Jeremiah 36
Isaiah « Jeremiah 35 ‹ Jeremiah 36 › Jeremiah 37 » Lamentations
ԲԱՐՈՒՔ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ ՊԱՏԱՏԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
1Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիայի որդիին Յովակիմի չորրորդ տարին, Երեմիայի սա՛ խօսքը 1ուղղուեցաւ Տէրոջմէն՝ որ ըսաւ.
2«Քեզի գիրքի պատա՛տ մը առ, ու գրէ՛ անոր վրայ այն բոլոր խօսքերը՝ որ քեզի ըսի Իսրայէլի դէմ, Յուդայի դէմ ու բոլոր ազգերուն դէմ, այն օրէն ի վեր՝ երբ սկսայ քեզի հետ խօսիլ — Յովսիայի օրերէն — մինչեւ այսօր։
3Երբ Յուդայի տունը լսէ այն ամբողջ չարիքին մասին՝ որ կը մտածեմ իրենց ընել, թերեւս իւրաքանչիւրը իր չար ճամբայէն դարձի գայ, որպէսզի ես անոնց անօրէնութիւնն ու մեղքը ներեմ»։
4Ուստի Երեմիա Ներիայի որդին՝ Բարուքը կանչեց, եւ Բարուք Երեմիայի բերանէն գիրքի պատատի մը վրայ գրեց Տէրոջ անոր ըսած բոլոր խօսքերը։
5Յետոյ Երեմիա Բարուքի հրամայեց. «Ես հոս արգելափակուած եմ. չեմ կրնար Տէրոջ տունը երթալ։
6Ուստի դո՛ւն գնա, ու ծոմապահութեան օրը՝ Տէրոջ տան մէջ ժողովուրդին ականջներուն կարդա՛ Տէրոջ խօսքերը, այն պատատէն՝ որուն վրայ իմ բերանէս գրեցիր. նաեւ զանոնք կարդա՛ իրենց քաղաքներէն եկող ամբողջ Յուդայի ականջներուն։
7Թերեւս իրենց աղաչանքը Տէրոջ առջեւ 2ներկայանայ, եւ իւրաքանչիւրը իր չար ճամբայէն դարձի գայ. քանի որ մեծ է այն բարկութիւնն ու ցասումը՝ որ Տէրը այս ժողովուրդին դէմ 3վճռեր է»։
8Ուստի Ներիայի որդին՝ Բարուք գործադրեց ամէն ինչ որ Երեմիա մարգարէն իրեն հրամայեր էր, եւ այդ գիրքէն Տէրոջ խօսքերը կարդաց Տէրոջ տան մէջ։
9Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիայի որդիին Յովակիմի հինգերորդ տարին, իններորդ ամիսը, Տէրոջ առջեւ ծոմապահութիւն յայտարարեցին Երուսաղէմի ամբողջ ժողովուրդին, ու Յուդայի քաղաքներէն Երուսաղէմ եկող ամբողջ ժողովուրդին։
10Բարուք այդ գիրքէն Երեմիայի խօսքերը կարդաց ամբողջ ժողովուրդին ականջներուն՝ Տէրոջ տան մէջ, Սափան դպիրին որդիին՝ Գամարիայի սենեակը, վերի գաւիթը՝ Տէրոջ տան նոր դրան մուտքը։
ՊԱՏԱՏԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՑՈՒԻ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒՆ
11Սափանի որդիին՝ Գամարիայի որդին՝ Միքիա, երբ գիրքէն Տէրոջ բոլոր խօսքերը լսեց,
12թագաւորին տունը՝ դպիրին սենեակը իջաւ. եւ ահա՛ բոլոր իշխանաւորները հոն նստած էին.— Եղիսամա դպիրը, Սեմայիայի որդին՝ Դաղայիա, Աքոբորի որդին՝ Եղնաթան, Սափանի որդին՝ Գամարիա, Անանիայի որդին՝ Սեդեկիա, ու բոլոր իշխանաւորները։
13Միքիա անոնց հաղորդեց այն բոլոր խօսքերը՝ որ լսեր էր, երբ Բարուք ժողովուրդին ականջներուն այդ գիրքէն կը կարդար։
14Բոլոր իշխանաւորները Քուսիի որդիին՝ Սեղեմիայի որդիին՝ Նաթանիայի որդին Յուդին ղրկեցին Բարուքի՝ ըսելով. «Ժողովուրդին ականջներուն կարդացած պատատդ ձե՛ռքդ առ ու հո՛ս եկուր»։ Ուստի Ներիայի որդին՝ Բարուք պատատը ձեռքը առաւ եւ անոնց գնաց։
15Անոնք իրեն ըսին. «Կ’աղերսե՛նք, նստէ՛ ու մեր ականջներո՛ւն ալ կարդա զայն»։ Ուստի Բարուք անոնց ականջներուն կարդաց։
16Երբ այդ բոլոր խօսքերը լսեցին, վախով իրարու նայեցան եւ Բարուքի ըսին. «Անշուշտ այդ բոլոր խօսքերը թագաւորին պիտի հաղորդենք»։
17Ապա Բարուքի հարցուցին. «Կ’աղերսե՛նք, պատմէ՛ մեզի թէ ի՛նչպէս գրեցիր այդ խօսքերը անոր բերանէն»։
18Բարուք անոնց պատասխանեց. «Այս բոլոր խօսքերը ան ինծի 4հաղորդեց իր բերանով, ու ես զանոնք մելանով այս գիրքին մէջ գրեցի»։
19Այն ատեն իշխանաւորները Բարուքի ըսին. «Գնա՛, պահուըտէ՛, թէ՛ դուն եւ թէ Երեմիա. ո՛չ մէկը թող գիտնայ թէ ո՛ւր էք»։
ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՎԱՌԷ ՊԱՏԱՏԸ
20Յետոյ անոնք բակը գացին՝ թագաւորին քով — բայց պատատը Եղիսամա դպիրին սենեակը տեղաւորած էին — եւ այդ բոլոր խօսքերը թագաւորին ականջներուն հաղորդեցին։
21Ուստի թագաւորը Յուդին ղրկեց՝ որ այդ պատատը բերէ, ան ալ զայն առաւ Եղիսամա դպիրին սենեակէն. Յուդի զայն կարդաց թագաւորին ականջներուն ու թագաւորին քով կայնող բոլոր իշխանաւորներուն ականջներուն։
22Իններորդ ամիսը ըլլալով՝ թագաւորը ձմեռնատան մէջ նստած էր, եւ առջեւը վառուած կրակարան մը կար։
23Երբ Յուդի երեք կամ չորս էջ կարդաց, 5թագաւորը զայն զմելիով կտրեց ու կրակարանի կրակին մէջ նետեց, մինչեւ որ ամբողջ պատատը կրակարանի կրակին մէջ 6սպառեցաւ։
24Թագաւորը եւ իր բոլոր ծառաները՝ որ այս բոլոր խօսքերը կը լսէին՝ չվախցան, ո՛չ ալ իրենց հագուստը պատռեցին.
25Նոյնիսկ երբ Եղնաթան, Դաղայիա ու Գամարիա թագաւորին դիմեցին որ պատատը չայրէ, անոնց մտիկ չըրաւ։
26Յետոյ թագաւորը հրամայեց թագաւորի որդիին՝ Յերամէլի, Եզրիէլի որդիին՝ Սարայիայի, եւ Աբդիէլի որդիին՝ Սեղեմիայի, որ Բարուք դպիրն ու Երեմիա մարգարէն բռնեն. բայց Տէրը զանոնք 7պահեց։
ԵՐԵՄԻԱ ԿԸ ԳՐԷ ՈՒՐԻՇ ՊԱՏԱՏ ՄԸ
27Թագաւորը այդ պատատն ու Երեմիայի բերանէն Բարուքի գրած խօսքերը այրելէն ետք՝ 8Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիայի՝ ըսելով.
28«Դա՛րձեալ քեզի ուրիշ պատատ մը առ, եւ գրէ՛ անոր վրայ բոլոր նախկին խօսքերը՝ որ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին այրած առաջին պատատին մէջ էին։
29Իսկ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին ըսէ՛. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Դուն այդ պատատը այրեցիր՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ անոր վրայ գրեցիր թէ Բաբելոնի թագաւորը անպատճառ պիտի գայ, այս երկիրը պիտի կործանէ, եւ անկէ մարդն ու անասունը պիտի 9հանէ»"”։
30«Հետեւաբար Տէրը Յուդայի Յովակիմ թագաւորին մասին սա՛ կը յայտարարէ. “Ան ո՛չ մէկը պիտի ունենայ՝ որ Դաւիթի գահին վրայ բազմի, եւ անոր դիակը ցերեկը 10տաքութեան մէջ ու գիշերը սառնամանիքի մէջ պիտի ձգուի։
31Իրեն, իր զարմին, եւ իր ծառաներուն պիտի հատուցանեմ իրենց անօրէնութիւնը, եւ իրենց, Երուսաղէմի բնակիչներուն ու Յուդայի մարդոց վրայ պիտի բերեմ այն ամբողջ չարիքը՝ որ անոնց դէմ վճռեցի, բայց անոնք մտիկ չըրին”»։
32Երեմիա ուրիշ պատատ մը առաւ ու զայն Ներիայի որդիին՝ Բարուք դպիրին տուաւ։ Ան ալ անոր վրայ Երեմիայի բերանէն գրեց Յուդայի Յովակիմ թագաւորին կրակով այրած գիրքին բոլոր խօսքերը. անոնց պէս ուրիշ շատ խօսքեր ալ աւելցան անոնց վրայ։