Joel 1
Hosea « Hosea 14 ‹ Joel 1 › Joel 2 » Amos
1
Տէրոջ խօսքը՝ որ 1ուղղուեցաւ Փաթուէլի որդիին՝ Յովէլի.—
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ Կ’ՈՂԲԱՅ ՀՈՒՆՁՔԻ ԱՒԵՐՈՒՄԻՆ ՎՐԱՅ
2«Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ ծերեր. Ունկնդրեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր բնակիչներ. Միթէ այսպիսի բան պատահա՞ծ է ձեր օրերուն մէջ, Կամ ձեր հայրերուն օրերուն մէջ։
3Պատմեցէ՛ք ասիկա ձեր որդիներուն, Ու ձեր որդիները՝ իրենց որդիներուն, Եւ անոնց որդիները՝ յետագայ սերունդին։
4Ինչ որ խառնիճը թողուց՝ մարախը կերաւ, Ինչ որ մարախը թողուց՝ ջորեակը կերաւ, Ինչ որ ջորեակը թողուց՝ գրուիճը կերաւ»։
5Արթնցէ՛ք, ո՛վ գինովներ, ու լացէ՛ք. Գոռացէ՛ք, ո՛վ բոլոր գինի խմողներ, Քանի որ քաղցուն ձեր բերանէն կտրուեցաւ։
6Արդարեւ իմ երկրիս վրայ Հզօր եւ անթիւ ազգ մը բարձրացաւ. Անոր ակռաները առիւծի ակռաներ են, Եւ ան մատակ առիւծի ժանիքներ ունի։
7Ան իմ որթատունկս աւերեց. Թզենիս կոտրտեց, Զայն բոլորովին կեղուեց եւ 2տապալեց. 3Որթատունկին ուռերը ճերմկցան։
8Ողբա՛ 4քուրձ հագած՝՝ կոյսի մը պէս, Որ իր երիտասարդութեան 5խօսեցեալին վրայ կ’ողբայ։
9Հացի ընծան ու թափելիք նուէրը Տէրոջ տունէն կտրուեցան. Տէրոջ պաշտօնը կատարող քահանաները կը սգան։
10Արտերը 6խոպանացան, հողը սուգ կը պահէ. Արդարեւ ցորենը 7փճացաւ, Քաղցուն 8հատաւ, իւղը 9սպառեցաւ։
11Ամչցէ՛ք, ո՛վ երկրագործներ, Գոռացէ՛ք, ո՛վ այգեգործներ, Թէ՛ ցորենին համար եւ թէ գարիին համար, Քանի որ արտերուն հունձքը փճացաւ։
12Որթատունկը չորցաւ ու թզենին թօշնեցաւ, Նռնենին, արմաւենին, խնձորենին, Արտին բոլոր ծառերը չորցան. Այսպէս՝ մարդոց որդիներէն բերկրանքը 10հեռացաւ։
13Քո՛ւրձ 11հագէք՝՝ եւ հեծեծեցէ՛ք, ո՛վ քահանաներ. Գոռացէ՛ք, ո՛վ զոհասեղանին պաշտօնը կատարողներ. Եկէ՛ք, ո՛վ իմ Աստուծոյս սպասարկուները, Քուրձերո՛ւ մէջ գիշերեցէք, Քանի որ հացի ընծան ու թափելիք նուէրը Ձեր Աստուծոյն տունէն 12դադրեցան։
14Ծոմապահութի՛ւն 13յայտարարեցէք, Տօնախմբութեա՛ն հրաւիրեցէք. Երէցներն ու երկրին բոլոր բնակիչները Հաւաքեցէ՛ք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն տունը, Եւ աղաղակեցէ՛ք Տէրոջ։
15Վա՜յ այն օրուան համար, Քանի որ Տէրոջ օրը մօտ է. Ան պիտի գայ որպէս Ամենակարողէն ղրկուած կործանում։
16Ահա՛ մեր աչքերուն առջեւէն կերակուրը 14անհետացաւ, Եւ մեր Աստուծոյն տունէն՝ ուրախութիւնն ու խայտանքը։
17Սերմնահատիկները մգլոտեցան 15հողին չոր՝՝ կոշտերուն տակ, Շտեմարանները 16պարապ մնացին՝՝, ամբարները քանդուեցան, Քանի որ ցորենը 17խորշակահար եղաւ՝՝։
18Ի՜նչպէս կը հառաչեն անասունները. Արջառներուն նախիրները շփոթած են, Որովհետեւ անոնց համար արօտ չկայ. Ոչխարներուն հօտերն ալ 18նուաղեցան։
19Քեզի՛ պիտի գոչեմ, ո՛վ Տէր, Քանի որ կրակը սպառեց անապատին մարգագետինները, Ու բոցը բռնկեցուց դաշտին բոլոր ծառերը։
20Դաշտին անասուններն անգամ քեզի կը գոչեն, Որովհետեւ ջուրերուն վտակները ցամքած են, Եւ կրակը սպառած է անապատին մարգագետինները։