Loading...

Jeremiah 32

Isaiah  «  Jeremiah 31  ‹  Jeremiah 32  ›  Jeremiah 33  »  Lamentations


ԵՐԵՄԻԱ ԿԸ ԳՆԷ ԱՐՏ ՄԸ

1

Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին տասներորդ տարին, այսինքն՝ Նաբուգոդոնոսորի տասնութերորդ տարին, ահա՛ւասիկ Տէրոջմէն Երեմիայի 1ուղղուած խօսքը։

2

Այդ ատեն Բաբելոնի թագաւորին զօրագունդը Երուսաղէմը կը պաշարէր, ու Երեմիա մարգարէն Յուդայի թագաւորին տունը եղող բանտին բակին մէջ արգելափակուած էր։

3

Արդարեւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը զայն արգելափակած էր՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ մարգարէացար եւ ըսիր. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ, ու զայն պիտի գրաւէ։

4

Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը Քաղդէացիներուն ձեռքէն պիտի չազատի. հապա անշուշտ Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի մատնուի, անոր հետ բերան բերանի պիտի խօսի, եւ իր աչքերը անոր աչքերը պիտի տեսնեն։

5

Ան Սեդեկիան Բաբելոն պիտի տանի, ու ան հոն պիտի մնայ մինչեւ որ ես անոր այցելեմ,— կը պատգամէ Տէրը.— եթէ Քաղդէացիներուն դէմ պատերազմիք՝ պիտի չյաջողիք"”»։

6

Այն ատեն Երեմիա ըսաւ. «2Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով.

7

“Ահա՛ քու հօրեղբօրդ՝ Սեղղումի որդին՝ Անամայէլ քեզի պիտի գայ եւ ըսէ. "Անաթովթի մէջ եղող արտս գնէ՛ քեզի համար, որովհետեւ փրկելու իրաւունքը քո՛ւկդ է՝ որ գնես"”»։

8

Տէրոջ խօսքին համաձայն իմ հօրեղբօրս որդին՝ Անամայէլ ինծի եկաւ բանտին բակը, եւ ինծի ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, Բենիամինի երկիրը՝ Անաթովթի մէջ ունեցած արտս գնէ՛, որովհետեւ ժառանգութեան իրաւունքը քուկդ է, ու դո՛ւն փրկագին տալու ես. ուստի գնէ՛ քեզի համար»։ Այն ատեն գիտցայ թէ ասիկա Տէրոջ խօսքն էր։

9

Ուստի հօրեղբօրս որդիէն՝ Անամայէլէն գնեցի Անաթովթի մէջ եղող արտը, ու դրամը՝ տասնեօթը սիկղ արծաթ՝ կշռեցի եւ տուի անոր։

10

Վաւերագիր մը գրեցի, կնքեցի ու վկաներու ներկայութեան արծաթը կշիռքով կշռեցի։

11

Ստացուածքին վաւերագիրը — թէ՛ 3օրէնքին ու սովորութեան համաձայն կնքուածը, թէ՛ ալ բաց եղածը — առի,

12

եւ ստացուածքին վաւերագիրը Մաասիայի որդիին՝ Ներիայի որդիին Բարուքի տուի, հօրեղբօրս որդիին՝ Անամայէլի 4ներկայութեան, ստացուածքի վաւերագիրին մէջ ստորագրող վկաներու ներկայութեան, բանտի բակին մէջ կեցող բոլոր Հրեաներուն ներկայութեան։

13

Անոնց ներկայութեան՝ Բարուքի պատուէր տուի եւ ըսի.

14

«Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ա՛ռ այս վաւերագիրները — այս կնքուած ստացուածքին վաւերագիրը եւ այս բաց վաւերագիրը — ու զանոնք դի՛ր 5խեցիէ անօթի մը մէջ, որպէսզի շատ օրեր 6մնան”։

15

Որովհետեւ զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Այս երկրին մէջ դա՛րձեալ տուներ, արտեր եւ այգիներ պիտի գնուին”»։


ԵՐԵՄԻԱՅԻ ԱՂՕԹՔԸ

16

Ստացուածքին վաւերագիրը Ներիայի որդիին՝ Բարուքի տալէս ետք, Տէրոջ աղօթեցի՝ ըսելով.

17

«Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա՛ դուն քու մեծ կարողութեամբդ եւ երկարած բազուկովդ երկինքն ու երկիրը 7ստեղծեցիր. ո՛չ մէկ բան քեզի համար դժուարին է։

18

Դուն հազարաւոր սերունդներու հետ կարեկցութեամբ կը վարուիս, սակայն հայրերուն անօրէնութեան պատիժը անոնցմէ ետք իրենց որդիներուն ծոցը կու տաս. դուն մեծ եւ հզօր Աստուած ես, եւ 8քու անունդ Զօրքերու Տէր՝՝ է։

19

Դուն խորհուրդով մեծ ես, ու գործով՝ զօրաւոր. քու աչքերդ մարդոց որդիներուն ամբողջ 9ընթացքին վրայ բաց են՝ իւրաքանչիւրին իր ընթացքին համեմատ եւ իր արարքներու պտուղին համեմատ հատուցանելու համար։

20

Դուն Եգիպտոսի երկրին մէջ նշաններ ու հրաշքներ ըրիր, նաեւ մինչեւ այսօր՝ Իսրայէլի մէջ ու բոլոր մարդոց մէջ, քեզի անուն վաստկելով՝ ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։

21

Քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլը Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր նշաններով եւ հրաշքներով, ուժեղ ձեռքով, երկարած բազուկով ու մեծ արհաւիրքներով։

22

Անոնց տուիր այս երկիրը, որուն համար իրենց հայրերուն երդում ըրեր էիր՝ իրենց տալու, երկիր մը՝ որ կաթ ու մեղր կը հոսեցնէ։

23

Անոնք մտան եւ անոր տիրացան, բայց քու ձայնդ մտիկ չըրին ու քու օրէնքիդ համաձայն չընթացան. անոնք չգործադրեցին ամէն ինչ որ անոնց հրամայեր էիր՝ որպէսզի գործադրեն, ուստի այս ամբողջ չարիքը անոնց 10վրայ բերիր՝՝։

24

Ահա՛ հողաբլուրները քաղաքին 11դէմ բարձրացան՝՝, որպէսզի զայն գրաւեն. սուրին, սովին ու ժանտախտին պատճառով՝ քաղաքը պիտի մատնուի անոր դէմ պատերազմող Քաղդէացիներուն ձեռքը. ինչ որ 12վճռեցիր՝ 13կ’իրագործուի, եւ ահա՛ կը տեսնես։

25

Բայց դուն, ո՛վ Տէր Եհովա, ինծի ըսիր. “Քեզի համար ա՛րտը գնէ դրամով, ու վկանե՛ր կանչէ”, մինչ քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը կը մատնուի»։

26

Այն ատեն 14Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիայի՝ ըսելով.

27

«Ահա՛ ե՛ս եմ Եհովան, ամէն մարմինի Աստուածը. միթէ ինծի համար դժուարին բան մը կա՞յ։

28

Հետեւաբար Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը եւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ, ու զայն պիտի գրաւէ։

29

Այս քաղաքին դէմ պատերազմող Քաղդէացիները պիտի մտնեն, այս քաղաքը կրակով պիտի վառեն, ու զայն պիտի այրեն այն տուներուն հետ՝ որոնց տանիքներուն վրայ Բահաղի խունկ կը ծխէին եւ ուրիշ աստուածներու թափելիք նուէրներ 15կ’ընծայէին՝ զիս գրգռելու համար։

30

Արդարեւ Իսրայէլի որդիներն ու Յուդայի որդիները իրենց մանկութենէն ի վեր իմ առջեւս միայն չարիք գործեցին, որովհետեւ Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերուն գործերով անդադար զիս գրգռեցին”,— կը պատգամէ Տէրը։—

31

Արդարեւ այս քաղաքը՝ իր կառուցումի օրէն մինչեւ այսօր՝ իմ բարկութեանս եւ ցասումիս համար եղաւ, որպէսզի զայն երեսիս առջեւէն հեռացնեմ՝

32

Իսրայէլի որդիներուն ու Յուդայի որդիներուն ամբողջ չարիքին պատճառով, որ զիս գրգռելու համար գործեցին թէ՛ իրենք, թէ՛ ալ իրենց թագաւորները, իշխանաւորները, քահանաներն ու մարգարէները, նաեւ Յուդայի մարդիկն ու Երուսաղէմի բնակիչները։

33

Ինծի 16կռնակ դարձուցին, եւ ո՛չ թէ՝ երես։ Թէպէտ անոնց սորվեցուցի — կանուխ ելլելով սորվեցուցի —, անոնք մտիկ չըրին՝ որ խրատ ընդունին։

34

Հապա իմ անունովս կոչուած տան մէջ իրենց պղծութիւնները դրին՝ զայն պղծելու համար։

35

Ենովմի որդիին ձորին մէջ եղող Բահաղի բարձր տեղերը կառուցանեցին, որպէսզի իրենց որդիներն ու աղջիկները Մողոքի համար կրակէ անցընեն, ինչ որ անոնց չհրամայեցի. բնա՛ւ 17չմտածեցի որ անոնք այս գարշութիւնը գործեն՝ Յուդայի մեղանչել տալու համար»։


ՅՈՅՍԻ ԽՈՍՏՈՒՄ ՄԸ

36

«Ուստի հիմա Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ այս քաղաքին մասին, որ կ’ըսէք թէ “սուրով, սովով եւ ժանտախտով Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը կը մատնուի”։

37

Ահա՛ ես զանոնք պիտի հաւաքեմ այն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք իմ բարկութեամբս, ցասումովս ու մեծ զայրոյթովս աքսորեցի, զանոնք այս տեղը պիտի վերադարձնեմ, եւ ապահովութեամբ պիտի բնակեցնեմ։

38

Անոնք իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան, ես ալ անոնց Աստուածը պիտի ըլլամ։

39

Անոնց մէկ սիրտ ու մէկ ճամբայ պիտի տամ, որպէսզի 18ընդմիշտ ինձմէ վախնան, իրենց եւ իրենցմէ ետք իրենց որդիներուն բարիքին համար։

40

Անոնց հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի կնքեմ, որ իրենցմէ չհեռանամ՝ իրենց բարիք ընելու համար, եւ իմ վախս անոնց սիրտին մէջ պիտի դնեմ, որպէսզի ինձմէ չհեռանան։

41

Անոնց բարիք ընելով՝ անոնցմով պիտի բերկրիմ, ու զանոնք ճշմարտապէս այս երկրին մէջ պիտի տնկեմ՝ ամբողջ սիրտովս եւ ամբողջ անձովս»։

42

Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ինչպէս այս ժողովուրդին վրայ այս ամբողջ մեծ չարիքը բերի, նոյնպէս անոնց վրայ պիտի բերեմ այն ամբողջ բարիքը՝ որ անոնց խոստացայ։

43

Դա՛րձեալ արտեր պիտի գնուին այս երկրին մէջ, որուն համար կ’ըսէք. “Ամայացած է՝ առանց մարդու եւ անասունի, ու Քաղդէացիներուն ձեռքը մատնուած է”։

44

Բենիամինի երկրին մէջ, Երուսաղէմի շրջակայքը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ, լեռնային քաղաքներուն մէջ, դաշտագետինի քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ՝ մարդիկ դրամով արտեր պիտի գնեն, վաւերագիրներ պիտի գրեն, կնքեն եւ վկաներ կանչեն, որովհետեւ զանոնք գերութենէն պիտի վերադարձնեմ», կը պատգամէ Տէրը։



1 Եբր.՝ եղած
2 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
3 Եբր.՝ պատուէրին
4 Եբր.՝ աչքերուն առջեւ
5 Այսինքն՝ թրծուած կաւէ
6 Կամ՝ գոյատեւեն
7 Եբր.՝ ըրիր
8 Եբր.՝ իր անունը Եհովա Սաբաւովթ
9 Եբր.՝ ճամբաներուն
10 Եբր.՝ հանդիպիլ տուիր
11 Եբր.՝ հասան
12 Եբր.՝ խօսեցար
13 Եբր.՝ կ’ըլլայ
14 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
15 Եբր.՝ կը թափէին
16 Եբր.՝ ծոծրակ
17 Եբր.՝ սիրտիս մէջ չբարձրացաւ
18 Եբր.՝ բոլոր օրերը