Loading...

Jeremiah 33

Isaiah  «  Jeremiah 32  ‹  Jeremiah 33  ›  Jeremiah 34  »  Lamentations


ՅՈՅՍԻ ՈՒՐԻՇ ԽՈՍՏՈՒՄ ՄԸ

1

Երկրորդ անգամ 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիայի, երբ ան տակաւին բանտին բակին մէջ արգելափակուած էր, եւ ըսաւ.

2

«Սա՛ կը յայտարարէ Տէրը, 2այս քաղաքը՝՝ շինող Տէրը, որ զայն հաստատելու համար զայն ձեւակերպեց, որուն անունը Եհովա է.

3

“Ինծի՛ գոչէ, ու քեզի պատասխանեմ. քեզի մեծ եւ 3խորհրդաւոր բաներ յայտնեմ՝ որ չես գիտեր”։

4

Արդարեւ այս քաղաքին տուներուն ու Յուդայի թագաւորներուն տուներուն մասին — որոնք հողաբլուրներուն եւ սուրին պատճառով փլած են — Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ.

5

4Քաղդէացիներուն դէմ՝՝ պատերազմելու կու գան. սակայն այդ տուները մեռած մարդոց դիակներով պիտի լեցուին, որոնք իմ բարկութեամբս ու ցասումովս պիտի զարնեմ. որովհետեւ ես այս քաղաքէն իմ երեսս ծածկեցի՝ իրենց ամբողջ չարութեան համար։

6

Ահա՛ անոր առողջութիւն ու դարման պիտի բերեմ եւ զանոնք պիտի բուժեմ, ու խաղաղութեան եւ 5ապահովութեան առատութիւնը անոնց պիտի յայտնեմ։

7

Յուդայի գերիներն ու Իսրայէլի գերիները պիտի վերադարձնեմ, եւ զանոնք նախկինին պէս պիտի 6հաստատեմ։

8

Զանոնք պիտի մաքրեմ ինծի դէմ 7գործած իրենց բոլոր անօրէնութիւններէն, ու պիտի ներեմ իրենց բոլոր անօրէնութիւնները՝ որոնցմով ինծի դէմ մեղանչեցին եւ ապստամբեցան։

9

Ասիկա ինծի բերկրանքի անուն, գովաբանութիւն ու պարծանք պիտի ըլլայ երկրի բոլոր ազգերուն մէջ։ Անոնք պիտի լսեն այն ամբողջ բարիքին մասին՝ որ ես իրենց պիտի ընեմ. ուստի պիտի վախնան եւ սասանին այն ամբողջ բարիքին ու 8յաջողութեան համար՝ որ ես այս քաղաքին պիտի 9շնորհեմ”»։

10

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Այս տեղին մէջ,— որուն համար կ’ըսէք. “Անապատ դարձած է՝ առանց մարդու եւ անասունի”, այսինքն՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, որոնք ամայացած են՝ առանց մարդու, բնակիչի եւ անասունի,— դա՛րձեալ պիտի լսուին

11

բերկրանքի ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը, փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը. նաեւ անոնց ձայնը, որ Տէրոջ տունը շնորհակալութեան ընծաներ բերելով՝ կ’ըսեն. “Ներբողեցէ՛ք զօրքերու Տէրը, որովհետեւ Տէրը բարի է, որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է”. արդարեւ այս երկրին գերիները իրենց նախկին վիճակին պիտի վերադարձնեմ», կը յայտարարէ Տէրը։

12

Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Այս տեղին մէջ, որ անապատ դարձած է՝ առանց մարդու եւ անասունի, եւ անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ դա՛րձեալ հօտեր պառկեցնող հովիւներու բնակարաններ պիտի ըլլան։

13

Լեռնային քաղաքներուն մէջ, դաշտագետինի քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ, նաեւ Բենիամինի երկրին մէջ, Երուսաղէմի շրջակայքը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ՝ հօտերը դարձեալ զիրենք համրողին ձեռքերուն տակէն պիտի անցնին», կը յայտարարէ Տէրը։

14

«Ահա՛ պիտի գան օրերը,— կը պատգամէ Տէրը,— երբ Իսրայէլի տան համար ու Յուդայի տան համար 10տուած բարի խոստումս պիտի իրագործեմ։

15

Այդ օրերը եւ այդ ատեն՝ 11Դաւիթէն արդարութեան Շառաւիղ մը պիտի բուսցնեմ, ու ան երկրին մէջ իրաւունք եւ արդարութիւն պիտի կիրարկէ։

16

Այդ օրերը Յուդա պիտի ազատի ու Երուսաղէմ ապահովութեամբ պիտի բնակի, եւ ահա՛ւասիկ անոր անունը՝ որով պիտի կոչուի. “Տէրը՝ մեր արդարութիւնը”»։

17

Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Դաւիթէն Իսրայէլի տան գահին վրայ բազմող մարդ պիտի չպակսի։

18

Ո՛չ ալ Ղեւտացի քահանաներէն 12ամէն ատեն՝՝ ողջակէզ մատուցանող, հացի ընծայի հետ խունկ ծխող ու զոհ ընծայող մարդ պիտի պակսի իմ առջեւս»։

19

13Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիայի՝ ըսելով. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ.

20

“Եթէ կարենաք ցերեկուան ուխտս եւ գիշերուան ուխտս խզել, որ ցերեկն ու գիշերը իրենց ժամանակին չըլլան,

21

իմ ծառայիս՝ Դաւիթի հետ կնքած ուխտս ալ պիտի խզուի, որ իր գահին վրայ թագաւորող որդի չունենայ. նոյնպէս ալ ինծի պաշտօն կատարող Ղեւտացի քահանաներուն հետ կնքած ուխտս։

22

Ինչպէս երկինքի զօրքերը չեն հաշուուիր ու ծովուն աւազը չի չափուիր, նոյնպէս պիտի բազմացնեմ իմ ծառայիս՝ Դաւիթի զարմը եւ ինծի պաշտօն կատարող Ղեւտացիները”»։

23

14Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիայի՝ ըսելով.

24

«Չե՞ս 15նկատեր թէ ի՛նչ կը խօսի այս ժողովուրդը՝ ըսելով. “Տէրը իր ընտրած երկու գերդաստանները մերժեց”։ Անոնք իմ ժողովուրդս կ’անարգեն, որպէսզի ան իրենց առջեւ ազգ չսեպուի։

25

Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Եթէ ցերեկուան ու գիշերուան հետ ուխտ ըրած չեմ, եւ երկինքին ու երկրին կանոններ դրած չեմ,

26

Յակոբի եւ իմ ծառայիս՝ Դաւիթի զարմն ալ պիտի մերժեմ, որպէսզի ա՛լ անոր զարմէն 16կառավարիչներ չնշանակեմ՝՝ Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի զարմին վրայ. որովհետեւ 17զանոնք գերութենէն՝՝ պիտի վերադարձնեմ եւ անոնց պիտի գթամ”»։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Եբր.՝ զայն
3 Եբր.՝ արգելափակուած
4 Կամ՝ Քաղդէացիները
5 Եբր.՝ ճշմարտութեան
6 Եբր.՝ կառուցանեմ
7 Եբր.՝ մեղանչած
8 Եբր.՝ խաղաղութեան
9 Եբր.՝ ընեմ
10 Եբր.՝ խոստացած
11 Եբր.՝ Դաւիթի համար
12 Եբր.՝ ամբողջ օրը
13 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
14 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
15 Եբր.՝ տեսներ
16 Եբր.՝ չառնեմ կառավարիչներ ըլլալու
17 Եբր.՝ անոնց գերութիւնը