Loading...

Jeremiah 34

Isaiah  «  Jeremiah 33  ‹  Jeremiah 34  ›  Jeremiah 35  »  Lamentations


ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՍԵԴԵԿԻԱՅԻ

1

Երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ իր ամբողջ զօրագունդով, երկրի բոլոր թագաւորութիւններով՝ որոնց վրայ ինք կը տիրէր, ու բոլոր ժողովուրդներով Երուսաղէմի դէմ եւ անոր բոլոր քաղաքներուն դէմ կը պատերազէր, Տէրոջմէն Երեմիայի սա՛ խօսքը 1ուղղուեցաւ.

2

«Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Գնա՛, Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսէ՛ եւ անոր ըսէ՛. "Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ, ու զայն կրակով պիտի այրէ։

3

Դուն անոր ձեռքէն պիտի չազատիս, հապա անշուշտ պիտի բռնուիս եւ անոր ձեռքը մատնուիս. քու աչքերդ Բաբելոնի թագաւորին աչքերը պիտի տեսնեն, անոր բերանը քու բերանիդ պիտի խօսի, ու Բաբելոն պիտի երթաս»"։

4

Սակայն մտի՛կ ըրէ Տէրոջ խօսքը, ո՛վ Սեդեկիա, Յուդայի՛ թագաւոր. Տէրը քեզի համար սա՛ կը յայտարարէ. "Դուն սուրով պիտի չմեռնիս,

5

հապա խաղաղութեամբ պիտի մեռնիս։ Ինչպէս քեզմէ առաջ եղող քու հայրերուդ՝ նախկին թագաւորներուն համար խունկեր ծխեցին, նոյնպէս քեզի համար պիտի ծխեն. «Վա՜յ, իմ տէ՛րս» ըսելով՝ քու վրադ պիտի հեծեծեն, որովհետեւ ե՛ս ըսի այս խօսքը", կը պատգամէ Տէրը”»։

6

Ուստի Երեմիա մարգարէն այս բոլոր խօսքերը Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին ըսաւ՝ Երուսաղէմի մէջ,

7

մինչ Բաբելոնի թագաւորին զօրագունդը կը պատերազմէր Երուսաղէմի դէմ ու Յուդայի միւս բոլոր քաղաքներուն դէմ, Լաքիսի եւ Ազեկայի դէմ, քանի որ Յուդայի քաղաքներէն ասոնք մնացած էին իբր պարսպապատ քաղաք։


ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ ԽԱԲԵՊԱՏԻՐ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ

8

Ահա՛ւասիկ Տէրոջմէն Երեմիայի 2ուղղուած խօսքը, երբ Սեդեկիա թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող ամբողջ ժողովուրդին հետ ուխտ կնքեց, որ ազատագրութիւն յայտարարեն.

9

որպէսզի իւրաքանչիւրը ազատ արձակէ իր եբրայեցի ստրուկն ու եբրայեցի ստրկուհին, եւ ա՛լ ո՛չ մէկը ստրկացնէ իր եղբայրը՝ Հրեան։

10

Բոլոր իշխանաւորներն ու ամբողջ ժողովուրդը՝ որոնք այս 3ուխտը կնքած՝՝ էին՝ հնազանդեցան, որպէսզի իւրաքանչիւրը ազատ արձակէ իր ստրուկն ու ստրկուհին, եւ ա՛լ զանոնք չստրկացնէ. հնազանդեցան ու զանոնք արձակեցին։

11

Բայց անկէ ետք 4հրաժարեցան, իրենց ազատ արձակած ստրուկներն ու ստրկուհիները վերադարձուցին, եւ զանոնք 5բռնադատեցին որ ստրուկ եւ ստրկուհի ըլլան։

12

Ուստի 6Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիայի՝ ըսելով.

13

«Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ես ձեր հայրերուն հետ ուխտ կնքեցի այն օրը՝ երբ զանոնք հանեցի Եգիպտոսէն՝ ստրկութեան տունէն, եւ ըսի.

14

"Եօթը տարուան վախճանին, ձեզմէ իւրաքանչիւրը ազատ պիտի արձակէ իր եբրայեցի եղբայրը՝ որ 7իրեն ծախուած է. վեց տարի քեզի ստրուկ ըլլալէ ետք՝ զայն քովէդ ազա՛տ արձակէ։ Բայց ձեր հայրերը ինծի մտիկ չըրին, եւ իրենց ականջը չդարձուցին։

15

Դուք 8ատեն մը դարձի եկաք, եւ ըրիք ինչ որ իմ 9առջեւս ուղիղ է՝ իւրաքանչիւրը իր ընկերին ազատագրութիւնը յայտարարելով. նաեւ իմ առջեւս ուխտ կնքեցիք այն տան մէջ՝ որ իմ անունովս կոչուած է։

16

Բայց յետոյ հրաժարելով՝ իմ անունս աղարտեցիք. 10բոլորդ ալ ձեր՝՝ ազատ արձակած եւ իրենց 11կամքին ձգուած ստրուկներն ու ստրկուհիները վերադարձուցիք, զանոնք բռնադատելով որ ձեզի ստրուկ եւ ստրկուհի ըլլան"”»։

17

Հետեւաբար Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Դուք ինծի մտիկ չըրիք, ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր եղբօր եւ իր ընկերին ազատագրութիւնը չյայտարարեց. ուստի ես ձեզի համար սուրին, ժանտախտին ու սովին 12ազատութիւն պիտի տամ՝՝,— կը պատգամէ Տէրը,— եւ ձեզ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ սոսկումի պիտի մատնեմ։

18

Իմ ուխտս անտեսող ու իմ առջեւս իրենց կնքած ուխտին խօսքերը 13չգործադրող մարդիկը պիտի մատնեմ. (որոնք զուարակը երկուքի կտրելով անոր կտորներուն մէջտեղէն անցան.)

19

այսինքն՝ Յուդայի իշխանաւորներն ու Երուսաղէմի իշխանաւորները, պալատականները, քահանաներն ու երկրին ամբողջ ժողովուրդը, որոնք զուարակին կտորներուն մէջտեղէն անցան,

20

զանոնք պիտի մատնեմ իրենց թշնամիներուն ձեռքը եւ իրենց կեանքը փնտռողներուն ձեռքը. անոնց դիակները երկինքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն ուտելիք պիտի ըլլան։

21

Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը եւ անոր իշխանաւորները պիտի մատնեմ իրենց թշնամիներուն ձեռքը, իրենց կեանքը փնտռողներուն ձեռքը, ու ձեզմէ 14հեռացող Բաբելոնի թագաւորին զօրագունդին ձեռքը»։

22

«Ահա՛ ես հրամայեցի,— կը պատգամէ Տէրը,— եւ զանոնք այս քաղաքը պիտի վերադարձնեմ. անոր դէմ պիտի պատերազմին, զայն պիտի գրաւեն ու կրակով այրեն. այսպէս՝ Յուդայի քաղաքները ամայութեան պիտի 15վերածեմ, առանց բնակիչի»։



1 Եբր.՝ եղաւ
2 Եբր.՝ եղած
3 Եբր.՝ ուխտին մէջ մտած
4 Եբր.՝ ետ դարձան
5 Եբր.՝ նուաճեցին
6 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
7 Եբր.՝ քեզի
8 Եբր.՝ օր
9 Եբր.՝ աչքերուս
10 Եբր.՝ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր
11 Եբր.՝ անձին
12 Եբր.՝ ազատագրութիւն պիտի յայտարարեմ
13 Եբր.՝ չհաստատող
14 Եբր.՝ բարձրացող
15 Եբր.՝ դարձնեմ