Jeremiah 39
Isaiah « Jeremiah 38 ‹ Jeremiah 39 › Jeremiah 40 » Lamentations
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿՈՒՄԸ
11Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին իններորդ տարին, տասներորդ ամիսը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրագունդերով Երուսաղէմ եկաւ, ու զայն պաշարեցին։
2Սեդեկիայի տասնմէկերորդ տարին, չորրորդ ամիսը, ամսուան իննին քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ,
3եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր իշխանաւորները, այսինքն՝ Ներգեղսարասար, Սամեգարնաբաւ, 2Սարսեքիմ՝ պալատականներու պետը, Ներգեղսարասար մոգպետն՝՝ ու Բաբելոնի թագաւորին բոլոր մնացած իշխանաւորները մտան եւ միջին դուռը 3գրաւեցին։
4Երբ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորն ու բոլոր պատերազմիկները զանոնք տեսան, փախան եւ գիշերուան մէջ քաղաքէն դուրս ելան՝ թագաւորին պարտէզին ճամբայէն, երկու պարիսպներուն մէջտեղի դռնէն։
5Քաղդէացիներուն զօրագունդերը զանոնք հետապնդեցին, ու Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիայի հասան։ Զայն բռնեցին եւ Եմաթի երկիրը՝ Ռեբղա բարձրացուցին, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առջեւ, որ անոր դատավճիռը արձակեց։
6Բաբելոնի թագաւորը Ռեբղայի մէջ Սեդեկիայի որդիները անոր աչքերուն առջեւ մորթեց. Բաբելոնի թագաւորը Յուդայի բոլոր ազնուականներն ալ մորթեց։
7Յետոյ Սեդեկիայի աչքերը կուրցուց, ու զայն պղինձէ շղթաներով կապեց՝ որպէսզի Բաբելոն տանի։
8Քաղդէացիները կրակով այրեցին թագաւորին տունը եւ ժողովուրդին տուները, ու Երուսաղէմի պարիսպները փլցուցին։
9Նաբուզարդան թիկնապահապետը Բաբելոն փոխադրեց քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդին մնացորդը, իր 4կողմը անցած՝՝ 5դասալիքները եւ ժողովուրդին ուրիշ մնացորդները։
10Սակայն Նաբուզարդան թիկնապահապետը Յուդայի երկրին մէջ թողուց ժողովուրդին չքաւորները՝ որ ոչինչ ունէին, ու նոյն օրը անոնց այգիներ եւ արտեր տուաւ։
ԵՐԵՄԻԱ ՎԵՐՍՏԻՆ Կ’ԱԶԱՏԻ
11Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երեմիայի համար Նաբուզարդան թիկնապահապետին պատուիրեց.
12«Ա՛ռ զայն ու 6հո՛գ տար անոր՝՝. ո՛չ մէկ չարիք ըրէ անոր, հապա վարուէ՛ անոր հետ ինչպէս որ ինք քեզի ըսէ»։
13Նաբուզարդան թիկնապահապետը, Նաբուսազաբան պալատականներու պետը, Ներգեղսարասար մոգպետը եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր պետերը մարդ ղրկեցին,
14Երեմիան բանտին բակէն բերել տուին ու զինք յանձնեցին Սափանի որդիին՝ Աքիկամի որդիին՝ Գոդողիայի, որպէսզի զայն տունը 7տանի։ Այսպէս ան ժողովուրդին մէջ բնակեցաւ։
ՅՈՅՍ ԱԲԴԵՄԵԼԷՔԻ ՀԱՄԱՐ
158Տէրը խօսեցաւ՝՝ Երեմիայի, երբ ան բանտին բակին մէջ արգելափակուած էր, ըսելով.
16«Գնա՛ ու Եթովպիացի Աբդեմելէքի ըսէ՛. “Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. "Ահա՛ ես այս քաղաքին մասին ըսած խօսքերս պիտի 9իրագործեմ չարիքի համար, ո՛չ թէ բարիքի, եւ այդ օրը քու 10առջեւդ պիտի կիրարկուին։
17Այդ օրը քեզ պիտի ազատեմ,— կը պատգամէ Տէրը,— ու պիտի չմատնուիս այն մարդոց ձեռքը՝ որոնցմէ կը վախնաս։
18Արդարեւ քեզ անշուշտ պիտի ազատեմ, եւ սուրով պիտի չիյնաս. կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի ըլլայ, քանի որ ինծի վստահեցար", կը պատգամէ Տէրը”»։