Loading...

Joel 2

Hosea  «  Joel 1  ‹  Joel 2  ›  Joel 3  »  Amos


ՄԱՐԱԽԸ՝ ՏԷՐՈՋ ՕՐՈՒԱՆ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

1

Շեփո՛ր հնչեցուցէք Սիոնի մէջ, Գոռացէ՛ք սուրբ լերանս վրայ. Երկրին բոլոր բնակիչները թող սասանին, Քանի որ Տէրոջ օրը կու գայ. արդարեւ մօտ է

2

Խաւարի ու մթութեան օրը, Ամպի եւ մառախուղի օրը։ Ինչպէս արշալոյսը լեռներուն վրայ կը տարածուի, Այնպէս բազմաթիւ ու հզօր ժողովուրդ մը պիտի գայ, Որուն նմանը երբե՛ք չէ եկած, Եւ ատկէ ետք անգա՛մ մըն ալ պիտի չգայ Մինչեւ յետագայ սերունդներուն տարիները։

3

Անոր առջեւէն կրակը պիտի սպառէ, Իսկ ետեւէն բոցը պիտի բռնկեցնէ. Երկիրը անոր առջեւ Եդեմի 1դրախտին պէս էր, Բայց անոր ետեւը ամայի անապատ պիտի ըլլայ. Անկէ ոչինչ պիտի ազատի։

4

Անոնց տեսքը ձիերու տեսքին պէս է, Անոնք ձիաւորներու պէս պիտի արշաւեն։

5

Անոնց աղմուկը լեռներու գագաթներուն վրայ ցատկռտող կառքերու աղմուկին պէս է, Մղեղը սպառող կրակի բոցի աղմուկին պէս. Պատերազմի շարուած հզօր ժողովուրդի պէս պիտի գան։

6

Անոնց 2առջեւ ժողովուրդները պիտի սարսափին, Բոլոր երեսները պիտի գունատին։

7

Անոնք զօրաւորներու պէս պիտի արշաւեն, Պատերազմիկներու պէս պարիսպներու վրայ պիտի մագլցին. Իւրաքանչիւրը իր ճամբայէն պիտի երթայ, Իրենց ուղիները պիտի չփոխեն։

8

Զիրար պիտի չհրեն, Իւրաքանչիւրը իր պողոտայէն պիտի երթայ. Նիզակներու մէջէն պիտի 3յարձակին՝ առանց իրենց խոյանքը 4կասեցնելու։

9

Քաղաքին մէջ պիտի խոյանան Ու պարիսպին վրայ պիտի արշաւեն. Տուներուն վրայ պիտի մագլցին, Գողի պէս պատուհաններէն պիտի մտնեն։

10

Անոնց առջեւ երկիրը պիտի սարսի, Երկինքը պիտի ցնցուի, Արեւն ու լուսինը պիտի մթագնին, Աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի 5ծածկեն։

11

Տէրը իր զօրագունդին առջեւ իր ձայնը լսել պիտի տայ, Քանի որ անոր 6բանակավայրը շատ մեծ՝՝ է, Եւ անոր հրահանգը գործադրողը հզօր է. Արդարեւ Տէրոջ օրը մեծ ու յոյժ ահաւոր է, Ո՞վ կրնայ 7անոր տոկալ՝՝։


ԿՈՉ ՄԸ ԶՂՋՈՒՄԻ

12

Ուստի հիմա ալ Տէրը սա՛ կը պատգամէ. «Վերադարձէ՛ք ինծի ձեր ամբողջ սիրտով՝ Ծոմապահութեամբ, լացով ու կոծով։

13

Ձեր սիրտե՛րը պատռեցէք, եւ ո՛չ թէ ձեր հագուստները, Ու վերադարձէ՛ք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն. Արդարեւ ան ողորմած եւ գթած է, Համբերատար ու շատ կարեկից, Եւ չարիքէն կը հրաժարի։

14

Ո՞վ գիտէ, թերեւս ան 8տարհամոզուի ու հրաժարի, Եւ իր ետեւէն օրհնութիւն թողու, Որպէսզի կարենաք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն Հացի ընծայ ու թափելիք նուէր մատուցանել»։

15

Սիոնի մէջ շեփո՛ր հնչեցուցէք, Ծոմապահութի՛ւն 9յայտարարեցէք, Տօնախմբութեա՛ն հրաւիրեցէք.

16

Ժողովո՛ւրդը հաւաքեցէք, համախմբո՛ւմը սրբացուցէք, երէցնե՛րը հաւաքեցէք. Երախանե՛րն ու ծծկեր մանուկնե՛րը հաւաքեցէք. Փեսան իր ներքին սենեակէն թող ելլէ, Եւ հարսը՝ իր առագաստէն։

17

Տէրոջ պաշտօնը կատարող քահանաները Թող լան ներքնագաւիթին ու զոհասեղանին մէջտեղ, Եւ ըսեն. «Ո՛վ Տէր, խղճա՛ քու ժողովուրդիդ, Ու մի՛ նախատեր քու ժառանգութիւնդ, Որ 10հեթանոսները անոնց վրայ տիրեն։ Ինչո՞ւ ժողովուրդներուն մէջ ըսեն. “Ո՞ւր է անոնց Աստուածը”»։


ՏԷՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԵՐԿՐԻՆ ԱՐԳԱՍԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

18

Այն ատեն Տէրը նախանձախնդիր պիտի ըլլայ իր երկրին համար, Ու պիտի արգահատի իր ժողովուրդին վրայ։

19

Տէրը պիտի պատասխանէ եւ իր ժողովուրդին ըսէ. «Ահա՛ ես ձեզի ցորեն, քաղցու եւ իւղ պիտի ղրկեմ, Որ անոնցմով կշտանաք։ Ձեզ անգա՛մ մըն ալ հեթանոսներուն մէջ նախատինքի առարկայ պիտի չդարձնեմ։

20

Հիւսիսէն եկող թշնամին ձեզմէ պիտի հեռացնեմ, Ու զայն չոր եւ ամայի երկիր մը պիտի աքսորեմ. Անոր 11յառաջապահները դէպի արեւելեան ծովը պիտի ըլլան, Իսկ վերջապահները՝ դէպի արեւմտեան ծովը։ Անոր գարշահոտութիւնը պիտի բարձրանայ, Անոր ժանտահոտութիւնը պիտի 12տարածուի, Որովհետեւ մեծագործութիւններ կատարեց։

21

Մի՛ վախնար, ո՛վ 13երկիր. խայտա՛ եւ ուրախացի՛ր, Քանի որ Տէրը մեծագործութիւններ պիտի կատարէ։

22

Մի՛ վախնաք, ո՛վ դաշտի անասուններ. Որովհետեւ անապատին մարգագետինները պիտի 14կանաչնան, Ծառը իր պտուղը պիտի բերէ, Թզենին ու որթատունկը իրենց հարստութիւնը պիտի տան։

23

Իսկ դո՛ւք, ո՛վ Սիոնի որդիներ, Խայտացէ՛ք եւ ուրախացէ՛ք Տէրոջմով՝ ձեր Աստուծմով, Քանի որ ան 15ատենին ձեզի պիտի տայ առաջին անձրեւը, Ձեզի տեղատարափ պիտի 16հոսեցնէ, առաջին անձրեւն ու վերջին անձրեւը՝ նախկինին պէս։

24

Կալերը ցորենով պիտի լեցուին, Կարասները քաղցուով եւ իւղով պիտի յորդին։

25

Ձեզի պիտի հատուցանեմ այն տարիներուն պտուղները, Որոնք մարախը, ջորեակը, գրուիճն ու խառնիճը կերան, Այսինքն իմ մեծ զօրագունդս՝ որ ձեր մէջ ղրկեցի։

26

Առատօրէն պիտի ուտէք եւ կշտանաք, Ու Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն անունը պիտի գովաբանէք, Որ ձեզի համար սքանչելիքներ ըրաւ. Իմ ժողովուրդս երբեք պիտի չամչնայ։

27

Պիտի գիտնաք թէ ես Իսրայէլի մէջ եմ, Թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, եւ թէ ուրիշ մը չկայ. Իմ ժողովուրդս երբեք պիտի չամչնայ»։


ՏԷՐՈՋ ՕՐԸ

28

«Ատկէ ետք՝ Իմ Հոգիս ամէն մարմինի վրայ պիտի թափեմ. Ձեր որդիներն ու աղջիկները պիտի մարգարէանան, Ձեր ծերերը երազներ պիտի 17տեսնեն, Ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն։

29

18Ծառաներուն վրայ եւ 19աղախիններուն վրայ ալ Այդ օրերը իմ Հոգիս պիտի թափեմ։

30

Երկինքի մէջ ու երկրի վրայ 20նշաններ պիտի դնեմ, Արիւն, կրակ եւ մուխի սիւներ.

31

Արեւը խաւարի պիտի փոխուի, ու լուսինը՝ արիւնի, Դեռ Տէրոջ մեծ եւ ահաւոր օրը չեկած։

32

Ո՛վ որ Տէրոջ անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի, Քանի որ Սիոն լերան վրայ ու Երուսաղէմի մէջ ազատում պիտի ըլլայ,— Ինչպէս Տէրը ըսաւ,— Նաեւ այն վերապրողներուն մէջ՝ որ Տէրը պիտի կանչէ»։



1 Կամ՝ պարտէզին
2 Եբր.՝ երեսէն
3 Եբր.՝ իյնան
4 Եբր.՝ կտրելու
5 Եբր.՝ հաւաքեն
6 Կամ՝ բանակը յոյժ բազմաթիւ
7 Եբր.՝ զայն պարունակել
8 Եբր.՝ դառնայ
9 Եբր.՝ սրբացուցէք դուք ձեզի
10 Կամ՝ ազգերը
11 Եբր.՝ երեսը
12 Եբր.՝ բարձրանայ
13 Եբր.՝ հող
14 Եբր.՝ արտադրեն
15 արդարութեամբ
16 Եբր.՝ իջեցնէ
17 Եբր.՝ երազեն
18 Եբր.՝ Ստրուկներուն
19 Եբր.՝ ստրկուհիներուն
20 Եբր.՝ հրաշալիքներ