունքին վրայ ցնծութեամբ գոչեն. Պիտի 6խուժեն դէպի Տէրոջ բարիքները, Այսինքն՝ ցորենը, քաղցուն ու իւղը, Եւ ոչխարներն ու արջառները։ Անոնց անձերը ոռոգուած պարտէզի պէս պիտի ըլլան, Անգա՛մ մըն ալ պիտի չմարին։

13

Այն ատեն կոյսը պարելով պիտի ուրախանայ, Նաեւ երիտասարդներն ու ծերերը՝ միասին։ Արդարեւ անոնց սուգը բերկրանքի պիտի փոխեմ, Եւ անոնց տրտմութենէն զիրենք հանգստացնելով՝ պիտի ուրախացնեմ։

14

Քահանաներուն անձերը պարարտութեամբ պիտի յագեցնեմ, Եւ իմ ժողովուրդս իմ բարիքներովս պիտի կշտանայ», կը պատգամէ Տէրը։


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՒԹԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՆԴԷՊ

15

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ, Եղերերգութեան ու դառնագին լացի ձայն. Ռաքէլ իր որդիներուն համար կու լար, Եւ կը մերժէր իր որդիներուն համար մխիթարուիլ, Որովհետեւ անոնք չկային»։

16

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «7Դադրեցո՛ւր ձայնդ լալէն, Եւ աչքերդ՝ արցունք թափելէն. Արդարեւ քու 8աշխատանքդ պիտի վարձատրուի՝՝,— կը պատգամէ Տէրը,— Ու թշնամիին երկրէն պիտի վերադառնան։

17

Քու ապագայիդ համար յոյս կայ,— կը պատգամէ Տէրը,— Քանի որդիներդ իրենց հողամասը պիտի վերադառնան։

18

Ի՛րապէս Եփրեմի սա՛ ողբը լսեցի. “Զիս պատժեցիր, ու ես պատժուեցայ Լուծի չվարժուած զուարակի պէս. Զիս վերադարձո՛ւր, որպէսզի դարձի գամ, Որովհետեւ ո՛վ Տէր, դո՛ւն ես իմ Աստուածս։

19

Ի՛րապէս դարձի գալէս ետք զղջացի, Գիտակցելէս ետք ազդրիս զարկի. Ամչցայ եւ խայտառակուեցայ, Որովհետեւ երիտասարդութեանս նախատինքը կը կրեմ”։

20

Միթէ Եփրեմ ինծի համար պատուական որդի՞ է, 9Սիրական զաւա՞կ է. Որովհետեւ իրեն դէմ խօսելէս ետք՝ Շարունակ զինք կը յիշեմ, Հետեւաբար իմ ընդերքս կ’ալեկոծի իրեն համար. Անշո՛ւշտ իրեն պիտի գթամ,— կը պատգամէ Տէրը։—

21

Նշանասիւնե՛ր կանգնեցուր քեզի, ձողանշաննե՛ր 10ցցէ քեզի, 11Ուշադրութի՛ւնդ դարձուր՝՝ պողոտային՝ քու գացած ճամբայիդ։ Վերադարձի՛ր, ո՛վ Իսրայէլի կոյսը, Վերադարձի՛ր այս քաղաքներդ։

22

Մինչեւ ե՞րբ 12թափառաշրջիկ պիտի ըլլաս՝՝, Ո՛վ ուխտադրուժ աղջիկ. Որովհետեւ Տէրը երկրի վրայ նոր բան մը ստեղծեց.— 13Կի՛նը պիտի 14դարպասէ 15մարդը»։


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄԸ

23

Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. «Դա՛րձեալ Յուդայի երկրին մէջ Եւ անոր քաղաքներուն մէջ սա՛ խօսքը պիտի ըսեն՝ Երբ զանոնք գերութենէն վերադարձնեմ. “Տէրը քեզ օրհնէ, Ո՛վ արդարութեան բնակարան, սո՛ւրբ լեռ”։

24

Հոն միասին պիտի բնակին՝ Յուդայի եւ իր բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ Երկրագործներն ու 16հօտաղները։

25

Արդարեւ պարտասած անձը պիտի յագեցնեմ, Եւ ամէն մարած անձ պիտի 17կշտացնեմ»։

26

18Երբ արթնցայ՝ նկատեցի՝՝ թէ Քունս ինծի քաղցր եղած էր։

27

«Ահա՛ կու գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— Երբ Իսրայէլի տունն ու Յուդայի տունը Մարդու սերմ եւ անասունի սերմ պիտի ցանեմ։

28

Ինչպէս խլելու, փլցնելու, քանդելու, Կործանելու եւ 19տրտմեցնելու համար Անոնց վրայ հսկեցի, Նոյնպէս ալ կառուցանելու եւ տնկելու համար Անոնց վրայ պիտի հսկեմ,— կը պատգամէ Տէրը։—

29

Այդ օրերը անգա՛մ մըն ալ պիտի չըսեն. “Հայրերը ազոխ կերան, Ու որդիներո՛ւն ակռաները 20առին”.

30

Հապա ամէն մարդ ի՛ր անօրէնութեան համար պիտի մեռնի. Ո՛վ որ ազոխ ուտէ, Անո՛ր ակռաները պիտի առնեն»։

31

«Ահա՛ կու գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— Երբ Իսրայէլի տան հետ ու Յուդայի տան հետ Նոր ուխտ մը պիտի կնքեմ։

32

Ո՛չ թէ այն ուխտին պէս՝ որ անոնց հայրերուն հետ կնքեցի, Այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի՝ Զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար. Որովհետեւ անոնք իմ ուխտս խզեցին, Թէեւ անոնց վրայ տիրողը ե՛ս էի,— կը պատգամէ Տէրը։—

33

Հապա այդ օրերէն ետք՝ Իսրայէլի տան հետ կնքելիք ուխտս սա՛ է,— կը պատգամէ Տէրը.— Իմ օրէնքս անոնց ներսը պիտի դնեմ, Ու զայն անոնց սիրտին վրայ պիտի գրեմ. Ես անոնց Աստուածը պիտի ըլլամ, Անոնք ալ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան։

34

Անոնք ա՛լ պիտի չսորվեցնեն՝ իւրաքանչիւրը իր ընկերին, Իւրաքանչիւրը իր եղբօր՝ ըսելով. “Տէ՛րը ճանչցիր”. Հապա անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ Բոլորն ալ զիս պիտի ճանչնան,— կը պատգամէ Տէրը,— Որովհետեւ անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ, Եւ ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ»։

35

Սա՛ կը յայտարարէ Տէրը, Որ արեւը 21հաստատեց օրուան լոյսին համար, Ու գիշերուան լոյսին համար լուսինին եւ աստղերուն կանոններ դրաւ, Որ ծովը կը խաղաղեցնէ՝ երբ անոր ալիքները գոռան. Անոր անունը 22Զօրքերու Տէր՝՝ է։

36

«Եթէ այս կանոնները իմ 23առջեւս դադրին՝՝,— կը պատգամէ Տէրը,— Իսրայէլի զարմն ալ իմ առջեւս ազգ ըլլալէ պիտի դադրի 24ընդմիշտ»։

37

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Եթէ կարելի ըլլայ վերէն երկինքը չափել, Ու վարէն երկրի հիմերը հետազօտել, Ես ալ կրնամ Իսրայէլի ամբողջ զարմը մերժել՝ Իրենց բոլոր ըրածներուն համար», կը պատգամէ Տէրը։

38

«Ահա՛ կու գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— Երբ Անանայէլի աշտարակէն մինչեւ Անկիւնի դուռը՝ Քաղաքը Տէրոջ համար պիտի կառուցանուի.

39

Չափելու լարը դարձեալ անոր դիմացէն Դուրս պիտի ելլէ մինչեւ Գարէբի բլուրը, Եւ պիտի դառնայ դէպի Գոաթ։

40

Դիակներուն ու մոխիրներուն ամբողջ հովիտը, Նաեւ բոլոր արտերը՝ մինչեւ Կեդրոնի ձորը, Մինչեւ Ձիերու դրան անկիւնը՝ դէպի արեւելք, Սուրբ պիտի ըլլան Տէրոջ. Ա՛լ երբեք պիտի չխլուին ու չփլչին»։



1 Կամ՝ կ’երթայի Իսրայէլը խաղաղեցնելու
2 Եբր.՝ հեռուէն
3 Կամ՝ երկարաձգեցի քեզի կարեկցիլ
4 Եբր.՝ դուրս ելլես
5 Եբր.՝ Լսե՛լ տուէք
6 Եբր.՝ հոսին գետի պէս
7 Եբր.՝ Արգիլէ՛
8 Եբր.՝ գործիդ վարձք պիտի ըլլայ
9 Եբր.՝ Հաճելի
10 Եբր.՝ դիր
11 Եբր.՝ Սի՛րտդ դիր
12 Եբր.՝ պիտի քաշուիս
13 Եբր.՝ Է՛գը
14 Եբր.՝ շրջապատէ
15 Եբր.՝ զօրաւոր մարդը
16 Եբր.՝ հօտերուն հետ մեկնողները
17 Եբր.՝ լեցնել
18 Եբր.՝ Ասոր վրայ արթնցայ ու նայեցայ
19 Եբր.՝ չարիք ընելու
20 Այսինքն՝ գրգռուեցան
21 Եբր.՝ դրաւ
22 Եբր.՝ Եհովա Սաբաւովթ
23 Եբր.՝ առջեւէս հեռանան
24 Եբր.՝ բոլոր օրերը