Loading...

Proverbs 18

Psalm  «  Proverbs 17  ‹  Proverbs 18  ›  Proverbs 19  »  Ecclesiastes


1

Ինքնահաճոյ մարդը իր փափաքը կը փնտռէ, Եւ ամէն գաղափարի 1կ’ընդդիմանայ։

2

Անմիտը չ’ախորժիր հանճարէն, Հապա իր սիրտին մէջ եղածը յայտնելէն։

3

Երբ ամբարիշտը գայ՝ արհամարհանքն ալ կու գայ, Նաեւ նախատինքը՝ անարգանքին հետ։

4

Մարդուն բերանին խօսքերը խորունկ ջուրեր են. Իմաստութեան աղբիւրը 2առատաբուխ վտակ մըն է։

5

Լաւ չէ ամբարիշտին աչառութիւն ընել՝ Դատաստանի մէջ արդարին իրաւունքը ծռելու համար։

6

Անմիտին շրթունքը 3կռիւ կը ծագեցնէ՝՝, Ու անոր բերանը ծեծը կը կանչէ։

7

Անմիտին բերանը իրեն կործանում է, Եւ անոր շրթունքը իր անձին որոգայթ է։

8

Քսու մարդուն խօսքերը անուշեղէնի պէս են. Անոնք մինչեւ փորին 4շտեմարանները կ’իջնեն։

9

Ան որ իր գործին մէջ թոյլ է՝ Կործանողին եղբայրն է։

10

Տէրոջ անունը ամուր աշտարակ է. Արդարը անոր կը վազէ ու պաշտպանուած կ’ըլլայ։

11

Հարուստին ստացուածքը իր ամուր բերդաքաղաքն է. Անոր երեւակայութեան մէջ բարձր պարիսպի պէս է։

12

Փլուզումէն առաջ մարդուն սիրտը կը խրոխտանայ, Բայց փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ։

13

Ո՛վ որ խօսքի մը կը պատասխանէ՝ լսելէ առաջ, Ատիկա յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն։

14

Մարդուն հոգին իր հիւանդութեան նեցուկ կ’ըլլայ, Բայց 5ընկճուած հոգին ո՞վ կրնայ 6մխիթարել։

15

Խելացիին սիրտը գիտութիւն կը ստանայ, Եւ իմաստուններուն ականջը գիտութիւն կը փնտռէ։

16

Մարդուն պարգեւը 7անոր ճամբայ կը բանայ՝՝ Ու զայն մեծերուն առջեւ կ’առաջնորդէ։

17

Ո՛վ որ առաջինը ըլլայ իր դատը ներկայացնելու՝ 8իրաւունք ունեցող՝՝ կը թուի. Բայց երբ իր 9ոսոխը գայ՝ զայն կը 10քննէ։

18

Վիճակը բանավէճերը կը դադրեցնէ Ու հզօրները կը զատէ։

19

11Անիրաւուած եղբայր մը ամուր բերդաքաղաքէն անառիկ է, Եւ անոր բանավէճերը պալատի մը նիգերուն կը նմանին։

20

Մարդուն փորը իր բերանին պտուղէն կը կշտանայ. Իր շրթունքին 12արդիւնքէն կը 13յագենայ։

21

Մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են. Զայն սիրողները անոր պտուղը կ’ուտեն։

22

Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ Եւ Տէրոջմէն բարեհաճութիւն կը ստանայ։

23

Թշուառը աղաչանքով կը խօսի, Իսկ հարուստը խստութեամբ կը պատասխանէ։

24

Շատ ընկեր ունեցող մարդը ձախորդութեան կը հանդիպի, Բայց եղբօրմէն աւելի 14մտերիմ 15բարեկամ կայ։



1 Եբր.՝ դէմ կը բորբոքի
2 Եբր.՝ բխող
3 Եբր.՝ կռիւի մէջ կը մտնէ
4 Եբր.՝ ներքին սենեակները
5 Եբր.՝ զարնուած
6 Եբր.՝ բարձրացնել
7 Եբր.՝ զայն կ’ընդարձակէ
8 Եբր.՝ արդար
9 Եբր.՝ ընկերը
10 Եբր.՝ հետազօտէ
11 Եբր.՝ Իրեն դէմ յանցանք գործուած
12 Եբր.՝ բերքէն
13 Եբր.՝ կշտանայ
14 Եբր.՝ յարող
15 Եբր.՝ սիրելի