Loading...

Micah 5

Jonah  «  Micah 4  ‹  Micah 5  ›  Micah 6  »  Nahum


1

Հիմա 1գունդե՛րդ հաւաքէ՝՝, ո՛վ գունդի աղջիկ. 2Մեզ պաշարած են՝՝։ Գաւազանով պիտի զարնեն Իսրայէլի դատաւորին այտին։


ՏԷՐԸ ՓՐԿԻՉ ՄԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԲԵԹԼԵՀԷՄԻ

2

Իսկ դո՛ւն, ո՛վ Բեթլեհէմ Եփրաթա, Թէպէտ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ փոքր ես, Քեզմէ՛ պիտի ելլէ ինծի համար ա՛ն՝ որ Իսրայէլի վրայ կառավարիչ պիտի ըլլայ. Անոր ծագումը վաղեմի, յաւիտենական օրերէն է։

3

Հետեւաբար ան պիտի 3լքէ զանոնք Մինչեւ 4ծնանողին ծնանելու ատենը, Յետոյ անոր եղբայրներուն մնացորդը Իսրայէլի որդիներուն պիտի վերադառնայ։

4

Ան պիտի 5գոյատեւէ ու պիտի հովուէ Տէրոջ զօրութեամբ, Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն անունին մեծափառութեամբ. Եւ անոնք ապահովութեամբ պիտի բնակին, Որովհետեւ ան արդէն մինչեւ երկրի ծայրերը պիտի մեծնայ։


ԱԶԱՏՈՒՄ ԵՒ ՊԱՏԻԺ

5

Ա՛ն պիտի 6բերէ խաղաղութիւնը։ Երբ Ասորեստանցին մեր երկիրը մտնէ Ու մեր պալատները ոտնակոխ ընէ, Անոր դէմ եօթը հովիւ Եւ ութ 7նախարար ոտքի պիտի հանենք։

6

Անոնք սուրի ճարակ պիտի ընեն Ասորեստանի երկիրը, Ու Նեբրովթի երկիրը՝ իր դռներուն մէջ։ Ան մեզ պիտի ազատէ Ասորեստանցիէն, Երբ ան մեր երկիրը մտնէ Եւ մեր հողամասը ոտնակոխ ընէ։

7

Յակոբի մնացորդը շատ ժողովուրդներու մէջ Տէրոջմէն եկող ցօղի պէս պիտի ըլլայ, Տարափի պէս՝ որ բոյսի վրայ կ’իջնէ, Որ մարդէն 8ոչինչ կ’ակնկալէ՝՝, Ու մարդու որդիներէն ոչինչ կը յուսայ։

8

Յակոբի մնացորդը ազգերուն մէջ, Շատ ժողովուրդներու մէջ այնպէս պիտի ըլլայ, Ինչպէս առիւծ մը՝ անտառի գազաններուն մէջ, Կամ առիւծի կորիւն մը՝ ոչխարներու հօտերուն մէջ. Ան եթէ անցնի՝ կը կոխկռտէ ու կը բզքտէ, Եւ ո՛չ մէկը կրնայ ազատել։

9

Քու ձեռքդ հակառակորդներուդ վրայ պիտի բարձրանայ, Ու բոլոր թշնամիներդ պիտի բնաջնջուին։

10

«Այդ օրը,— կը պատգամէ Տէրը,— Ձիերդ քու մէջէդ պիտի բնաջնջեմ, Եւ կառքերդ պիտի կորսնցնեմ.

11

Քու երկրիդ քաղաքները պիտի կործանեմ, Ու բոլոր ամրոցներդ պիտի փլցնեմ.

12

Քու ձեռքէդ կախարդութիւնները պիտի փճացնեմ, Եւ ո՛չ մէկ գուշակ պիտի ունենաս։

13

Քու մէջէդ 9կուռքերդ Ու արձաններդ պիտի կոտրտեմ, Եւ ա՛լ ձեռքերուդ գործերուն պիտի չերկրպագես։

14

Քու մէջէդ աստարովթները պիտի խլեմ, Ու քաղաքներդ պիտի կործանեմ։

15

Ինծի չհնազանդող 10ազգերէն Բարկութեամբ եւ ցասումով վրէժ պիտի առնեմ»։



1 Եբր.՝ խմբաւորուէ՛
2 Եբր.՝ Մեզի դէմ պաշարում դրած է
3 Եբր.՝ մատնէ
4 Այսինքն՝ ծնանող կնոջ
5 Կամ՝ կենայ, կամ՝ տեղաւորուի
6 Եբր.՝ ըլլայ
7 Եբր.՝ օծեալ մարդ
8 Եբր.՝ չ’ակնկալեր
9 Եբր.՝ քանդակուած պատկերները
10 Կամ՝ հեթանոսներէն