Joel 3
Hosea « Joel 2 ‹ Joel 3 › Amos 1 » Amos
ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԴԱՏԷ ԱԶԳԵՐԸ
1«Արդարեւ ահա՛ այդ օրերը եւ այդ ատենը, Երբ ես Յուդան ու Երուսաղէմը գերութենէն վերադարձնեմ,
2Բոլոր ազգերը պիտի հաւաքեմ, Եւ զանոնք 1Յովսափատի հովիտը պիտի իջեցնեմ։ Հոն անոնց հետ դատ պիտի վարեմ Իմ ժողովուրդիս ու ժառանգութեանս՝ Իսրայէլի մասին, Որ ազգերու մէջ ցրուեցին, Եւ իմ երկիրս բաժնեցին։
3Իմ ժողովուրդիս վրայ վիճակ ձգեցին, Տղեկը տուին իբր պոռնիկի վարձատրութիւն, Աղջնակը ծախեցին գինիի համար, որպէսզի խմեն»։
4«Դո՛ւք ալ ի՞նչ գործ ունիք ինծի հետ, Ո՛վ Տիւրոս ու Սիդոն, եւ 2Փղշտացիներու բոլոր շրջանները։ Միթէ դուք ինծի փոխարէ՞ն կը հատուցանէք. Եթէ ինծի հատուցանէք, Արագօրէն եւ շտապելով ձեր հատուցումը պիտի վերադարձնեմ ձեր գլուխը։
5Արդարեւ իմ արծաթս ու ոսկիս յափշտակեցիք, Իմ վայելչագեղ, ցանկալի բաներս ձեր մեհեանները տարիք,
6Յուդայի որդիներն ու Երուսաղէմի որդիները Յոյներու որդիներուն ծախեցիք, Որպէսզի զանոնք իրենց հողամասէն հեռացնէք։
7Ահա՛ ես զանոնք պիտի 3վերադարձնեմ այն տեղէն՝ ուր դուք զանոնք ծախեցիք, Եւ ձեր հատուցումը ձեր գլուխը պիտի վերադարձնեմ.
8Ձեր որդիներն ու աղջիկները Յուդայի 4որդիներուն պիտի ծախեմ, Եւ անոնք ալ հեռաբնակ ազգի մը՝ Սաբայեցիներուն պիտի ծախեն զիրենք», Որովհետեւ Տէրը խօսեցաւ։
9«Սա՛ յայտարարեցէք ազգերուն մէջ. “Պատերա՛զմ 5պատրաստեցէք, Արթնցուցէ՛ք զօրաւոր մարդիկը. Թող մօտենան ու բարձրանան բոլոր պատերազմիկները։
10Ձեր խոփերէն սուրե՛ր դարբնեցէք, Եւ ձեր յօտոցներէն՝ նիզակներ։ Տկար եղողը թող ըսէ. "Ես զօրաւոր եմ"։
11Շուտո՛վ եկէք, ո՛վ բոլոր շրջակայ ազգեր, ու հաւաքուեցէ՛ք”»։ Հո՛ն իջեցուր քու զօրաւորներդ, ո՛վ Տէր։
12«Ազգերը թող արթննան եւ Յովսափատի հովիտը բարձրանան, Քանի որ հոն պիտի բազմիմ՝ բոլոր շրջակայ ազգերը դատելու համար։
13Երկարեցէ՛ք մանգաղը, քանի հունձքը հասած է. Եկէ՛ք, իջէ՛ք, քանի հնձանը լեցուեցաւ, Գինիի կարասները կը յորդին. Արդարեւ անոնց չարութիւնը մեծ է։
14Բազմութիւններ, բազմութիւններ կը հաւաքուին Վճիռի հովիտին մէջ, Որովհետեւ Տէրոջ օրը մօտ է Վճիռի հովիտին մէջ։
15Արեւն ու լուսինը պիտի մթագնին, Աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի 6ծածկեն.
16Տէրը Սիոնէն պիտի 7գոչէ, Ու Երուսաղէմէն իր ձայնը լսել պիտի տայ. Երկինքն ու երկիրը պիտի շարժին, Բայց Տէրը իր ժողովուրդին ապաւէն պիտի ըլլայ, Եւ Իսրայէլի որդիներուն՝ ամրոց։
17Պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, Ու կը բնակիմ իմ սուրբ լերանս՝ Սիոնի մէջ։ Երուսաղէմ սուրբ պիտի ըլլայ, Անգա՛մ մըն ալ օտարներ անկէ պիտի չանցնին։
18Այդ օրը լեռները քաղցու պիտի կաթեցնեն, Բլուրները կաթ պիտի 8հոսեցնեն՝՝, Եւ Յուդայի բոլոր 9վտակները ջուրեր պիտի հոսեցնեն. Տէրոջ տունէն աղբիւր մը պիտի 10բխի, Ու Սատիմի ձորը պիտի ջրէ։
19Եգիպտոս պիտի ամայանայ, Եդովմ ամայի անապատ պիտի ըլլայ՝ Յուդայի որդիներուն եղած բռնութեան համար, Քանի որ անոնց երկրին մէջ անմեղ արիւն թափեցին։
20Բայց Յուդա յաւիտեան պիտի բնակուի, Ու Երուսաղէմ՝ 11դարէ դար՝՝։
21Պիտի 12մաքրեմ անոնց արիւնը՝ որ մաքրած չէի, Եւ Տէրը Սիոնի մէջ պիտի բնակի»։